Հռոմ
Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանական Ընտրական Ժողովի բացման սուրբ Պատարագի քարոզ
«Անձինք Նուիրեալք սիրոյն Քրիստոսի
երկնաւոր նահատակք եւ կուսանք իմաստունք» Շարական
Սիրեցեալ Յիսուս Քրիստոսի հարսեր,
Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը հիմնուած է 1847-ին Պոլիս, Հասուն Կարդինալէ գործակցութեամբ Մայր Սրբուհի Հաճի-Անտոնեանի, հաստատապէս Սուրբ Հոգւոյն ներշնչումի արդիւնքն է, որպէսզի սոյն Միաբանութիւնը իր հոգեւոր առաքելութիւնը կատարէ հայ աղջկան դաստիարակութեան ի նպաստ:
Ձեր միաբան քոյրերը սերունդներ հասցուցին, ապագայ մայրեր պատրաստեցին, երկսեռ երիտասարդութեան նկարագիրը կերտեցին, ինչպէս նաեւ ուրիշ ասպարէզներուն մէջ իրենց բարեբեր աշխատանքները բերին:
1915-ին, Ցեղասպանութեան տխուր օրերուն, ձեր աստուածահաճոյ Միաբանութիւնը 13 մարտիրոս մայրապետներ տուաւ, նահատակակից մէկուկէս միլիոն հայազգի զաւակներու, որոնց փայլուն աստղն է Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան՝ Մարտինի Արքեպիսկոպոսը: Թո՛ղ անոնց կեանքի զոհաբերումը քաջալեր ըլլայ ձեզի եւ ձեր միտքը լուսաւորէ Քրիստոսի եւ սուրբ Աւետարանի անվարան կերպով հաւատարմութիւն ցոյց տալու համար ձեր կեանքի առօրեային մէջ:
Վեց տարին անգամ՝ Միաբանական Ընտրական Ընդհանուր Ժողովը ձեզի առիթ կու տայ ընդարձակ եւ ամբողջական տեսութիւն մը ունենալու եւ բծախնդիր քննարկում կատարելու ձեր միաբանական կեանքի, ինչպէս նաեւ ձեր տարած զանազան գործունէութիւններուն մասին: Միաբանութեան թիւին նօսրացումը, քոյրերուն տարիքին յառաջացումը, նոր կոչումներուն ցանցառութիւնը, նաեւ լայնածաւալ նոր առաքելութիւններուն պահանջները ձեզ կը ստիպեն Աստուծոյ եւ ձեր խիղճին առջեւ որոնելու նոր միջոցառումներ, թերեւս փակելու բայց ապահովաբար տեղ տեղ բանալու նոր առաքելավայրեր, միշտ վերապահելով ձեր Միաբանութեան հիմնական սկզբունքները եւ արծարծելով եռանդուն ոգին՝ լաւագոյնս կատարելու համար ձեզմէ ակնկալած հոգեւոր, դաստիարակչական եւ ազգային ծառայութիւնները: Աղօթքը, հոգեւոր խորհրդածութիւնը, ինչպէս նաեւ փոխադարձ անկեղծ գաղափարներու փոխանակումը պիտի ուղղեն ձեզ յաջորդ վեց տարիներու առաքելութեան յայտագիրը խղճմտօրէն զատորոշելու համար:
Ընդհանուր մեծաւորուհիին եւ խորհրդականուհիներուն ընտրութեան նկատմամբ, կը մաղթեմ որ աւետարանական իմաստութեամբ շարժիք՝ հեռու մարդկային հաշիւներէ եւ անձնական նկատումներէ, ի մտի ունենալով կատարել մի միայն Աստուծոյ կամքը եւ փնտռել Միաբանութեան յառաջացումը, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնահերթ կարիքները:
Որպէս Հայր եւ Գլուխ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, կ’ուզեմ այս պատեհ առիթէն օգտուիլ ներկայացնելու ձեր Միաբանութեան իմ խորին գնահատանքս եւ ջերմ երախտագիտութիւնս բոլոր այն անձնուէր գործին եւ առաքելական անթիւ վաստակին համար, զոր 165 տարիէ ի վեր եռանդով եւ պարտաճանաչութեամբ իրագործեցիք Հայ Կաթողիկէ համայնքէն ներս: Աստուած, որ ամէն փոքր զոհողութիւններն անգամ կը տեսնէ, թող Ան ըլլայ ձեր վարձահատոյցը: Առանց ձեզի, մեր Եկեղեցիէն պիտի պակսէր իր հիմնաքարերէն ոչ աննշան տարր մը:
Ապահով եմ, որ ձեր որոնած միջոցառումները առաւել ձեր աղօթքը եւ մանաւանդ ձեր կեանքի վկայութիւնը լաւագոյն ազդակները պիտի հանդիսանան նոր կոչումներու ծաղկման համար: Ինչպէս եկեղեցական դասին, նոյնպէս ալ ձեզի, ձեր անդամներուն քանակը, բայց շատ աւելին՝ ձեր հոգիին բարձր որակը ձեր գոյատեւման եւ յառաջացման ապահովութիւնը պիտի հանդիսանան:
Երբ առիթը ունեցայ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբ. Քահանայապետին հետ հանդիպում ունենալու 2006-ի Սուրբ Հաղորդութեան Սիւնհոդոսին ատեն, իրմէ խնդրեցի որ յատուկ դիտաւորութիւն ունենայ մեր Եկեղեցւոյ կոչումներուն համար: Եւ երբ իր հաստատական պատասխանը ընդունեցայ, քաջութիւնը ունեցայ իրմէ խնդրելու նաեւ որ աղօթէ ոչ միայն կոչումներու քանակին, այլ մանաւանդ՝ անոնց որակին համար: Իր անմիջական պատասխանը եղաւ, «քանակը առանց որակի անօգուտ է»:
Նոյն տարին, Նուիրեալներու մեծաւորներուն յանդիպումին առիթով, Սրբ. Պապը ըսաւ. «Ի դիմաց ձեր բացայայտ նուիրումի գործին, այսօր գոյութիւն ունի նաեւ միջակութեան եւ աշխարհիկ մտայնութեան թակարդը»: Որպէս դարման, Սրբ. Պապը կը յորդորէ անձնական եւ հաւասարակական խիզախ որոշումներ առնել՝ յառաջ բերելու համար նոր կարգապահութիւն մը, որպէս Քրիստոսի ամբողջական կեանքի հետեւորդներ եւ ըսաւ. «Քրիստոսին պատկանիլը կը նշանակէ սրտին մէջ միշտ վառուած պահել աստուածային սիրոյ բոցը, ոչ միայն երբ այս սէրը ներքին ուրախութիւն կը պատճառէ, այլ մանաւանդ՝ դժուարութիւններուն եւ ցաւերուն ատեն: Իսկ ձեր ներքին կեանքի բաղադրիչ զոյգ ազդակները պարտին ըլլալ՝ աղօթքը եւ ամենօրեայ Ս. Պատարագը»: Սրբ. Պապը իր խօսքը համառօտեց, ըսելով. «Պէտք է կարող ըլլաք նայիլ աշխարհին՝ հաւատքի աչքերով՝ Քրիստոսի խաչուած եւ յարութիւն առած լոյսով»:
Թող Ամենաբարին Աստուած ձեր սրտին մէջ վերանորոգէ ամէն օր ձեր ուրախ պատասխանը հաւատարիմ մնալու Անոր սիրոյն, զոր արտայայտած էք տարիներ առաջ: Որպէս լուսաւոր ջահեր, ուր որ ալ ըլլաք՝ Հռոմ, Ամերիկա,Միջին Արեւելք կամ Հայաստան դուք՝ ձեր խօսքով ու գործով ճառաքայթեցէք ամէն ատեն Քրիստոսին փրկարար սէրը:
Թո՛ղ Անարատ Յղացեալը ձեր ձեռքէն բռնէ, որպէսզի կարենաք լիովին ապրիլ ձեր նուիրեալի կոչումը եւ ձեր առաքելութիւնը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար ի սպաս Հայ Ժողովուրդի քրիստոնէավայել ապրումին: Զայս կը խնդրեմ ձեր նահատակ քոյրերու բարեխօսութեամբ:
Ամէն:
+ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Հռոմ, 20 յուլիս 2012