Հինգշաբթի, 26 Սեպտեմբեր 2013 - Կաթողիկէ Գաղտէացւոց պատրիարք՝ Լուիս Ռաֆայէլ Սագօ այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան
Պէյրութ

Հինգշաբթի, 26 ապրիլ 2013, առաւօտեան ժամը 11-ին, Կաթողիկէ Գաղտէացւոց պատրիարք՝ Լուիս Ռաֆայէլ Սագօ, ընկերակցութեամբ հոգեւորականներու բազմանդամ պատուիրակութեան մը, այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցաւ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ, ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, հայ կաթողիկէ ներկայ եւ նախկին պետական երեսփոխաններու եւ անձնաւորութիւններու:

Հանդիպման ընթացքին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ողջունեց պատրիարքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր այցելութեան համար: Այնուհետեւ տեղի ունեցած սրտբաց զրոյցին ընթացքին Պատրիարք Սագօ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու տագնապալի վիճակին եւ շեշտեց Եկեղեցիներու միջեւ միասնական աշխատանքին կարեւորութիւնը: Ան հիմնական նկատեց աշխարհականներուն դերը այս ուղղութեամբ, մանաւանդ հասարակաց եւ քաղաքական գետնի վրայ:  Գաղտէացւոց պատրիարքը յայտնեց թէ տագնապներուն լուծումները պէտք է յառաջանան տեղական ուժերուն հետ գործակցութենէն եւ ոչ թէ դիմելով արտաքին միջամտութիւններու, որոնք հիմնական պատճառներն են ներկայ տագնապներուն Միջին Արեւելքի մէջ:

Հոգեւոր Տէրը իր խօսքին մէջ շեշտեց որ քրիստոնեաներուն փրկութիւնը իրենց հաւատքին մէջ է, ասիկա համարելով աւելի կարեւոր քան քանակը: Ան նոյնպէս կարեւոր նկատեց աշխարհականներուն դերը Եկեղեցւոյ կողքին: Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ նաեւ քրիստոնեաներու դժուար պայմաններուն Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներուն մէջ:
Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում եւ պատրիարք Սագօ իր սրտի խօսքը արձանագրեց պատրիարքարանի ոսկեմատեանին մէջ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ