Sermons Sermons
Չորեքշաբթի, 22 Փետրուար 2006 - Ս. Վարդանանցի առիթով Հայրապետական Պատգամ

Յոյժ Սիրելի Վարդանանց Խորհուրդի Հոգեղբայրներ եւ Հոգեքոյրեր,

Ամէն տարի, այս օրերուն, կը տօնակատարենք Սրբոց Վարդանանց Խորհուրդը եւ կ’ոգեկոչենք անոնց քաջագործութիւնը եւ նահատակութիւնը, որպէսզի մեր ամէնէն սիրելի եւ մեծ հերոսներու յիշատակը միշտ վառ պահենք մեր սերունդին մէջ: Ուրիշ ազգեր չունին մեզի պէս յիշատակելի անձնաւորութիւններ Վարդանանց նման, որ զանոնք յիշեն թէ եկեղեցական եւ թէ ընկերային ու մշակութային մակարդակներով: Մենք այդ կ’ընենք, անընդհատ կերպով, 16 դարէ ի վեր, ամէն տեղ ուր հայ գաղութ մը կամ ափ մը հայեր կան աշխարհի վրայ:
Եթէ օտար մը ձեզի հարցնէ. Ինչ՞ու համար այսքան մեծ պատիւ եւ յարգանք կ’ընծայէք Վարդանին ու անոր 1036 ընկերներուն:  Անոնք յատուկ ին՞չ ըրին ձեզի, որ զիրենք այսքան մեծարէք եւ անոնց անունները յաւերժացնէք՝ զանոնք տալով ձեր զաւակներուն: Գրեթէ ամէն ընտանիքին մէջ կայ Վարդան մը կամ Վանան, Խորէն մը կամ Հմայեակ եւ կամ Գարեգին մը:
Սիրելիներս, քաջ գիտցէք որ Վարդանանք հիմնական գործ մը կատարեցին մեր ազգին կերտումին համար: Անոնք իրենց նահատակութեամբը յաւերժ հաստատեցին եւ քանդակեցին Քրիստոսի հաւատքը Հայ ժողովուրդի սրտին մէջ, ճիշդ ինչպէս Մեսրոպ Մաշտոց, Սուրբ Գիրքը թարգմանելով հայերէն լեզուի, զայն հայ ժողովուրդին  մատչելի դարձուց, պիտի ըսէի՝ հայացուց Լուսաւորչի քարոզած հաւատքը, եւ անվերադարձ կերպով ուղղեց հայազգին սիրտն ու միտքը դէպի ճշմարիտ կրօնքը: Եւ ինչպէս մեսրոպեան հայատառ գիրերը, մեզ հարստացուցին անզուգական գանձով մը՝ Աստուածաշունչով եւ առաջին դարերու Սուրբ Հայրերու մատենագրութեամբ, նոյնպէս Վարդանանց նահատակները, 451 թուականին, անվերադարձ հանգրուան մը արձանագրեցին Հայոց պատմութեան մէջ: Թշնամին հասկցաւ թէ հայ ըլլալը եւ քրիստոնեայ ըլլալը համազօր արժէքներ են: Բռնի ուժը չկրցաւ խլել հայու սրտէն իր կրօնական խորաթափանց համոզումները:
Եթէ Մաշտոցը չհնարէր այբուբէնը, չթարգմանէր Սուրբ Գիրքը ու զայն չյանձնէր հայ ժողովուրդին ձեռքը, կասկած կայ որ, նման ուրիշ ազգերու, հայ ազգն ալ հալածանքներուն բերումով կրօնափոխ ըլլար դարերու ընթացքին: Ս. Վարդան եւ ընկերները նուազ գործ չըրին, սակայն ոչ մտաւոր աշխատանքով այլ իրենց կեանքի զոհաբերումով: Եթէ անոնք եղած չըլլային, մի գուցէ Ս. Գրիգորի քարոզած հաւատքը պիտի չդիմանար պարսից ծանր ճնշումներու լուծին տակ:
Աւարայրի ճակատամարտէն սկսեալ, քրիստոնեայ նոր մշակոյթ մը ծնունդ առաւ հայ ժողովուրդին մօտ, ու սկսաւ թափանցել բոլոր գիտելիքներու խաւերէն ներս, այն
աստիճան որ չէք կրնար գտնել Հայաստան որեւէ հնութիւն մը, քանդկագործութիւն մը,  որեւէ գրութիւն մը կամ մանրանկարչութիւն մը, որ չունենայ քրիստոնեայ
դրոշմը: Այս հոյակապ ժառանգութիւնը մեզի ձգեցին Վարդանանք նահատակները:
 Ոմն ըսաւ եւ իրաւամբ՝ թէ ամէն հայ քրիստոնեայ է: Եւ եթէ պատահելու ըլլայ որ
հայ մը Քրիստոսը ուրանայ, Աստուած մի՛ արասցէ,  այդ անձը այլեւս հայ չենք նկատեր: Արդէն հինգերորդ դարուն պատմիչը՝ Եղիշէն  նմանցուց հայուն հաւատքը իր մորթի գոյնին: Եւ ինչպէս որ չէք կրնար մարդուն գոյնը բաժնել անոր մորթէն, նոյնպէս կարելի չէ Քրիստոսի հաւատքը բաժնել հայու սրտէն: 1915ի մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները եկան անգամ մը եւս փաստելու համայն  աշխարհին, թէ հայը կեանքը կը զոհէ, բայց իր հաւատքը չի զոհեր:
 Ազգ մը որ գիտէ յարգել իր նահատակները, այդ ազգը չի մեռնիր, չանհետանար նման կարգ մը ազգերու, որոնց անունները ծանօթ են մեզի միայն պատմութեան գիրքերէն: Ոչ միայն, այլ Աստուծոյ արքայութեանը մէջ ալ, մեր բիւրաւոր մարտիրոսները, մեր Սուրբ Հայրապետները ու մեր բարեպաշտ ժողովուրդը Յիսուս Քրիստոսի փառքին եւ յաւիտենականութեան արժանացան, քանի ամէն բան աստուածային դպրութեան գիրքին մէջ կ’արձանագրուի: Ահա՛, սիրելիներս, Վարդանանց Խորհուրդը այսպիսի անոյշ ներշնչումներով մեզ կ’առինքնէ ու կ’ոգեւորէ այս երեկոյ:
 Բայց ու՞ր ենք մենք այսօր Վարդան Մամիկոնեանի քաջութենէն եւ Իգնատիոս Մալոյեանի հաւատքէն: Ու՞ր ենք: Արդ՞եօք յաղթեցինք մեզ սպառնացող Յազկերտներուն եւ Ապտիւլ Համիտներուն: Արդ՞եօք մեր նուիրական սկզբունքները պահեցինք ու անոնց կառչած մնացինք,  թէ մեզ շրջապատող սխալ գաղափարներուն զոհ գացինք: Ծարաւը  աթոռի, պատիւի, դրամի, մարդոց գնահատանքի մեզմէ խլեցին արդե՞օք կամաց կամաց ու կաթիլ կաթիլ արեան գինով շահած եւ մեզի հասած Աւետարանի փրկարար պատգամը: Արդ՞եօք աղօթքը, եղբայրսիրութիւնը, խոնարհութիւնը եւ ընդիմութիւնը սուտի եւ սխալի դէմ մեր գլխաւոր մտահոգութիւնները կը կազմեն: Մի՛ կարծէք թէ միայն պարսիկը  կամ տաճիկը կրնան մեր հաւատքը յեղափոխել, այլ այսօրուայ նոր Յազկերտները եւ Երիտասարդ թուրքերը, գայլի նման ոչխարի զգեստով ծպտուած, կրնան խլել մեզմէ մեր ընտանեկան սրբութիւնները՝ ամուսնութեան հաւատարմութիւնը, պարկեշտութիւնը ու ճշմարտախօսութիւնը: Յազկերտը եւ Երիտասարդ թուրքը Սատանայի խորհրդանիշներն են: Անոնք անցան, բայց Սատանան միշտ կայ ու չի քնանար երբեք, այլ առիթ կը փնտռէ մեզ հեռացնելու այն հաւատքի լոյսէն, որ առաջնորդեց թէ Վարդանանքը եւ թէ 1915ի նահատակները դէպի փառապանծ յաղթանակ: «Արթուն կեցէք, կ’ըսէ Ս. Պետրոս, եւ հսկեցէք, վասն զի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը շրջի ու կը փնտռէ թէ ով կլլէ»
(Ա. Պետր. 5,8): Ըսել է թէ վտանգը միշտ կայ, եւ դժբախտաբար քիչ չեն անոնք որոնք կը խաբուին մատնիչ Վասակի եւ անոր նմաններուն պէս: Դուք՝ զգոյշ եղէք, արթուն մնացէք նման Վարդանանց եւ մեր բիւրաւոր նահատակներուն, որպէսզի անոնց հարազատ զաւակները ըլլաք ձեր կենսաղավարութեամբ եւ ոչ միայն խօսքով:
 Թող քսանմէկերորդ դարը ըլլայ հայութեան համար՝ Մայր Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք ու համայն սփիւռքին եւ ի մասնաւորի Լիբանանահայութեան համար, բարեխօսութեամբ Ս. Վարդանի եւ անոր ընկերներուն,  բայց նաեւ ձեզմէ ամէն մէկուն
համոզումով եւ ջանքերով, ըլլայ իրապէս նոր հանգրուան մը յոյսի, լոյսի եւ հաւատքի:      


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ