Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր
Յատկապէս՝ յոյժ սիրելի երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ,
Ծաղկազարդը` Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքին տօնն է, երբ բարեպաշտ ժողովուրդը դիմաւորեց Յիսուս արմաւենիի ոստերով եւ ձէթենիի ճիւղերով:
Երէկ, վերջ գտաւ Քառասնորդաց շրջանը: Այսօր, կը սկսինք Աւագ Շաբաթը, որ կը պսակուի Քրիստոսի փառաւոր Յարութեամբ: Վաղը, սկիզբ կ’առնէ Աւագ Շաբթուան պահքը: Անոնք որոնք պահքը չբռնեցին Քառասնորդաց ատեն, նոր առիթ մ’ունին գալիք օրերուն յատուկէն աղօթելու եւ պահք բռնելու:
Աւագ Շաբաթը ամենէն կարեւոր շաբաթն է տարուան ընթացքին, որովհետեւ կը պարունակէ մեր հաւատքի մեծագոյն խորհուրդները եւ չափանիշն է տարուան բոլոր շաբաթներուն:
Աւագ Հինգշաբթի օրը կը փակէ Աւագ Շաբթուան պահքը՝ Ապաշխարութեան եւ Ոտնլուայի արարողութիւններով, երբ մեծ մեղաւորները կրկին կ’ընդունուէին Եկեղեցւոյ մէջ: Իսկ նոյն գիշերը, կը սկսի Զատկուայ Եռօրեան՝ Սուրբ Պատարագով:
Աւագ Ուրբաթ օրը, յիշատակն է Յիսուսի չարչարանքներուն, մահուան եւ թաղման: Մահէն ետք, Յիսուսի հոգին մուտք կը գործէ Երկինք եւ անոր դռները ցմիշտ կը բանայ համայն մարդկութեան առջեւ, որոնք գոց մնացած էին Ադամի մեղքէն ի վեր:
Աւագ Շաբաթ օրը, կը յիշատակենք Յիսուս, որ կը քակէ Հին Կտակարանի արդարներուն կապանքները՝ Ադամէն մինչեւ Յովհաննէս Մկրտիչ, եւ զանոնք Երկինք կը մտցնէ: Աւագ Շաբթուան գիշերը, Յիսուսի փառապանծ Յարութիւնը կը տօնենք, որով նոր հանգրուան մը կը սկսի աշխարհի պատմութեան մէջ եւ մարդկութեան համար՝ սիրոյ եւ խաղաղութեան շրջան մը:
Սիրելիներ, Եկեղեցին յատկացուցած է Ծաղկազարդի տօնը որպէս Համաշխարհային Օր Երիտասարդութեան համար, որ նկատուած է Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան յոյսն ու ապագան: Յոյսը, ահա՛ պատգամը զոր Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը կը հաղորդէ այսօր համայն աշխարհին, յատկապէս Ձեզի՝ երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ, մէջբերելով Ս. Պօղոսին հետեւեալ խօսքը. «Մեր յոյսը դրած ենք կենսատու Աստուծոյ վրայ» (1 Տիմ. 4,10):
Ինչպէ՞ս ծնաւ այս յոյսը Ս. Պօղոսին մօտ: Գիտենք որ Սաւուղ, որ պիտի կոչուի յետագային Պօղոս, մոլեռանդ փարիսեցի մըն էր, եւ իր երիտասարդ տարիքէն իսկ՝ հազիւ քսան կամ քսանհինգ տարեկան, կը հալածէր Յիսուսի հետեւորդները կարծելով թէ անոնք Աստուծոյ թշնամիներ են: Օր մը, Դամասկոս կը ճամբորդէր ձերբակալելու համար հոն տեղուայ քրիստոնեաները, երբ յանկարծ խորհրդաւոր լոյս մը երեւցաւ անոր եւ ձայն մը իրեն ըսաւ. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ կը հալածես զիս: Սաւուղ հարցուց. Ո՞վ ես, Տէ՛ր: Ձայնը ըսաւ. Ես եմ Յիսուս, զոր դուն կը հալածես» (Գործ. 9, 4-5): Այս հանդիպումէն ետք Յիսուսին հետ, Պօղոս բոլորովին փոխուեցաւ եւ Եկեղեցւոյ հալածիչէն դարձաւ Ս. Աւետարանին քարոզիչը :
Ս. Պօղոսին համար, յոյսը զգացում մը չէ միայն, այլ՝ կենդանի անձ մը՝ յարուցեալ Քրիստոսն է: Ան՝ այս ապահովութեամբ լեցուած էր, ասոր համար կրցաւ գրել իր աշակերտին՝ Տիմոթէոսին, իր հետեւեալ համոզումը. «Մեր յոյսը դրած ենք կենսատու Աստուծոյ վրայ» (1 Տիմ. 4,10): Կենսատու Աստուածը ո՞վ է: Քրիստոսն է, որ յարութիւն առաւ, որ երեւցաւ Պօղոսին, որ ներկայ է հիմա աշխարհին մէջ: Ան է ճշմարիտ յոյսը: Քրիստոսը մեր մէջ կը բնակի եւ մեզ կը կոչէ մասնակից դառնալու իր յաւիտենական կեանքին: Եթէ Յիսուս մեզի հետ է, ինչո՞ւ ուրեմն ապագայէն վախնալ: Քրիստոնէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գիրքը կ’ըսէ թէ քրիստոնեային համար՝ յոյսը կը նշանակէ՝ «Ցանկալ երկնքի արքայութիւնը եւ յաւիտենական կեանքը, իբր անոր երջանկութիւնը, իր վստահութիւնը դնելով Քրիստոսի խոստումներուն վրայ եւ ապաւինելով սուրբ Հոգիի շնորհքի զօրութեան, եւ ո՛չ թէ մեր ուժերուն (թիւ 1817):
Յոյսը՝ կեդրոնն է մեր կեանքին ինչպէս նաեւ մեր քրիստոնէի առաքելութեան, մանաւանդ ներկայ խռովայոյզ ժամանակներուն մէջ: Ամէնքս յոյսի պէտք ունինք, բայց ո՛չ որեւէ յոյսի որ խաբուսիկ ըլլայ, այլ՝ հաստատ եւ վստահելի յոյսի: Երիտասարդները առաւելաբար յոյսի պէտք ունին, որովհետեւ այդ տարիքին է որ իրենց կեանքին լուրջ որոշումները կ’առնեն: Այդ շրջանին է որ կարեւոր հարցումներ կը սկսին մէջտեղ գալ, զոր օրինակ՝ կեանքը ի՞նչ իմաստ ունի. ի՞նչպէս հասնիլ երջանիկ ըլլալ. ինչո՞ւ համար ցաւ կայ, հիւանդութիւն եւ մահ. ի՞նչ կայ մահէն ետք: Երիտասարդները եւ ամէն մարդ եթէ այս հարցումներուն ուղիղ պատասխանը չստանան, դժուար է որ ապագային նկատմամբ յոյս ունենան, մանաւանդ երբ որ Յիսուսի վրայ իրենց յոյսը դրած չեն ըլլար:
Փորձառութիւնը մեզի կը սորվեցնէ որ, թէ՛ անձնական յատկութիւնները՝ խելացի ըլլալը, վկայականներ ունենալը կամ լեզուներ գիտնալը, թէ՛ նիւթական բարիքները ինչպէս հարստութիւն կամ փարձր ամսական ունենալը չեն բաւեր ապահովցնելու համար այդ յոյսը, զոր մարդուն սիրտը կրնայ գոհացնել, այդ հաստատ յոյսը որուն մարդը կը ձգտի: Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան Քահանայապետը, իր «Յոյսով փրկուած ենք» իր Բ. Շրջաբերական Թուղթին մէջ կը գրէ. «Միայն Աստուած կրնայ տալ յոյսը, որովհետեւ Ան է որ կ’ընդգրկէ ամբողջ տիեզերքը եւ կրնայ մեզի ապահովցնել ինչ որ մենք, առանձին, չենք կրնար ունենալ» (թիւ 31): Ասոր համար, այն ընկերութիւնները եւ այն անձերը, որոնք այնպէս կ’ապրին՝ կարծէք թէ Աստուած գոյութիւն չունի, անոնք վերջ ի վերջոյ շփոթութեան կը մատնուին եւ յաճախ կը դիմեն առանձնութեան կամ բռնութեան, ինչպէս նաեւ դժգոհ եւ յուսալքուած կեանք կ’ունենան: Այս մասին, Ս. Գիրքին խօսքը յստակ է եւ ազդարարական, կ’ըսէ. «Անիծե՛ալ ըլլայ այն մարդը, որ մարդու կ’ապաւինի եւ որուն սիրտը Տիրոջմէ կը շեղի» (Երեմ. 17,5):
Մենք փորձառութեամբ գիտենք, որ միմիայն Աստուծոյ հետ մարդը կրնայ գտնել իր իրականացումը, կրնայ գտնել իր հանգիստը: Մեզի կ’իյնայ ուրեմն եղբայրաբար առաջնորդել երիտասարդներուն եւ ամէն մարդուն դէպի Յիսուս, որպէսզի ճանչնան Յիսուսին իրական դէմքը, որ է ճշմարիտ սէրը եւ իսկական հանգիստը: Ս. Օգոստինոս կ’ըսէ՝ «Ո՜վ Աստուած, դուն մեզ ստեղծեցիր քեզի համար, եւ մեր սիրտը հանգիստ պիտի չունենայ եթէ ոչ քու մէջդ»:
Սիրելի հաւատացեալներ եւ երիտասարդներ, դո՛ւք որ կը փնտռէք ապահով յոյսը, ձեզի կը փոխանցեմ Ս. Պօղոսին խօսքը ուղղուած Հռոմի հալածուած քրիստոնեաներուն, կ’ըսէ. «Յոյսի Աստուածը թող ձեզ լեցնէ ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ, որպէսզի յոյսը յորդի ձեր մէջ սուրբ Հոգիին զօրութեամբ» (Հռոմ. 15,13): Այս յոբելինական տարուան ընթացքին, որ նուիրուած է Ս. Պօղոսին՝ իր ծննդեան երկուհազարամեակի առիթով, իրմէ սորվի՛նք վկաներ ըլլալու քրիստոնէական յոյսի մեր շրջանակէն ներս:
Յոյժ սիրելիներ, Ծաղկազարդի տօնը, Յիսուսի գալուստն է Երուսաղէմ, որ կը նշանակէ Յիսուսի Գալուստը մարդոց մէջ, սփռելու համար անոնց մօտ յոյս եւ խաղաղութիւն: Ձիթենիի ճիւղերը, խորհրդանիշը դարձած են խաղաղութեան իմաստին: Դո՛ւք, եղէ՛ք խաղաղութեան գործիչներ ամէն տեղ ուր կայ ոխակալութիւն, խռովութիւն եւ կամ անհասկացողութիւն: Եղէ՛ք նաեւ յոյսի սփռողներ ուր որ մարդիկ անելիի առջեւ կը գտնուին, կամ անդարմանելի ցաւէն կը տառապին եւ կամ յուսահատութեան սեմին հասած են:
Ո՜վ Աստուածամայր, յոյսին մայրը, առաջնորդէ՛ այս ժողովրդապետութեան եւ համայն աշխարհի երիտասարդ երիտասարդուհիներուն դէպի քու աստուածային Որդիդ՝ Յիսուս, եւ զօրավիգ կանգնէ՛ անոնց, որպէսզի, ուր որ ըլլան, հաւատարիմ մնան Ս. Աւետարանին եւ իրենց պարգեւուած յոյսին. Ամէն: