Զմմառ
Կիրակի, 29 մայիս 2011-ին, տեղի ունեցաւ Զմմառու Աստուածածնայ Ուխտի օրը, մասնակցութեամբ հարիւրաւոր հայորդիներու, որոնք իրենց յարգանքի եւ սիրոյ տուրքը մատուցանեցին հրաշագործ ցաւագին Զմմառու Տիրամօր։
Առաւօտեան ժամը 10-ին, Աստուածամօր արձանի թափօրը ուղղուեցաւ վանքին արտաքին հրապարակէն դէպի մեծ բակը, ուր տեղի ունեցաւ հայրապետական սուրբ Պատարագը։ Թափօրին՝ աղօթքներով ու Աստուածածնայ տաղեր երգելով հետեւեցան հաւատացեալները, միութենականներն ու եկեղեցական զանազան կազմակերպութիւնները։
Ժամը 10.30-ին, հայրապետական սուրբ Պատարագը մատոյց Զմմառու վանքի մեծաւոր եւ Արծիւեան պատրիարքական միաբանութեան ընդհանուր փոխանորդ գերպծ. Միքայէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, առընթերակայութեամբ հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեանի եւ հայր Փարսեղ վրդ. Պաղտասարեանի, մասնակցութեամբ լիբանանաբնակ հայրերուն եւ քահանաներուն։ Օրուայ պատգամին մէջ, գերապայծառ տէրը շեշտեց Աստուածամօր բարեխօսութեան վրայ, որ կը միջնորդէ հաւատացեալներուն համար, իր միածին որդիին մօտ եւ նոյն ժամանակ խնդրելով ամէն անհատէ, որ կատարէ այն ինչ որ Յիսուս կը պահանջէ հաւատացեալներէն։
|
Պատարագի աւարտին, Զմմառու միաբանութեան ընդհանուր քարտուղար հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան, վանքի վարչական հայրերուն անունով բարի գալուստ մաղթեց հաւատացեալներուն եւ շնորհաւորեց Մայիս 28-ի Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկախութեան տօնը, հայցելով առ Աստուած, որ մեր հայրենիքը՝ Հայաստան մնայ միշտ ազատ, անկախ եւ հզօր պետութիւն։ Ապա ան յայտարարեց, որ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը ընտրած են Զմմառու վանքի մեծաւոր գերպծ. Միքայէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանը որպէս առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմին եւ սրբազան քահանայապետը մայիս 21-ին հաստատած է այս անուանումը։ Ան Զմմառու վարչութեան անունով շնորհաւորեց նորընտիր եպիսկոպոսը, խնդրելով հաւատացեալներէն որ աղօթեն անոր առաքելութեան յաջողութեան համար։ Հայր Նարեկ աւելցուց, որ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անուանած է հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեանը որպէս առժամեայ տեղապահ մեծաւոր Զմմառու վանքին։
Այս առիթով, նորընտիր Մուրատեան առաջնորդը եւ վարչական հայերը, վանքին դահլիճին մէջ ընդունեցան հաւատացեալ ժողովուրդին շնորհաւորութիւնները։ Հետեւաբար տեղի ունեցաւ դպրեվանքի սեղանատան մէջ եղբայրական ակաբը, մասնակցութեամբ լիբանանաբնակ հայրերուն, քահանաներուն եւ վանքի բարեկամներուն։ Գերապայծառ Մուրատեան, Զմմառու Տիրամօր սրբապատկերը նուէրով մը պարգեւատրեց վանքի բարերար արուէստագէտ պրն. Գրիգոր Նորիկեանը, որ նորոգած ու նուիրած էր Զմմառու 13 թանկարժէք իւղանկարները։
Այս ընթացքին, հայ կաթողիկէ երիտասարդական միութիւններն ու շարժումները հաւաքուեցան վանքին բանակավայրին մէջ, ուր ճաշեցին եւ մասնակցեցան երիտասարդական յանձնախումբին պատրաստած կոկիկ յայտագրին ի պատրաստութիւն Երիտասարդներու Համաշխարհային Օրուան, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Օգոստոսին, Մատրիտի մէջ։ Երիտասարդները նախ դիտեցին երկու վաւերագրական տեսաերիզներ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի եւ Երիտասարդներու Համաշխարհային Օրուան լիբանանեան մասնակցութեան մասին, ապա այս բացառիկ եղելութեան մասին վկայեցին գերպծ. Միքայէլ թծվ Մուրատեան եւ հայր Վարդան վրդ Գազանճեան:
Այնուհետեւ, կէսօրէ ետք ժամը 3.30-ին, Զմմառու Ուխտի օրը աւարտեցաւ սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքով։