Ուրբաթ, 21 Փետրուար 2014 - Լիբանանահայ կառոյցներու ներկայացուցիչներու հանդիպում` 100 ամեակի օրակարգով

Պէյրութ

Հինգշաբթի, 20 փետրուար 2014-ի երեկոյեան, Լիբանանի հայ առաքելական առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զեկուցական նիստ-հանդիպում մը` Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին հրաւէրով:

Նիստին մասնակցեցան Լիբանանի մէջ գործող յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերը,  կուսակցութիւններու եւ միութիւններու պատասխանատուները, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ կրթական, մշակութային, սկաուտական, ուսանողական, երիտասարդական եւ հայրենակցական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ մամլոյ եւ հայկական լրատուամիջոցներու  ներկայացուցիչները: Այս հանդիպումին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ներկայացուց գերյ. հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեան: Նշենք նաեւ որ 100 ամեակի կեդրոնական մարմնին մաս կը կազմէ պրն. Ռաֆայէլ Ումուտեան, որ նոյնպէս մասնակցեցաւ այս հանդիպումին:

Լիբանանի տարածքին գործող մեր բոլոր կառոյցներու ներկայացուցիչները լսեցին մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեանի զեկուցումը 2014-2015 ժամանակահատուածին Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով տարբեր բնոյթի աշխատանքներուն մասին: Սեդա Խտըշեան յստակացուց, որ ծրագիրի այս նախագիծը տակաւին որոշ բիւրեղացումի կը կարօտի եւ նախագիծին ուղղութեամբ այն կազմակերպութիւնները, որոնք առաջարկներ ունին, կրնան յղել մարմինին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ