Երեքշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2013 - Հոգեւոր Տիրոջ պատգամը Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի 75 ամեակի առթիւ


S.E. Mgr Gabriele Caccia, Nonce Apostolique au Liban,

Արհիապատիւ Արքեպիսկոպոսներ եւ Եպիսկոպոսներ Հ.Կ. Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսի,
Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք դեսպան եւ իր ազնուափայլ տիկինը,
Գերպ., Գերյ., Գերապատիւ Հայրեր, արժանապատիւ սարկաւագներ եւ առաքինազարդ քոյրեր,
Ներկայ եւ նախկին արժանապատիւ նախարարներ եւ երեսփոխաններ,
Հանգամաւոր զինուորական, կուսակցական, կրթական մարզի, հաղորդակցութեան միջոցներու անձնաւորութիւններ եւ Պուրճ Համմուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներ,
Հայկական վարժարաններու տնօրէններ,
Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի նախկին տնօրէններ, նախկին եւ ներկայ ուսուցչական կազմ եւ տնօրէնութեան յարգարժան գործակիցներ,
Յարգելի ծնողներ, հիւրեր եւ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի հաւատարիմ բարեկամներ,
Սիրելի ներկաներ,
Յոյժ սիրելի եւ յարգելի Տիար Կրէկուար Գալուստ, տնօրէն Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի,
   
Մեզի համար մեծ ուրախութիւն է այսօր համախմբուիլ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի յարկին տակ, Վարժարանիս հիմնադրութեան 75-ամեակի յոբելեանին առիթով, շրջապատուած մեր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական հայրերէ, նախկին տնօրէններէ եւ ուսուցիչներէ, որոնք 75 տարիներուն ընթացքին՝ երիտասարդ սերունդներու նկարագիրը կերտեցին, դասաւանդեցին եւ դաստիարակեցին ինչպէս նաեւ հոյլ մը նախկին աշակերտներէ, որոնք Աստուծոյ ձայնը լսելով եկան ճոխացնելու մեր քահանայական դասը, եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին ու մեր Սուրբ Հայրերուն հետեւելով, զանազան երկիրներուն մէջ Սուրբ Աւետարանը քարոզեցին: Ուրիշներ ընտանիք կազմեցին եւ այլեւայլ նախանձելի դիրքերու հասան, եւ միշտ պահած են իրենց սրտին մէջ երախտագիտութեան զգացումներ հանդէպ իրենց տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն: Անոնք այսօր պատիւ կը բերեն իրենց համայնքին, իրենց ընտանիքին եւ մանաւանդ՝ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանին ու համայն լիբանանահայութեան:
Սիրելիներ, Դպրոցը՝ հայերուս համար, հասարակ կրթական կառոյց մը ըլլալէ աւելի, նուիրական առաքելավայր մըն է, ժողովրդապետութեան հետ միասին, ուր,  պետական ուսումնական ծրագրին զուգահեռ, նորահաս սերունդներուն կը ջամբուին հայեցի կրթութիւն, հայ աշակերտին ինքնութիւնը զօրացնող՝ ազգային ու մշակութային արժէքներ, տոհմային աւանդութիւններ, հայոց պատմութիւն եւ մանաւանդ՝ Լուսաւորչեան ջինջ հաւատքը։ Անոնց կը փոխանցուին հայրենասիրութեան ոգին ինչպէս նաեւ Հայ Ազգին նուիրական սրբութիւնները, որպէսզի Հայ Դպրոցէն դուրս եկած ժամանակ, ամէն Հայ երիտասարդ եւ երիտասարդուհի յետագային դառնան իրենց միջավայրէն ներս քաղաքակրթութեան, մշակոյթի, ազգային արժէքներու եւ մարդկային արժանիքներու ջահակիրները։  
 Հայ Դպրոցի ուսերուն կը ծանրանայ միաժամանակ տիպար, օրինապահ եւ յարգանքի արժանի քաղաքացիներ պատրաստելու պարտականութիւնը։ Ահա՛ թէ ինչու համար բարի յիշատակութեան արժանի են Մեսրոպեան Վարժարանին հիմնադիրները, բարերարներն ու իրերայաջորդ տնօրէնները, ինչպէս նաեւ շնորհաւորութեան արժանի են ուսուցչակազմերը, դպրոցին ծառայողները եւ մանաւանդ իրենց զաւակները հայ դպրոցին վստահող Հա՛յ ծնողները։
Հոս եկած էք, սիրելիներս, այս կրթօճախի՝ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի յարկին տակ, որ 1939-էն ի վեր կը ջամբէ հայորդիներուն կրօնական, բարոյական եւ ուսումնական սկզբունքները տոքորուած հայեցի շունչով:
Մեր շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան զգացումները կ'ուզենք յայտնել բոլոր անոնց որոնք հաւատացին այս կրթական կառոյցի քրիստոնէական եւ ազգային յատուկ առաքելութեան, չխնայեցի ժամանակ, հանգիստ եւ նիւթական օգնութիւն այդ տեսլականին հասնելու եւ հասցնելու համար նորահաս սերունդներու 75 տարիներէ ի վեր:
Արդարեւ, 75 տարիներու ընթացքին, փաղանք մը Զմմառեան վարդապետներու՝ ինչպէս Հայր Պօղոս Վրդ. Պզտիկեան, Հայր Պօղոս Վրդ. Արիս, Հայր Մեսրոպ Վրդ. Թերզեան, Հայր Կղեմէս Վրդ. Մալճեան, Հայր Գրիգոր Եպս. Կապրոյեան, Հայր Մեսրոպ Վրդ. Ճուրեան, Հայր Եղիա Վրդ. Եղիայեան եւ Հայր Գէորգ Վրդ. Եղիայեան՝ գիտակից ու տիպար կրօնաւորներու4 օրինակելի հոգեւոր հայրերու, օժտուած գիտութեամբ եւ անձնուրաց հոգիով, պատրաստեցին հոյլ մը ապագայ հայրերն ու մայրերը, քրիստոնեայ տիպար հաւատացեալներ եւ հարազատ հայորդիներ: Ասոր համար է որ դուք, սիրելի ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը վստահած էք իրենց!
Յոյժ սիրելիներ,
Այս համոզումներով տոքորուած եւ հայեցի եւ քրիստոնեայ սկզբոնւքներուն վրայ հիմնուած կրնանք կրկնել Ս. Պօղոսին հետ. «Ես չեմ որ կ'ապրիմ, այլ՝ Քրիստոս կ'ապրի իմ մէջս, կ'ապրիմ ներկայ կեանքս հաւատքին մէջ Աստուծոյ Որդիին, որ զիս սիրեց եւ ինքզինքը զոհեց ինծի համար». ամէն:

+ Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ

Կաթողիկէ Հայոց

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ