Կիրակի, 7 Դեկտեմբեր 2008 - Տոքթ. Զաւէն Եկաւեան Այցելեց Զմմառու Վանքը

 
Զմմառ, Լիբանան
 

Շաբաթ 6 Դեկտեմբեր 2008-ին, առաւօտեան ժամը 11:00ին, Զմմառու Մայրավանք ժամանեց Կիւլպէնկեան հաստատութեան պատասխանատու՝ տոքթ. Զաւէն Եկաւեան, ընկերակցութեամբ Ժիրայր Դանիէլեանի: Պատուարժան հիւրերը Զմմառու վանքի վարչութեան հետ միասնաբար այցելեցին վանքի թանգարանը, մատենադարանը, ձեռագրատունը, արխիւներու սենեակը եւ գինեմառանը: Հիւրերը բարձր գնահատեցին վարչութեան տարած աշխատանքը, պահելով, մաքրելով եւ արդիականացնելով Հայ Ազգի եւ Հայ Եկեղեցւոյ գանձերն ու հարստութիւնները: Կէսօրուայ ժամը 1:00-ին, այցելու հիւրերը վանաբնակ հայրերուն հետ մասնակցեցան կէսօրուան ճաշին, եղբայրական մտերմիկ մթնոլորտի ներքեւ: Տոքթ. Եկաւեան խօսք առնելով ըսաւ թէ ինք հարազատ կը զգայ Զմմառու վանքին մէջ, որ ամբողջ Հայութեան հոգեւոր եւ մշակութային կեդրոնն է: Ան շեշտեց թէ կ՛ուզէ կարուցել հաստատ կամուրջ մը Կիւլպէնկեան հաստատութեան եւ Զմմառու վանքին միջեւ որ նոյնաժամանակ հիմնաուած ըլլայ անկեղծութեան եւ վստահութեան վրայ:  Զմմառու մեծաւոր հայր Միքայէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան շնորհակալութիւն յայտնեց Եկաւեանին վանք այցելութեան համար եւ իր ունեցած անկեղծ  վստահութեան վանքի վարչութեան հանդէպ, մաղթելով անոր քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւն ապագայ ծրագիրներու մէջ: Հայր Մուրատեան տոքթ. Եկաւեանին նուիրեց վանքի գինիներէն եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի յուշամետալը:
Պատուարժան հիւրերը մեկնեցան վանքէն ուրախ եւ գոհունակ սրտերով


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ