Հինգշաբթի, 26 Մայիս 2011 - Ընտանիքի եօթներորդ hամաշխարհային Օրը՝ 2012-ին, Միլանոյի մէջ


Վատիկան

«Ընտանիքը, աշխատանքը եւ տօներ» այս է տիտղոսը Ընտանիքի համաշխարհային օրուայ առթիւ հրատարակուած նախապատրաստական վաւերաթուղթին, որուն ներկայացումը տեղի ունեցաւ 24 մայիսին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ։
Իր զրոյցին մէջ, Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ կարդինալ Էննիօ Անթոնէլլի, ներկայացուց Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդի աշխատանքը, յայտարարելով նոր կայքէջի մը ստեղծումը www.familia.va (ֆրանսերէնով՝ www.famille.va կամ անգլերէնով՝ www.family.va ինչպէս նաեւ սպաներէնով)։
Կարդինալ Անթոնելլի ապա նշեց Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդի 30-րդ տարեդարձը, որ կը նշուի այս տարի։ 13 մայիս 1981-ին՝ նոյն օրը Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի մահափորձին, սուրբ Աթոռը կը հռչակէր ստեղծումը ընտանիքի նուիրուած երկու կարեւոր հաստատութիւններու՝ «Ընտանիքի քահանայապետական Խորհուրդը եւ ամուսնութեան ու ընտանիքի ուսմանց ՅՊԲ.-ի անուամբ հաստատութիւնը»։ Խորհուրդը, ըսաւ կարդինալը, իր 30-ամեակը պիտի տօնախմբէ յառաջիկայ 22 նոյեմբերին, 1981-ին Familiaris Consortio ընտանիքի նուիրուած քահանայապետական հովուական թուղթին հրատարակումին օրը։ Քահանայապետական Ընտանիքի Խորհուրդին պարտականութիւնն է պահպանել ու պաշտպանել ընտանիքի արժէքները, ըլլայ եկեղեցական հասարակութեան ներքեւ, ըլլայ քաղաքացիական ընկերութեան մէջ։
Խորհուրդը կազմուած է 25 կարդինալներէ եւ եպիսկոպոսներէ, որոնք նախագահական գրասենեակի մաս կը կազմեն, որոնք իրենց կարգին կազմուած են 20 պսակուած զոյգերէ ու 40 մասնագէտներէ։ Խորհուրդը իր ընդհանուր ժողովը կը գումարէ երկու տարին անգամ մը։
Ապա կարդինալ Անթոնելլին անդրադարձաւ յառաջիկայ 2012-ի մայիս 30-էն մինչեւ յունիս 3-ը՝ Միլանոյի մէջ նախատեսուած Ընտանիքի եօթներորդ համաշխարհային օրուան, եւ այդ առիթով կազմակերպուած յայտագիրին, ինչպէս նաեւ Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետի մասնակցութեան սոյն համաշխարհային օրուան։ Այս ուղղութեամբ է որ - յայտարարեց կարդինալ Անթոնելլին - Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդը եւ Միլանոյի արքեպիսկոպոսութիւնը հրատարակեցին վաւերաթուղթը, որուն առաջին օրինակը յանձնուեցաւ սրբազան հօր 13 մայիսի ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին։
«Ընտանիքը, աշխատանքը եւ տօներ» վաւերաթուղթը կը պարփակէ 10 վարդապետութիւններ, հրատարակուած է եօթը լեզուներով եւ պիտի ծառայէ պատրաստուելու Ընտանիքի եօթներորդ համաշխարհային օրուայ կարեւոր հանդիպումին։ Հանդիպում մը, որ պէտք չէ մնայ կղզիացած - յանձնարարած էր Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը - այլ պէտք է նախապատրաստական ընթացք մը ունենայ, ըլլայ եկեղեցական ըլլայ մշակութային գետնի վրայ։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ