Վենիով
27 ապրիլին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այցելեց ՌԴ Վենիով քաղաքի հայ կաթողիկէ համայնքը հրաւէրով ժողովրդապետ գերապատիւ հայր Սեդրակ վրդ. Խիթարեանի: Հոգեւոր Տիրոջ կ'ուղեկցէին արհիապատիւ հայր Ռաֆայէլ արքեպս. Մինասեան, հայր Մեսրոպ թ.ծ.վրդ. Սիւլահեան եւ այլ հոգեւորականներ: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը սուրբ Պատարագ մատուցեց այնտեղ եւ ներկայ գտնուեցաւ համայնքի 40 պատանիներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած միջոցառումին նուիրուած Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին՝ թատերական ներկայացումով եւ ասմունքով: Հոգեւոր Տէրը Երանելի Մալոյեանի շքանշաններով պարգեւատրեց համայնքի անդամներ Յովսէփ Գարախանեանին, Ժիւլ Աւետիսեանին եւ Պետրոս Օքրոյեանին՝ համայնքին համար կառուցուելիք եկեղեցւոյ շինարարութիւնը հովանաւորելու համար: Վենիովցի հայերը գեղեցիկ ընդունելութիւն կազմակերպած էին բարձրաստիճան հոգեւորականներուն համար եւ առիթ ունեցան մտերմիկ զրոյց ունենալու անոնց հետ:
Ապրիլի 28-ին Հոգեւոր Տէրը իր պատուիրակութեամբ այցելեց Սոչիի հայ կաթողիկէները, տեղւոյն ժողովրդապետ գերապատիւ հայր Սերգեյ վրդ. Պապաջանեանի հրաւէրով: Ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարք Սոչիի Սիմոն եւ Յուդա առաքեալներու եկեղեցւոյ մէջ սուրբ Պատարագ մատուցանեց տեղի հայ կաթողիկէներուն համար: Ապա արհիապատւի հայր Ռաֆայէլ արքեպս. Մինասեան կատարեց Մկրտութեան արարողութիւն եւ հանդիպեցաւ Կրասնոդարի հայ կաթողիկէ հաւատացեալներու հետ: Սուրբ Պատարագի քարոզին ընթացքին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը պատուիրեց պահպանել հայրերէն ժառանգած հաւատքը, յիշել Եղեռնի նահատակներու թափած արիւնը եւ ջանալ ապրիլ սիրով ու համերաշխ, ըսաւ հոգեւոր տէրը:
Տեղեկութիւն մըն ալ հասաւ մեզի այդ շրջանի հայ կաթողիկէներու մասին, որ կ'ըսէ թէ Ռուսաստանի հարաւային հատուածին մէջ կաթողիկէ հայեր կ'ապրին Ռոստովի շրջանը, Նովոչեռկասկի մէջ, Շախտերի, Կրասնոդարի, Սոչիի, Տուապսէի, Ամաւիրի, Կռոպոտկինի, Օտրադնենսկի շրջանը, Ուլեանովսկի եւ Սամարայի մէջ: Այս բոլոր համայնքները կը հովուէ հայր Սերգեյ Պապաջանեանը: Այս շրջաններու հայերուն մեծ մասը, որ ծնունդով Ջավախքից է, Ռուսաստան հաստատուած է հիմնական 1990ականներու սկզբին, իսկ միւս մասը այդ շրջաններուն մէջ կը բնակէր դեռեւս Մեծ Եղեռնին յաջորդող տարիներէն: