Հռոմ
Կիրակի, 22 ապրիլ 2012, առաւօտեան ժամը 11-ին, Հռոմի հայ կաթողիկէ «Սուրբ Նիկողայոս» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կապայի օրհնութիւն, ինչպէս նաեւ պաշտօնական մուտքի արարողութիւն՝ եղբ Մանուէլ Սաատոյի, որ գալով իր հօր»նական տունէն՝ մաս կազմեց Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի ընտանիքին: Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ նախքան սուրբ եւ անմահ պատարագի մատուցումը, ներկայութեամբ հայ եւ իտալացի հաւատացեալներու, ինչպէս նաեւ նորընծաներու ու վարժարանիս փոխ տեսուչ՝ հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահի:
Արարողութիւնը սկիզբ առաւ, երբ թեկնածուն իր նախկին տեսուչին՝ հայր Պերճ վրդ. Սապէի հետ ներկայացաւ ներկայ տեսուչ վարդապետին՝ հայր Գէորգ ծ. վրդ. Նորատունկեանին, որպէսզի օրհնուին իր կապան ու շապիկը եւ ստանայ տան հօր օրհնութիւնը։ Տեսուչ վարդապետը կարճ աղօթքէ մը ետք, ինչպէս նաեւ ջուրով ու խունկով օրհնելէ ետք ներկայացուած զգեստները, թեկնածուին յանձնեց երեք գիրքեր, որոնք կը բովանդակեն քահանայական կոչման գաշտնիքները: Առաջին գիրքը Աստուածաշունչն էր՝ որմով մարդս կարող է իր ապագայի ճամբաները կերտել, պատրաստել ու պատրաստուիլ համաձայն Աստուածային կամքին ու պատուիրանին: Երկրորդը՝ շարակնոցն էր, այսինքն մեր բոլոր մեծ ու սուրբ եկեղեցւոյ հայրերու շունչն ու ներշնչումները ամփոփող գիրքը, որմով մարդս կրնայ ապրիլ Աստուածային ներկայութիւնը եկեղեցական բոլոր արարողութիւններու ընդմէջէն: Իսկ երրորդը՝ ծիսական բառարանն էր որ նորընծայի մը համար պէտք է ըլլայ ապահով զէնքերէն մին եւ ուղեցոյցը եկեղեցիէն ներս։ Արարողութեան աւարտին, մեծաւոր հայրը շնորհաւորելէ ետք նորընծան, իրեն մաղթեց լաւագոյնս իր կոչումին մէջ, ինչպէս նաեւ հաստատուն քայլեր իր այս սուրբ ճամբուն վրայ: Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Պատարագի ,խորհուրդ խորինե շարականով: