Զմմառ
Այսօր՝ ուրբաթ 28 Հոկտեմբերին 2011, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւնը նոր պատրիարքական փոխանորդ ունեցաւ յանձին հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեանին, որ առժամեայ տեղապահ նշանակուած էր Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան ըստ Միաբանութեան կանոնագրին, 31 մայիսէն սկսեալ յաջորդելով արհիապատիւ հայր Միքայէլ եպս. Մուրատեանին:
Հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեան, Զմմառու միաբան, ծնած է Պէյրութ 26- 9-1974 ընդհանուր մատակարարն էր Զմմառու միաբանութեան նախկին վարչութեան։ Իր ուսումը ստացած է Զմմառու մէջ, ապա անցած է Հռոմ, ուր շարունակած է իր ուսումը Յիսուսեաններու Գրիգորեան համալսարանին մէջ։ Վերադառնալով Լիբանան, ան իր մասնագիտութիւնը կատարած է Քասլիքի եւ Սաժէսի համալսարանին մէջ։ Իր տոքթորականը աւարտած է Հռոմի Լատերանեան քահանայապետական համալսարանին մէջ, եկեղեցական եւ աշխարհիկ կանոնագիտութեան մէջ։ Յատուկ կերպով մասնագէտ է արեւելեան կանոնագիտութեան մէջ։ Հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեան ստացած է դոկտոր տիտղոսը, հրատարակելով իր աւարտաճառը Լատէրանեան համալսարանին մէջ, իբրեւ թեմա ունենալով՝ «վանականութիւնը հայ Եկեղեցւոյ մէջ, ծագումը եւ աղբիւրներ»։
Ան նախագահն է նաեւ հայ կաթողիկէ պատրիարքական կանոնական յանձնախումբին։
Յաջորդաբար Միաբանական ընդհանուր Ժողովը ընտրեց որպէս Ա. վարչական Հայր Անդրանիկ ԾՎ Կռանեան: Ապա ընտրուեցան երեք վարչականները յանձին հայր Բարսեղ վրդ Պաղտասարեան, հայր Եղիա վրդ Դերձակեան եւ հայր Մովսէս Տօնանեան: Նորընտիր Վարչութիւնը իր առաջին վարչական ժողովին ընթացքին պիտի որոշէ վանական պաշտօնները:
Պատրիարքական կայքէջը շնորհաւորութիւնները կը յայտնէ նորընտիր պատրիարքական փոխանորդին եւ վարչութեան անդամներուն, մաղթելով անոնց յաջողութիւն եկող վեց տարիներուն համար: