Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2014-ի Քառասնորդացի պատգամը, որուն խորագիրը ներշնչուած է Պօղոս առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղած երկրորդ թուղթէն՝ «Ան աղքատացաւ որպէսզի հարստանանք անոր աղքատութեամբ» (Բ. Կորն. 8, 9), լոյս կը տեսնէ եօթը լեզուներով (ֆրանսերէն, իտալերէն, անգլերէն, գերմաներէն, սպաներէն, փորթուգալերէն եւ լեհերէն):
Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ նախ կը վերահաստատէ ծոմապահութեան աւանդական նպատակը՝ ծառայել չքաւորներուն: Ապա լայնօրէն կ'անդրադառնայ աշխարհի տարածքին գոյութիւն ունեցող խեղճութեան երեք ձեւերուն՝ նիւթական, բարոյական եւ հոգեւոր, մատնանշելով անոնց հիմնական պատճառներն ու ծանր հետեւանքները: Վերջապէս ան կ'ընդգծէ Աւետարանին կարեւորութիւնը մեղքէն դուրս գալու համար, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ առանցքային դերը աղքատներուն ու կարօտեալներուն նեցուկ կանգնելու ուղղութեամբ:
Նշենք, որ քառասնորդաց շրջանը կը սկսի երկուշաբթի, 3 մարտին (չորեքշաբթի 5 մարտին լատիններուն մօտ) եւ կ'աւարտի Յարութեան տօնին՝ կիրակի, 20 ապրիլին: