Հինգշաբթի, 8 Յունուար 2015 - Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան ծիսակատարումները Մոնթրէալի մէջ

 

  Մոնթրէալ

  Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան ու Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան ծիսակատարումները այս տարի եւս  Մոնթրէալի (Քանատա)  Հայ կաթողիկէ Նարեկի Տիրամայր եկեղեցիին մէջ համախմբեցին շրջանի հաւատացեալ հասարակութիւնը։


25 դեկտեմբեր 2014-ին,  Մոնթրէալի Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ գերյարգելի Գէորգ ծայրագոյն վարդապետ Զապարեանին հետ գերապատիւ հայր Անտոն վարդապետ Շատարեւեան եւ գերապատիւ հայր Վարդան վարդապետԳազանճեան մատուցանեցին Սուրբ Ծննդեան հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը, երգեցողութեամբ եկեղեցւոյ երգչախումբին։ Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մոնթրէալի առաջնորդը՝ գերշ. Մեղրիկ եպիսկոպոս Բարիքեան։


4 յունուար 2014-ին,  տեղի ունեցաւ նաեւ Աստուածայայտնութեան եւ Յիսուսի Քրիստոսի Մկրտութեան ծիսակատարումը։ Համատարագեցին գերյարգելի հայր Գէորգ Զապարեան, հայր Անտոն վարդապետ Շատարեւեան եւ հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեան։ Մկրտութեան ծիսակատարումին կնքահայրն էր փոքրիկն Քրիսթիան Փեթրաքի։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ