Երկուշաբթի, 4 Փետրուար 2013 - Տեառնընդառաջի նախատօնակ Զմմառու վանքին մէջ

Զմմառ

Ուրբաթ 1 փետրուար 2013-ին, Զմմառու վանքի եկեղեցւոյ մէջ, երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակ և անդաստան, վանքին հասարակութեան մասնակցութեամբ: Այնուհետեւ եկեղեցւոյ բակին մէջ, հինաւուրց աւանդութեան համաձայն, խարոյկ վառուեցաւ եւ անդաստան կատարուեցաւ կրակին շուրջ: Այսօր՝ Եկեղեցին կը գովերգէ Քրիստոսի աշխարհ բերած լոյսը, ըստ Սիմէոն ծերունիին մանուկ Յիսուսին ուղղած խօսքին. «Լոյս ի յայտնութիւն հեթանոսաց»: Իսկ կրակ վառելու աւանդութիւնը եկած է հայոց հեթանոսական շրջանէն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ