Շաբաթ, 28 Մայիս 2011 - «ԱԼԻՍ ՆԵՐԿԻԶԵԱՆ» մանկամսուրի առաջին շրջանաւարտից հանդէսը


Պուրճ Համմուտ

Հին•շաբթի, 26 մայիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ 2010 թուականի դեկտեմբերին հիմնադրուած՝ վարժարանիս «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի առաջին տարեշրջանի եզրափակիչ հանդիսութիւնը։
Ասիկա իւրայատուկ հանդիսութիւն էր մըն էր ոչ միայն այն առումով, որ նոր հիմնադրուած մանկամսուրի մը տարեշրջանը կ՛եզրափակէր, այլեւ աննախընթաց երեւոյթով մը կ՛առանձնանար, քանի որ այս հանդիսութիւնը նաեւ վկայականաց բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւն մըն էր, որուն ընթացքին մանկամսուրի աւարտական վկայականներ շնորհուեցան 38 փոքրիկներու, որով անոնք ստացան մանկապարտէզի մուտքի «իրաւունք»։
Վարժարանիս տեսչական կազմի անդամներէն՝ օրդ. Իզապէլ Լեւոնեան ողջոյնի խօսք ուղղելով ներկաներուն, բեմ հրաւիրեց «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի տնօրէնուհի՝ տիկ. Սալբի Մուղալեանը, փոխանցելու համար իր խօսքը։ Տիկ. Մուղալեան բարի գալուստի խօսքէն յետոյ, նշեց, որ օրը յատուկ է եւ յուզական բոլորի, յատկապէս մանուկներուն ծնողներուն համար։ Ան վկայեց, որ չնայած վկայական ստացող մանուկներէն գրեթէ ոչ ոք պիտի յիշէ ապագային այս օրը, սակայն անոնց ծնողները «պիտի ըլլան կամուրջը իրենց յիշողութեան, որպէսզի ապագային գիտնան, որ իրենք այս մանկամսուրին մէջ անցուցած են իրենց կեանքին գեղեցիկ եւ երջանիկ տարիները»։ Տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ծնողներուն, որ իրենց հոգեհատորներուն խնամքը վստահած են «Ալիս Ներկիզեան Մանկամսուր»ին, ուր իրենց երեխաները «կը խաղան խաղալիքներով, կը գծեն, կը ներկեն, կը պատրաստեն ձեռային աշխատանքներ. այս բոլորը կը կատարեն փայլուն ժպիտով եւ հոգեկան գոհունակութեան իսկական զգացումով, կ՛ուտեն փորձարար խոհարարին պատրաստած ճաշերը համեղ ու սննդարար ճաշերը»։
Իր խօսքին մէջ տիկին Մուղալեան նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց մանկամսուրի մաքրութեան հետեւող մայրիկներուն, բոլոր դաստիարակչուհիներուն, որոնց «կատարած գործը ակնկալուածէն շատ աւելին է» եւ որոնք «բացառիկ են, մանկամսուրի հո•ատար դիմագիծի գլխաւոր բանալին են»։ Իր խօսքի աւարտին տիկ. Սալբի Մուղալեան շնորհակալութիւն յայտնեց իւրաքանչիւր անհատի, որ զօրավիգ կանգնած է հանդէսի պատրաստութեան աշխատանքներուն։
Այնուհետեւ ետեւ-ետեւի մանկամսուրի երեք խումբերու բոլոր մանուկները ներկայացուցին հետաքրքրական գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կը ներառնէր պար, հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով երգեր եւ արտասանութիւններ։ Այս յայտագրին զուգահեռ բեմին ձախ անկիւնը տեղադրուած խոշոր պաստառի վրայ կը ցուցադրուէր յատուկ այս առթիւ պատրաստուած ժապաւէնը, որ կը պատմէր հանդէսի պատրաստութեան աշխատանքներուն մասին։ Այս ժապաւէնի պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ բեմի գեղեցիկ ու ճաշակով յարդարումի հեղինակը լիբանանահայ յայտնի արուեստագէտ, նկարիչ՝ Ռազմիկ Պերթիզլեանն էր, որուն աւելի ուշ իր խօսքին մէջ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէն՝ պր. Կրէկուար Գալուստը։
Իր խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէնը շնորհաւորեց բոլոր ծնողները իրենց զաւակներուն այս ուրախ առիթին համար։ Ան յայտնեց, որ հանդէսին ներկայ էր նաեւ ամերիկահայ մանկական երգերու անզուգական կատարող, երգչուհի՝ Թալին, որուն հրաւիրեց բեմ, կատարելու համար վկայականաց բաշխումը։ Մանկամսուրի տնօրէնուհիին հետ միասնաբար Թալին բոլոր մանուկներուն մէկիկ-մէկիկ յանձնեց իրենց վկայականները եւ յիշատակի համար լուսանկարուեցաւ անոնց հետ։ Ան նաեւ պատրաստած էր գեղեցիկ նուէր օրուան հերոսներուն համար, անոնց ողջունելով իր կատարումով։
Հանդէսը աւարտ գտաւ «Շնորհաւորութիւններ» երգի հետ զուգահեռ ճոխ հրավառութեամբ։

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ