Մոսկուա
26 ապրիլին, Մոսկուայի Անարատ Յղութեան կաթողիկէ մայր տաճարին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, եւ Ռուսաստանի հայ կաթողիկէ համայնքին իր առաջին այցելութեան առթիւ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը սուրբ Պատարագ մատուցանեց մասնակցութեամբ ռուսաստանաբնակ մեծաթիւ հայ կաթողիկէներու:
Սուրբ Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկեներու առաջնորդ արհիապատիւ հայր Ռաֆայէլ արքեպս. Մինասեանը, որու կ'ուղեկցէր թեմի առաջնորդական փոխանորդ հայր Մեսրոպ թ.ծ.վրդ. Սիւլահեան, Մոսկվայի եւ Ռուսիոյ Պատրիարքի տեղեպահ Սավվա եպս. Վոսկրեսենսկին, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մոսկուայի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ տէր Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանը, Ռուսաստանի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ լատին առաջնորդ Փաոլօ արքեպս. Բեցցի, Ռուսաստանի պապական նուիրակ Իվան արքեպս. Իուրկովիչ, Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի մեծաւոր գերապայծառ հայր Գէորգ թ.ծ.վրդ. Նորատունկեան, Ռուսաստանի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետներ հայր Պետրոս ծ.վ. Պետրոսեան, Ռուսաստանի, ՀՀ պետական գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ, հասարակական եւ մշակոյթի գործիչներ:
Սուրբ Պատարագի աւարտին հայ ժողովրդին ցաւակցութեան եւ Ցեղասպանութիւնը դատապարտող խօսքերով հանդէս եկան քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները:
Այնուհետեւ, տեղի ունեցան պարգեւատրութեան եւ նուէրներու յանձնում:
Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումներու համառուսական յանձնաժողովի կողմէն Սեւծովեան Կասպեան տարածաշրջանի ընկերային եւ քաղաքական յետազօտութիւններու ինստիտուտի տնօրէն Վլադիմիր Զախարովը «Ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանության 100 ամեակի» յուշամետալներ յանձնեց Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ, արհիապատիւ հայր Ռաֆայէլ արքեպս. Մինասեանին, պապական նուիրակ Իվան արքեպս. Իուրկովիչին, Փաոլօ արքեպս. Բեցցիին, հայր Պետրոս ծ.վրդ. Պետրոսեանին, Մոսկուայի հայ կաթողիկէ եկեղեցական խորհրդի անդամ, Ռուսաստանի Դիւանագետներու միութեան նախագահ Պօղոս Ակոբովին եւ հայ կաթողիկե եկեղեցւոյ բարերար Խաչատուր Աղաբաբեանին, եւս մէկ յուշամետալ յանձնուեցաւ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս պապին փոխանցելու համար:
Ռուսաստանաբնակ հայ տաղանդաւոր նկարիչ քանդակագործ Ֆրիդոն Ասլանեանը սուրբ Պատարագին ներկայ բարձրաստիճան հոգեւորականներուն նուիրեց իր հեղինակած կտավները՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գտնուող եւ թուրքական կողմէն ոչնչացուած կամ ոչնչացման եզրին գտնուող եկեղեցիներու եւ վանքերու պատկերներով եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոեանի եւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի, ամենայն հայոց կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկի, բարերար Խ. Աղաբաբեանի դիմանկարներով: Իսկ Մոսկուայի հայ կաթողիկէ համայնքին նուիրեց ապրիլ 12-ին Վատիկանի Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէն Տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակուած սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի պատկերով կտաւ մը:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողմէն յուշամետալներով պարգեւատրուեցան Ռուսաստանի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ զարգացման աջակցող, նախաձեռնող հաւատացեալները` բարերարներ Խաչատուր Աղապապեան, Ալեքսանդր Եադոյեան, Սիմոն Բախչինեան, Մկրտիչ Օքրոեան, Եկեղեցական խորհուրդի անդամ Ա. Ղազարեան, գլխաւոր խորհրդատու Պօղոս Ակոպով, խորհրդի անդամներ Է. Էքմեքչեան, Հ. Ամիրխանեան, Հ. Արթինեան, Երանելի Մալոյեանի անուան եկեղեցական երգչախումբի խմբավար Մ. Բաղնիքեան, խորհուրդի քարտուղար եւ ծրագիրներու կազմակերպիչ Վ. Ասատրեան, երիտասարդաց միութեան նախագահ Մ. Մովսէսեան:
ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան կողմէն նուէր յանձնուեցաւ գերյարգելի հայր Պետրոս ծ. վրդ. Պետրոսեանին:
Պատարագէն ետք, հոգեւորականները հանդիսաւոր երթով, զանգերու հարիւր զարկերով ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած խաչքարը, որ տեղադրուած է Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ` Ռուսաստանի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ բարերար Խաչատուր Աղապապեանի հովանաւորութեամբ, եւ հեղինակութեամբ գիւմրեցի քանդակագոր Խաչատուր Դանիէլեանի:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը օծեց խաչքարը: Օծման արարողութիւնը աւարտեցաւ եկեղեցական խորհրդի անդամ դոկտ. Գէորգ Մովսէսեանի ելոյթով, որ ժողովրդապետ գերյարգելի հայր Պետրոս ծ.վրդ. Պետրոսեանի անունով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ռուսաստանի ղեկավարութեան՝ հայ ժողովուրդը պաշտպանելու, ապահով կեցութեան եւ գործունէութիւն ծաւալելու հնարաւորութիւններու տրամադրման համար:
Ապա մոմավառութենէ ետք, ծաղիկներ դրուեցան յուշարձանին առջեւ եւ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած՝ անմեղ նահատակներուն համար:
Ապրիլ 26-ի հանդիսաւոր արարողութիւնները աւարտեցան ճաշկերոյթով:
Մոսկուա, 29 ապրիլ 2015
Նիւթը պատրաստեց Մոսկուայէն՝ Վարդուհի Ասատրեանը արեւելահայերէնով. կայքիս խմբագրութիւնը զայն վերատեսեց եւ կը ներկայացնէ կայքիս արեւմտահայ ընթերցողներուն: Արեւելահայերէն տարբերակը կարելի է կարդալ հետեւեալ էջին վրայ: http://armenianchurchco.com/2226.html