Երեքշաբթի, 4 Մարտ 2014 - «CNEWA»ի նոր շրջանային տնօրէն
Պէյրութ

Շաբաթ, 1 մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մասնակցեցաւ «CNEWA»ի ընթրիքին Հարիսայի Պեթանիա կեդրոնատեղին մէջ: «CNEWA»ի Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի շրջանային նախկին տնօրէն՝ Իսամ Պշարա յանձնեց պաշտօնը նոր տնօրէն՝ Միշէլ Քոսթանթինին ի ներկայութեան «CNEWA»ի ընդհանուր նախագահ մոնսինիոր Ճոն Քոզարի, որ ժամանած էր Նիւ Եորքէն: Ընթրիքին ներկայ էին Լիբանանի մօտ առաքելական նուիրակ՝ մոնսինիոր Կապրիէլէ Քաչչա, յոյն կաթողիկէ Լահհամ պատրիարքը, մարոնի Րաիի պատրիարքի ներկայացուցիչ՝ Մազլում եպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ Սուրիայէն հիւրեր: 

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընթրիքի պահուն խօսք առնելով յաջողութիւն մաղթեց նոր շրջանային տնօրէնին եւ ըսաւ. «Քրիստոնեան թթխմոր, լոյսն ու աղն է Միջին Արեւելքի մէջ: Հաւատքը աւելի զօրաւոր է քան աշխարհի բոլոր նիւթական ուժերը»: Ան համագործակցութեան հրաւէր մը ուղղեց նոր շրջանային տնօրէնին եւ եզրափակեց ըսելով թէ բոլորս Քրիստոսի ընտանիքին կը պատկանինք եւ անոր կը վկայենք:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ