Երեքշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2009 - Թալինի մանկական երգահանդէսները
Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով եւ հրաւէրով Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան, անցած շաբաթավերջին, Շաբաթ՝ 28 եւ Կիրակի՝ 29 Նոյեմբեր 2009-ին լիբանանահայ մանուկ եւ չափահաս հանդիսատեսին առջեւ, Պուրճ Համուտի □Յակոբ Տէր Մելքոնեան□ թատերասրահին մէջ, երեք համերգներով հանդէս եկաւ ամերիկահայ մանկական երգերու սիրուած մեկնաբան Թալին, որուն կ՛ընկերանային «Ուրախ Տարեդարձ» խումբի անդամները։ Բազմաթիւ հանդիսատեսներ՝ մանուկներ եւ անոնց հարազատները եկած էին տեսնելու Թալինը եւ ունկնդրելու
անոր կենդանի կատարումները։ Թալին գերեց լիբանանահայ մանուկը, որ արդէն ծանօթ էր այս անուան, ինչպէս նաեւ քաջատեղեակ էր անոր երգացանկին մաս կազմող բոլոր այն երգերուն, որոնք Թալին կատարեց հոյակապօրէն։ Մանուկներուն խանդավառութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին՝ կաղանդ պապային մուտքով։ Մօտաւորապէս մէկ ու կէս ժամ տեւած համերգներու աւարտին, Թալին մեծ սիրով կը մակագրէր իր T-Shirt-ներուն վրայ, որ կը վաճառուէին սրահի մուտքին, եւ զանոնք ունեցող փոքրիկներուն հետ յիշատակի համար կը լուսանկարուէր։
|