Լիբանան
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի 10-րդ դասարանի աշակերտուհի Նայիրի Սքայեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղարութեան հովանաւորած «YES» ծրագրի ընդունելութեան քննութիւններուն արձանագրած է յաջողութիւն եւ կը պատրաստուի 2010-2011 ուսումնական տարեշրջանին մեկնիլ Միացեալ Նահանգներ, ուր պիտի ունենայ մէկ տարուայ ուսումնառութեան շրջան մը:
Յիշենք, որ ԱՄՆ կեցութեան եւ ուսումնառութեան ամբողջ ծախսերը պիտի հոգայ ամերիկեան կառավարութիւնը:
Այսպիսով, Նայիրի Սքայեան յաջորդաբար թիւով վեցերորդ աշակերտն է Մեսրոպեանէն, որ հակառակ ֆրանքոֆոն վարժարան յաճախելուն կը տիրապետէ անգլերէնի բացառիկ իմացութեան: Ի հպարտութիւն մեզի, Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի մեր աշակերտութեան զգալի նոյնիսկ կարելի է ըսել գերակշռող մեծամասնութիւնը ֆրանսերէն, արաբերէն եւ հայերէն լեզուներու կողքին, լաւ կը տիրապետէ նաեւ անգլերէն լեզուին: Նայիրի Սքայեան ԱՄՆ մէկ տարուան ուսումնառութեան շրջանին կ՛ունենայ իր հասակակիցներուն հետ փորձի փոխանակման հնարաւորութիւն: Ասիկա հնարաւորութիւն կու տայ անոր, ինչպէս իր նախորդներուն, խթանելու յարաբերութիւնները ամերիկացի, ինչպէս նաեւ այլ ազգութեան պատկանող ուսանողութեան հետ, անոնց փոխանցելով նաեւ միջին-արեւելեան երկիրէ եկող ուսանողի փորձառութիւնները: