Սիրելի՛ ընթերցող, ստուգիւ, սրտի իմաստութեամբ ու հոգիի պարզութեամբ օժտուած էր Յովհաննէս ԻԳ. (1881-1963) քահանայապետը` ժողովուրդէն եւ արար աշխարհէն սիրուած ու յորջորջուած «il papa buono», «բարի պապը», որ երէկ Վատիկանի մէջ սրբադասուեցաւ Յովհաննէս-Պօղոս Բ.-ին հետ (1978-2005): Ծանօթանա՛նք նոր սուրբին, որ նաեւ հայասէր եղած է:
Անժելօ Ճիուզեփփէ Ռոնքալլի ծնած է Սոթթօ իլ Մոնթէ գիւղը, Պերկամօ, հիւսիսային Իտալիա, 25 նոյեմբեր 1881-ին: Չորրորդն է 13 քոյրերուն եւ եղբայրներուն մէջ: «Աստուածաբանութեան դոկտոր» վկայականով աւարտած համալսարանական ուսումնառութեան յաջորդեց քահանայութեան ձեռնադրութիւնը` 10 օգոստոս 1904-ին: Համաշխարհային Ա. պատերազմին` հոգեւոր հայր էր իտալական բանակին մէջ:
Իր սիրած սուրբին` Աստուածահայր Յովսէփի տօնին օրը, 19 մարտ 1925-ին, ստացաւ եպիսկոպոսական օծումը` արքեպիսկոպոսի տիտղոսով սկսելու եւ շարունակելու համար բոլորովին նոր ասպարէզ մը` իբրեւ առաքելական այցելու եւ առաքելական պատուիրակ Պուլկարիոյ (1925-1934), առաքելական պատուիրակ Թուրքիոյ ու Յունաստանի (1934-1944) եւ առաքելական նուիրակ Ֆրանսայի (1944-1953) մէջ:
Այս երկիրներուն մէջ շատ սիրուեցաւ ու յարգուեցաւ գերպծ. Ռոնքալլի` իր ապրած պարզութեան, ցուցաբերած ընկերասիրութեան եւ մատուցած օժանդակութեան համար: Այս բարեմասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ բնածին ճշմարտախօսութեան, դիւանագիտական զգօնութեան ու ճարտարութեան շնորհիւ` Սուրբ Աթոռին պապական ներկայացուցիչը կրցաւ իր պատգամները, կոչերն ու միջամտութիւնները արժեցնել վերոթուեալ երկիրներուն պատկան իշխանութիւններուն մօտ:
Թէ՛ անոր մեծաւորները, թէ՛ քաղաքագէտներն ու թէ՛ դիւանագէտները գիտէին, որ գերպծ. Ռոնքալլի «շատ դժուար հարցերու» մարդն էր` զանոնք լուծելով իր աղօթող հոգեկանութեամբ, իր համբերող վճռակամութեամբ եւ իր ժպտուն մարդասիրութեամբ:
Հոս կը բանամ փակագիծ մը, ինչ կը հայի մեր «փոքր ածուին» մէջ գերպծ. Ռոնքալլիին ըրածներուն` վերի առաջին երեք երկիրներուն մէջ: գերպծ. Ռոնքալլիին մտերիմ ու աջակից, Փլովտիւի մէջ Վիեննական Մխիթարեան վարժարանին հիմնադիր (1928-1930) եւ կաթողիկէ ռումանահայոց առաջին առաքելական կառավարիչ (1930 -1939) Սահակ եպս. Կոգեանի (1895-1963) մասին պատրաստած ուսումնասիրութենէս ծանօթ է տրուպիս իտալացի հոգեւորականին գործօն հայասիրութիւնը:
Օրինակի համար, Պուլկարիան 1928-ին հարուածած երկրաշարժին հայազգի աղէտեալներուն ամէն ձեւով օգնութեան հասաւ, եւ այն` աւետարանական թաքունութեամբ, եղբայրասիրութեամբ ու անխտրականութեամբ:
Օրինակի համար, մեծ բարեկամութիւն կը մշակէր Նիկոմիդիոյ հայ առաքելական առաջնորդին` Ստեփանոս արք. Յովակիմեանին հետ, որուն մասին վերարծեց իր անձնական յուշերը, երբ իբրեւ նորընտիր քահանայապետ` 1 փետրուար 1959-ին ունկնդրութիւն շնորհեց իտալահայ գաղութին:
Օրինակի համար, Թուրքիայի մէջ, իբրեւ առաքելական պատուիրակ, երբ առաջին անգամ այցելեց Վիեննական Մխիթարեան Լիսէն Պոլիսի մէջ, վանատան «Անարատ
Յղութիւն Սրբոյ Կուսին Աստուածածնի» եկեղեցիին աւագ խորանին շնորհագեղ իւղանկարին Տիրամօր կարմիր պարեգօտը տեսնելով` անակնկալի եկաւ, րոպէ մը քարացաւ, ապա դրուատիքով արտայայտուեցաւ զինք շրջապատած վարդապետներուն. «Դուք` հայերդ ոչ միայն մարտիրոս ժողովուրդ էք, այլ նաեւ մարեմասէր ազգ, որ իր Տիրոջ համար թափած արիւնին գոյնը կու տայ Աստուածամօր պատմուճանին»:
Օրինակի համար, հանրածանօթ են Ռոնքալլի ծիրանաւոր-պատրիարքին եւ քահանայապետին եղբայրութիւնը, բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս-պատրիարքին հետ:
Օրինակի համար, վերոյիշեալ թուականին, այսինքն` իր ընտրութենէն արդէն երկու ամիս ետք, տեղի ունեցած ունկնդրութեան արտասանած խօսքէն այս մէջբերումը կը բացայայտէ Յովհաննէս ԻԳ. պապին համարումը հայերուս վրայ.«Կը խորհինք, թէ բոլորը, բոլոր հայերը հաւատարիմ մնալով իրենց հայրերէն ուսած աւանդութեան` վառ կը պահեն միշտ այս հաւատքը: Յաճախ նկատած ենք, զանազան առիթներով, թէ երբ հայերը իրարու հանդիպին, կ՛ամրապնդեն իրենց հայութիւնը, կը զօրացնեն իրենց հաւատքը ամենակալ Հօր, Միածին Որդիին, որ մարմնացաւ մեզի համար, եւ` Սուրբ Հոգիին»:
Օրինակի համար, մօտէն կը ճանչնար Մխիթարեան միաբանութիւնը, ինչպէս ալ իբրեւ կարտինալ-Պատրիարքն (1953-1958) ու Վենետիկի վիճակաւորը` մասնաւոր գորով կը տածէր Ս. Ղազարի Մխիթարեան վարդապետներուն հանդէպ:
Վենետիկէն` «Ադրիականի դշխոյ»-էն Հռոմ` «Յաւիտենական քաղաք»-ը հասած Ռոնքալլի ծիրանաւոր-պատրիարքը քահանայապետ ընտրուեցաւ 28 հոկտեմբեր 1958-ին` յաջորդելով «Ծառայ Աստուծոյ» Պիոս ԺԲ. պապին (1939-1958): «Անցքի պապ մը պիտի ըլլայ…», մտածեցին եւ արտայայտուեցան «բանգէտները»:
Սակայն, Յովհաննէս ԻԳ. 76-ամեայ պապին (1958-1963) չորսուկէս տարիներուն հովուապետական առաքելութիւնը հանդիսացաւ եկեղեցին, աշխարհն ու մարդկութիւնը ցնցող եւ բարեփոխող անակնկալներու ժամանակաշրջան Բ. Երկրորդ Տիեզերական ժողովին գումարումն (1962-1965) ու «Pacem in Terris- Խաղաղութիւն երկրին վրայ» շրջաբերականը (1963):
Յովհաննէս-Պօղոս Բ. պապը 3 սեպտեմբեր 2000-ին «Երանելի» հռչակեց ստամոքսի քաղցկեղէն 3 յունիս 1963-ին վախճանած Յովհաննէս ԻԳ. քահանայապետը, որուն Ֆրանչիսկոս պապէն 27 ապրիլ 2014-ին կատարուած սրբադասումը պաշտօնական պսակումն եղաւ Անժելօ Ճիուզեփփէ Ռոնքալլի մարդուն եւ հոգեւորականին ամբողջ կեանքին տեւողութեամբ տարած անդուլ աշխատանքին` իր անձին սրբակերտումին համար…
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 28 ապրիլ 2014