Հռոմ, Իտալիա
Երկուշաբթի, 1 Մարտ 2010-ին, Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի դեսպան՝ պրն. Ռուբէն Կարապետեանին հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են դեսպանութեան ու իտալահայ համայնքին, Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան, եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացքին վերաբերող հարցեր:
Պրն. Կարապետեան դեսպանութեան պատրաստակամութիւնը յայտնած է իտալահայութիւնը համախմբելու պետական եւ ազգային առաջնահերթ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ, կարեւոր նկատելով Իտալիոյ մէջ գտնուող փոքրաթիւ հայ համայնքի միացեալ աշխատանքը եւ անոր դերակատարութիւնը:
Հոգեւոր Տէրը դեսպանին աջակցութիւն յայտնած է դեսպանութեան ծրագիրներու իրականացման եւ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան առջեւ դրուած խնդիրներու իրականացման գործին մէջ: