Լիբանան
Ուրբաթ 8 Օգոստոս 2008ին, հայր Յովսէփ Ծ.Վ. Քէլէկեան հանդիպում մը ունեցաւ կայքէջի տնօրէնութեան հետ, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն ներս:
Հայր Յովսէփ 1973-էն 1978 թուականներուն եղած է ժողովրդապետ ԱշրաՖիէի Ս.Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ, իսկ 1978-էն 1990 եղած է Զմմառու փոքր ընծայարան, որմէ ետք մինչեւ 2007 եղած է ժողովրդապետ Փարիզի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ, իսկ ներկայիս ան Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի մեծաւորն է եւ ընդհանուր գործակատարը Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան Վատիկանի մօտ եւ Իտալիոյ համար, ինչպէս նաեւ վերատեսուչն է Ս. Նիկողայոս եւ Ս. Վլաս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներուն: Հայր Քէլէկեան Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնի ծիսական հարցերու բաժնի պատասխանատուն է նաեւ:
Հայր Յովսէփի պարզեց թէ Լեւոնեան վարժարանի աշակերտները 2008-ի ամառնային արձակուրդէն մէկ ամիս պիտի անցնեն իրենց ընտանիքներուն կողքին, մէկ ամիս ալ իրենց ժողովրդապետութիւններու մօտ հովուական փորձառութիւն ձեռք ձգելու համար: Այս առիթէն օգտուելով, ան Պէյրութի մէջ այցելութիւններ պիտի կատարէ իր աշակերտներու ընտանիքներուն, աւելի մօտէն սերտելու եւ ծանօթանալու իւրաքանչիւրին միջավայրը: Անոր կ՛ընկերակցի փոխ մեծաւոր հայր Թովմաս վրդ.Կարապետեանը:
Հայ կաթողիկէ եկեղեցական եւ հոգեւոր մարզին մէջ, Լեւոնեան վարժարանը կազմաւորման ամենակարեւոր կեդրոնը կը համարուի, ինչ որ հպարտանքի առիթ է եւ միեւնոյն ժամանակ մեծ պատասխանատուութիւն կը դնէ մեր բոլորին ուսերուն, միշտ ջանալով պահել անոր ազգային նկարագիրը:
Հայր Քէլէկեան իր դաստիրակչական փորձառութեան մէջ մեծ կարեւորութիւն կու տայ ընկերային հաղորդամիջոցներուն, որոնց կենսականութիւնը կարելի չէ անտեսել, շեշտելով թէ երիտասարդ կղերականները շատ մեծ ճկունութեամբ պէտք է օգտագործեն այս միջոցները ի սպաս իրենց առաքելութեան, որ պէտք է պահէ իր այժմէական նկարագիրը ըլլալու համար բեղուն եւ արդիւնաւէտ:
Անդրադառնալով երիտասարդ սերունդի կազմաւորման շուրջ, Հայր Յովսէփ նշեց յատկութիւնները եւ դժուարութիւնները այս կարեւոր հանգրուանին, առաջնահերթ դարձնելով նոր սերունդին մարդկային փորձառութենէն օգտուելու դրական արժէքը: Ան աւելցուց թէ երիտասարդը իր կազմաւորման շրջանին պէտք է ճանչնայ իր առաւելութիւնները եւ արժեւորէ զանոնք, ինչպէս նաեւ պէտք է տեղեակ ըլլայ իր թերութիւններու մասին եւ խոնարհաբար ընդունի զանոնք:
Հանդիպման աւարտին հայր Յովսէփ կայքէջիս մաղթեց յաջողութիւն եւ յառաջդիմութիւն: