Երեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2014 - Նահատակութիւնը՝ սպասելու արուեստն է կը գրէ «Աւետիք»ի խմբագրականը

 

 

Պէյրութ 

ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

1- ՍՊԱՍԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

 

«Քանի դեռ Աստուած

ապագայի վարագոյրը փակ կը պահէ մարդոց համար,

մարդկային ամբողջ իմաստութիւնը

պարփակուած է երկու բառերու մէջ՝ սպասել եւ յուսալ»:

Աղեքսանդր Տիւմա

 

Սպասումը քրիստոնեայի կեանքին էական ամենակարեւոր ապրումներէն է: Սպասողական վիճակը մկրտութեան հետեւանքն է: Մկրտութեամբ մարդը կը դառնայ սպասող: Խորհրդաբար կը վերապրի ջուրէն՝ սպասելու համար Քրիստոսի երկրորդ գալստեան:

Ան կը սպասէ Աստուծոյ սեղանին մասնակցութեան. կը սպասէ յաւիտենական երջանկութեան:

Սպասողական վիճակը ինքնին արուեստ է, որ կը կարօտի լաւապէս իւրացման, այլապէս քրիստոնեայ մարդը կեանքի յորձանուտին մէջ կրնայ նոյնիսկ մոռնալ Քրիստոսը սպասելու գեղեցկութիւնը, կորսնցնելով յոյսը վաղուան օրուան, որ Աստուծմէ շնորհք մըն է:

Սպասումը խոստովանութիւն մըն է վաղուան գալիք բարիքին:

 

Սակայն ինչպէ՞ս սպասել:

Հիմնականօրէն յաւերժութեան հանդէպ հաւատքն է որ կը հիմնաւորէ սպասումը: Սպասումը գեղեցկութիւններու արտաշնչումն է ոյժի եւ փափաքներու յարատեւ բախումով:

Որպէս քրիստոնեայ, սպասումը կրնայ աճիլ առաւելագոյնս զարգանալով ու Եկեղեցին զարգացնելով: Սպասել՝ յարատեւ աղօթելով եւ երկրային կեանքը արժանավայել ապրելով: Սպասել՝ ծառայելով մերձաւորին, որովհետեւ ծառայութեան նուիրաբերումը կը մաքրէ մարդուն միտքը եւ կը բանայ անոր առջեւ աստուածային ապագային վրայ բացուած պատուհանները: Սպասել առանց կորսնցնելու այսօրուան մէջ շնորհուած երջանկութիւնը:

 

Կեանքի արագընթաց այս հեւքին մէջ, սիրելի ընթերցող, կ'արժէ մտածել յաւիտենական ճշմարտութիւններու մասին, ինչպէս յաւերժական կեանքը, որ Աստուծոյ ամենամեծ օրհնութիւնն է որ մեզի կը տրուի, երբ հաւատանք:

 

Մահը մարդկային կեանքի ճանապարհին վրայ անխուսաբելի մէկ իրականութիւն մըն է. Քրիստոսի սպասելը կը զօրացնէ մարդը այս մահուան պահուն:

Ապա ամենագեղեցիկ անակնկալը կը յայտնուի մահէն ետք:

Աստուած այնքան կ'ուզէ մարդը ուրախացնել, երջանկացնել, որ անոր կը յայտնէ մաս մը այդ անակնկալէն, մարմնաւոր երկրաւոր կեանքին ընթացքին ու կը քօղարկէ անոր առջեւ անակնկալին մեծ մասը: Հետեւաբար բարի անակնկալը սպասելու եւ անոր սպասարկելու գեղեցկութիւնը ապրելու կարողութիւնը դրած է մեր մէջ:

Այս ուղղութեամբ, համբերատար սպասումով հիւսուած կեանքը միայն կրնայ համտեսել այդ յաւիտեան ապրելու մարդկային փափաքին պատասխանը:

 

Քրիստոնեային համար, դէպի յաւերժական կեանք տանող ճանապարհին առաջին քայլը մկրտութիւնն է, իսկ յաւիտենական կեանքին հասնելու վերջին քայլը մահն է, ապա նահատակութիւնը՝ մեծագոյն վկայութիւնը յաւիտենական կեանքի գոյութեան:

 

Այս անյայտ, բայց քաղցր  անակնկալին ընդառաջ վազողը նահատակն է, որ իր մահուան արարքով իմաստ կու տայ մահուան:

Նահատակը, երեկուան սպասողն էր Աստուծոյ սեղանին, որուն հրաւիրուած էր աւազանի հրաւէրով: Այսօր, եւ Աստուծոյ Օրուան մէջ ան յաւիտեան ապրողն է:

Նահատակը կը սպասէ Գառնուկին, սպասարկելով անոր արեան (Յայտնութիւն Յովհաննու): Նահատակը իր իսկ արեամբ կը սպասաւորէ Եկեղեցւոյ սեղանին ու կը դառնայ սերմը Եկեղեցւոյ:

Այսպէս, արժանաւոր եւ հաւատարիմ սպասողն է, որ կը պսակուի նահատակութեամբ:

 

Այս բոլորին դիմաց հայ ժողովուրդը այդ սպասող ժողովուրդն է, որ իր մշակոյթով կ'ապրի ու կը սպասէ արդարութեան ձայնին, կրելով իր ճակտին վրայ խաչը որպէս նահատակութեան պսակ, որ յաւիտենական է:

 

«Աւետիք»

Մայիս - Դեկտեմբեր 2013

Թիւ 5-12

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ