Յունաստան
24 մայիս 2015-ին Յունաստանի հայ կաթողիկէ առաջնորդութիւնը պաշտօնապէս ունեցաւ նոր առաջնորդ՝ յանձին գերապայծառ Յովսէփ թ.ծ.վ. Պեզեզեանի: Ան փոխարինեց հայր Նշան արքեպիսկոպոս Գարաքեհեանին: Թագադրութեան եւ գահակալութեան արարողութիւնը՝ տեղի ունեցաւ ձեռամբ արհիապատիւ հայր Նշան արքեպիսկոպոս Գարաքեհեանի: Արարողութեան մասնակցեցան Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուցիչ արհիապատիւ Տէր Օգոստինոս եպիսկոպոս Գուսան, պապական նուիրակը, յոյն, լատին եւ մարոնի կաթողիկէ առաջնորդներ եւ այլ հոգեւորականներ, Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը եւ պետական անձնաւորութիւններ:
Գերապայծառ տէր Յովսէփ թ.ծ.վ. Պեզեզեանը այդ պաշտօնին նշանակուեցաւ 21 մարտ 2015-ին՝ Սրբազան Քահանայապետին որոշումով, արհիապատիւ հայր Նշան արքեպիսկոպոս Գարաքեհեանի հրաժարականն ընդունելէն յետոյ: Պեզեզեան Գերապայծառ Հալէպի «Սուրբ Երրորդութիւն» եկեղեցւոյ նախկին ժողովրդապետը եղած է իր այս նոր պաշտօնին չկանչուած: