Հռոմ
(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 12 յունիս 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 4-ին, սրբազան Պապը սուրբ Յովհաննէսի անուան Հռոմի լատերանեան պազիլիքայի մէջ հանդիպեցաւ քահանաներու համաշխարհային հոգեւոր կրթութեան մասնակիցներուն։
Քահանաներու համաշխարհային երրորդ հոգեւոր կրթութիւնը սկիզբ առած էր անցեալ 10 յունիսն որպէս բնաբան ունենալով «Սրբութեան կանչուած՝ նոր աւետարանութեան ի խնդիր» տիտղոսը: Ֆրանչիսկոս քահանայապետը հոգեւոր կրթութեան մասնակցողներուն ներկայացուց «Սէրէն բարեփոխուած ու սիրոյ համար» խորագիրով մտածական մը, որուն յաջորդեց սուրբ Պատարագը։
Վերոյիշեալ հաւաքը ուղղուած էր հինգ ցամաքամասերու եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն եւ սարկաւագներուն եւ կը նախատեսէր հինգ նիստեր, իւրաքանչիւրը նուիրուած մէկ նիւթի: Որպէս նիւթ ունէին «Միատեղ համախմբուած, վերահաշտուած, բարեփոխուած, զօրացած, հրաւիրուած նոր աւետարանութեան համար»: Բոլոր այս նիւթերը ներշնչուած էին ֆրանչիսկոս Քահանայապետի «Աւետարանի ուրախութիւնը» առաքելական յորդորագիրէն։
Հոգեւոր կրթութիւնը պիտի եզրափակուի 14 յունիսին` Հռոմի թեմի տեղապահ արքեպիսկոպոս կարդինալ Վալլինիի մատուցած եզրափակիչ սուրբ Պատարագով։