Հինգշաբթի, 28 Յունիս 2007 - «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի 27րդ Հատորին Լոյս Ընծայման Առիթով Հանդիպում

Պէյրութ, Լիբանան
 

 
Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի տնօրէնութեան, Հայագիտական Ամպիոնի եւ «Հայկազեան Հայագիտական հանդէս»ի խմբագրութեան, Երեքշաբթի` 26 Յունիս 2007ին, երեկոյեան ժամը 6:00ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկազեան Հայագիտական հանդէս»ի 27րդ հատորին լոյս ընծայման առիթով հանդիպում մը՝ ներկայութեամբ հոգեւորականներու, դասախօսներու, միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հայորդիներու:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Արշալոյս Թօփալեան, որ ըսաւ, թէ հատորին աշխատակցած են 12 հայրենի եւ 8 սփիւռքահայ ուսումնասիրողներ եւ հեղինակներ:

Ապա խօսք առաւ «Հայկազեան Հայագիտական հանդէս»ի պատասխանատու խմբագիր Հայր Անդրանիկ վրդ. Կռանեան, որ նախ եւ առաջ նշեց, թէ Լիբանանի անապահով օրերուն եւ տագնապալից պայմաններու մէջ նմանօրինակ հատորի մը հրատարակումն ու նմանօրինակ ձեռնարկի մը կազմակերպումը արդէն մեծ իրագործում է:

Հայր Կռանեան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր հատորի հրատարակութիւնը Լիբանանը պահ մը կը դարձնէ Հայագիտական կեդրոնի մը. ան աւելցուց, որ եթէ հատորի հրատարակութիւնը, հայ դպրոցին ու հայ լեզուին պահպանումը ներկայիս անհեթեթութիւն կը նկատուի, ապա հայ մնալու համար նախընտրելի է նոյնիսկ անհեթեթ մնալ:

Հանդիսութեան աւարտին նաեւ խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, որ հաստատեց, թէ Հայկազեան համալսարանը իր կարողութիւններուն սահմաններուն մէջ լիբանանահայութեան աշխատանքներուն մէջ կը բերէ իր համեստ բաժինը:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ