Երկուշաբթի, 10 Յունիս 2013 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Եռանձնեայ Աստուծոյ Մէկութեան Մէջ…


Սիրելի՛ ընթերցող, մի՛ զարմանար, եթէ ըսեմ, որ քու տօնդ է այսօր եւ իմ ալ տօնս է, քանի կը կատարենք «Տօն եկեղեցւոյ»: Սրտանց կը շնորհաւորեմ քեզ:
«Եկեղեցի» բառը, որ կու գայ յունարէնէն, լեզուաբանօրէն կը նշանակէ նախ` «հաւաքոյթ ժողովուրդին, այսինքն` հաւատացեալներուն» եւ երկրորդ` «հաւաքատեղի, այսինքն` եկեղեցի»:
Իսկ աստուածաբանական իմաստով` «եկեղեցի»-ն կը կազմեն կնքուած աշխարհականներն ու հոգեւորականները, որոնք անդամուհիները եւ անդամներն են Յիսուս Քրիստոսի Խորհրդական Մարմինին:
Այսպէս, «եկեղեցի»-ն թէ՛ շէնքն է, քարեղէն տաճարը, տունը Տիրոջ, եւ թէ՛ «Աստուծոյ ժողովուրդն» է, հոգեղէն տաճարը, Մարմինը Քրիստոսի:
Քանի կնքուած ես եւ կնքուած եմ, մկրտուած է եւ մկրտուած են, ապա ուրեմն, բոլորս կը կազմենք տեսանելի «եկեղեցի»-ն, որուն ծիսական տօնը, այսօր, տօնն է բոլորիս եւ մեզմէ իւրաքանչիւրիս:
Այս խորհրդագեղ տօնին համար մեր նուիրապետական եկեղեցիին որոշած աւետարանին կտորը (Յվհ. 10,22-30) շատ հետաքրքրական է: Այո՛, Աստուծոյ Խօսքը մի՛շտ հետաքրքրական եւ հետաքրքրաշարժ է, մի՛շտ նորասաց ու նորարար է, որովհետեւ յա՜ր այժմէական է եւ այժմէացնող է:
Երուսաղէմ, Յիսուս Սողոմոն Իմաստունին շինած տաճարին մէջ էր, երբ հրեաներէն ոմանք հաւաքուեցան անոր շուրջը: Կը հասկնամ, որ հետաքրքիր եւ անհամբեր էին. «Մինչեւ ե՞րբ մեր սիրտը պիտի մաշեցնես. եթէ դուն ես Քրիստոսը, ըսէ՛ մեզի յայտնապէս» (Յվհ. 10,24):
Հասկնալովս իսկ, ըսելու եմ, սակայն, որ մարդասէր Աստուած ո՛չ սրտամաշ եւ ո՛չ սպասցնող Հայրն է Իրեն դիմողներուն, այլ ընդհակառակն` մարդն է, որ կը սպասցնէ եւ «կը մաշեցնէ» Աստուծոյ հայրութիւնը…
«Աստուած` Սէր»-ին հայրութեան պատմական ու տեւական ապացոյցն է Յիսուս Քրիստոս, որ խօսքով, գործով ու հրաշքով փաստեց եւ միշտ կը փաստէ իր աստուածային ինքնութիւնն ու մարդկային պատկանելիութիւնը:
Եւ սակայն Զինք հարցաքննողներուն ատենին տուած պատասխանը Յիսուս այսօր ալ կը շպրտէ մեր երեսին. «Ըսի ձեզի, բայց դուք չէք հաւատար: Գործերը, զորս կ՛ընեմ իմ Հօրս անունով, կը վկայեն ինծի, բայց դուք չէք հաւատար, որովհետեւ իմ ոչխարներէս չէք» (Յվհ. 10,25-26):
Հետաքրքրական բանավէճը յանգեցաւ յաւելեալ բարդութեան մը, յատկապէս` արդի մարդերուս համար, երբ Տէրը կ՛ակնկալէ, որ իր քրիստոսական հետեւորդներն ըլլան ու մնան իր «ոչխարներ»-էն:
Կ՛ընդունիմ, թէ երկնամերձ մոլորակներն ոտնակոխող, երկրախոր անդունդները չափչփող եւ համակարգչային հնարքներով խելացնորող մարդուն համար շատ դժուար է, որ ինքզինք տեսնէ կամ նոյնիսկ երեւակայէ «ոչխար»-ի փոխաբերական պատկերին մէջ:
Սակայն նաեւ ընդունելու եմ, որ տրուած փոխաբերութեան մէջ կայ անմեղութիւն, մտերմութիւն, հարազատութիւն, ընտանութիւն: Առաւել, կայ մխիթարանք, երբ կ՛իմանամ, թէ Հովիւը կը հսկէ, կը ճանչնայ եւ կ՛առաջնորդէ մեզ` իր «ոչխարներ»-ը:
Դեռ աւելի՛ն: Հովիւին բացայայտ խոստումը, որ ուղեկորոյս այս ժամանակին մէջ կը պահէ իր այժմէականութիւնը, իրողութիւն է. «Ոչխարներս երբեք պիտի չկորսուին» (Յվհ. 10,28):
Դեռ աւելի՛ն: Ա՛յս Հովիւը ոչ միայն ամէնէն զօրաւոր է իր գործով, այլ նաեւ յանձնառու է իր խօսքին` նկատմամբ իր «ոչխարներ»-ուն. «Զանոնք ոչ մէկը կրնայ յափշտակել իմ ձեռքերէս» (Յվհ. 10,28):
Դեռ աւելի՛ն: Հովիւին հետեւող «ոչխարներ»-ուն կը տրուի ստուգութիւնը. «Ես կու տամ անոնց յաւիտենական կեանքը» (Յվհ. 10,28):
Այս յայտարարութիւններն Ընողին կրնանք վստահիլ, որովհետեւ պարապ եւ սնամէջ խօսքեր չեն, այլ անոնց ճշմարտացիութիւնը իր կեանքով ու մահով փաստեց: Յիսուսի խաչն ու յարութիւնը բաւականէն աւելի պատճառներն են հաւատալու եւ վստահելու անոր յայտարարութիւններուն:
Այս յայտարարութիւններուն եզրափակումն ինքնին զգլխիչ է, աննախընթաց է եւ անկրկնելի է իր նորութեամբ, բայց նաեւ անյետսկոչելի է ու իրագործելի է իր ստուգութեան մէջ. «Հայրս եւ Ես մէկ ենք» (Յվհ. 10,30):
Զգո՛ւշ, աստուածային դասակարգին մէջ ենք արդէն: Յիսուսի «ոչխարներ»-ը կը տրուին Հօրմէն, որ «բոլորէն մեծ է, եւ ոչ ոք կարող է բան մը յափշտակել իմ Հօրս ձեռքէն» (Յվհ. 10,29):
Զգո՛ւշ, աստուածային նոյնութեան մէջ ենք արդէն: Յիսուսի «ոչխարներ»-ը յափշտակել փորձողը յափշտակիչն է Որդիին: Ուստի, Որդին յափշտակողը յափշտակիչն է Հօր, որ սակայն «անկարելիին Տէրն է»` ամենակալ եւ ամենահզօր:
Զգո՛ւշ, աստուածային մէկութեան մէջ ենք արդէն: Յիսուսի «ոչխարներ»-ը` անմեղները, մտերիմները, հարազատները, ընտանիները կը պատկանին երկնային փարախին, ուր կ՛ապրին իբրեւ մէկ մարմին, որուն Գլուխն է Յիսուս, իբրեւ մէկ սիրտ, որուն Տրոփն է Ս. Հոգին, եւ իբրեւ մէկ հօտ, որուն Հայրն է Աստուած:
Ամենասուրբ երրորդութեան այս մէկ ընտանիքին Մայրն է Մարիամ Աստուածածինը, որ Յիսուսի «ոչխարներ»-ուն կը հրահանգէ. «Ըրէ՛ք, ինչ որ ըսէ ձեզի իմ Որդիս» (Յվհ. 2,5):
 
Այնճար, 2 յունիս 2013    
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
                            


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ