Ուրբաթ, 6 Սեպտեմբեր 2013 - Փիեթրօ Փարոլին արքեպիսկոպոսը՝ Ֆրանչիսկոս պապի պետական քարտուղար

Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան  Քահանայապետը՝ 31 Օգոստոս 2013-ին իրեն պետական քարտուղար նշանակեց Փիեթրօ  Փարոլին Արքեպիսկոպոսը, որ 58 տարեկան իտալացի հոգեւորական մըն է։ Ան կը յաջորդէ  Կարդինալ Թարչիզիօ  Պերթոնէին, որ յառաջիկայ Դեկտեմբերին պիտի  թեւակոխէ 79 տարիքը եւ հրաժարականը ներկայացուցած էր արդէն երբ կանոնական տարիքի սահմանը թեւակոխած էր։ Շաբաթ առտու, կարդինալ Պերթոնէին շնորհած ունկնդրութեան ընթացքին, Պապը ընդունեց անոր հրաժարականը։

Նորանշանակ պետական քարտուղարը, որ 2009-էն ի վեր Վենեզուելլայի մէջ պապական նուիրակի պաշտօնը կը վարէր, քաջածանօթ է Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղարութեան  վարչամեքենային։
Փիեթրօ Փարոլին արքեպիսկոպոսը, որ ծնած է 1955-ին, քահանայ ձեռնադրուած է 1980-ին։ Ան կանոնական օրէնքի մասնագէտ է  եւ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութեան կը ծառայէ 1986-էն ի վեր։  Իբրեւ պապական նուիրակ ան պաշտօնավարած է Նիկերիոյ եւ Մեքսիկայի մէջ։ 2002-2009 ան եղած է Սուրբ Աթոռի պետութեանց հետ յարաբերութիւններու (արտաքին գործոց նախարարութիւն) փոխ պետական քարտուղար։ Այս հանգամանքով բազմաթիւ առաքելութիւններ կատարած է  տարբեր երկիրներու մէջ։

Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար նշանակումին լուրը իմանալէ ետք, Փիեթրօ Փարոլին արքեպիսկոպոսը Գարագասի մէջ հրապակեց յայտարարութիւն մը, ուր շնորհակալութիւն կը յայտնէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, որ զինք եպիսկոպոս   ձեռնադրած է 12 Սեպտեմբեր 2009-ին։

Փարոլին արքեպիսկոպոսը   ամէնէն երիտասարդ պետական քարտուղարն է Էօճենիօ Փաչելլիէն ի վեր, որ ապագայ Պիոս ԺԲ.ը եղաւ 1930-ին։ Անոր նշանակումը  կը կատարուի  Սուրբ Աթոռին վարչակազմը  երիտասարդացնելու Պապին ծրագրի  շրջագիծէն  ներս։
 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ