Սիրելի՛ ընթերցող, մեր Ս. եկեղեցին կը յիշատակէ այսօր «երկրորդ Ծաղկազարդ»-ը եւ իր ժամուորներուն լսելի կ՛ընէ Աստուծոյ Խօսքը չորրորդ աւետարանիչէն այս հատուածով (Յվհ. 12,12-23), զոր կարդալու ես: Կը խնդրեմ:
«Երկրորդ Ծաղկազարդ»-ը կ՛ուզէ յուշել մեզի երկու խորհուրդներ: Առաջին` խաչեալ, մեռեալ, յարուցեալ եւ համբարձեալ Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի վերադարձը դէպի արքայութիւնը, որ իր սեփականութիւնն է:
Չմոռնանք, որ Աստուածամարդուն կեանքին մէջ այս չորս վճռորոշիչ փուլերը` խաչելութիւնը, մահը, յարութիւնն ու համբարձումը ոչ միայն սուրբգրային ճշմարտութիւններն են, այլ նաեւ այն պատմական դէպքերը, որոնց իրականութիւնը յեղաշրջեց մարդկութիւնը:
Վերադարձի դէպքն ու ճշմարտութիւնը յուշելով` Ս. եկեղեցին, որ մարդերուս մայրը եւ դաստիարակն է, կ՛ուզէ սորվեցնել ու հասկցնել մեզի, թէ մենք ալ սահմանուած ենք Աստուծոյ յաւիտենականութեան` դառնալու համար Անոր բաժնեկիցները մարդկային երեւակայութեան ու մտքին անհասանելի հրճուանքով եւ երանութեան մէջ:
Երկրորդ` այս կիրակին մեզի կը ջանայ մտաբերել Յիսուսի երկրորդ գալուստը դէպի աշխարհը, բայց այս անգամ` իբրեւ հզօր Թագաւոր ու արդար Դատաւոր: Այս պիտի դիպի աշխարհի կատարածին, վերջին դատաստանին օրը, որ նոյնպէս ըլլալիք պատահարն է աննախընթաց եւ անկրկնելի` Աստուծոյ ժամանակին մէջ:
Վերջին դատաստանին պարունակը կը նկարագրէ Ս. Մատթէոս (25,31-46): Այս հատուածին քանիցս եւ ուշի ուշով ընելիք ընթերցումդ յոյժ անհրաժեշտ է, որ կարենաս ըմբռնել անոր խոր հոգեկանութիւնը` ներկայացուած պարզ բառերով ու յստակ ոճով:
Ստուգիւ, մեր կրօնին հրաշալիքներէն մէկուն նկարագրութիւնն է դեռ չպատահած, բայց անպայման պատահելիք դէպքին` առաջին աւետարանիչին պատմագրութիւնը, որուն վերտառութիւնն է` «Սիրոյ դատաստանը», կամ` «Եղբայրասիրութեան չափանիշով»:
«Մարդու Որդին» Յիսուս Քրիստոս է, խաչեալ, մեռեալ, յարուցեալ եւ համբարձեալ Տէրը, կու գայ աշխարհ` «իր փառքով եւ իր բոլոր հրեշտակներուն հետ»:
Իր «փառքի գահին վրայ» բազմող Ամենակալը առջեւը հաւաքել տուած բոլոր ազգերը պիտի բաժնէ երկու խումբերու, «ինչպէս հովիւը կը զատէ ոչխարները այծերէն»: Առաջիններուն վերապահած է աջ կողմը, իսկ երկրորդներուն` ձախ կողմը:
«Թագաւորը» կը հրաւիրէ աջակողմեանները.«Եկէ՛ք, Հօրս օրհնեալները, ժառանգեցէ՛ք իմ արքայութիւնս, որ պատրաստուած է ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն ի վեր:
Որովհետեւ անօթի էի, եւ դո՛ւք կերակրեցիք զիս:
Ծարաւի էի, եւ դո՛ւք խմցուցիք ինծի:
Պանդուխտ էի, եւ դո՛ւք ընդունեցիք զիս:
Մերկ էի, եւ դո՛ւք զգեստաւորեցիք զիս:
Հիւանդ էի, եւ դո՛ւք այցելեցիք ինծի:
Բանտարկեալ էի, եւ դո՛ւք եկաք տեսնելու զիս»:
Այն ատեն զարմանահար արդարները, որոնք աջակողմեան ոչխարներն են, եւ որքա՜ն կը փափաքիմ ըլլալ մին անոնցմէ, պիտի հարցնեն Թագաւորին.«Տէ՜ր, ե՞րբ քեզ անօթի տեսանք եւ կերակրեցինք, ծարաւի` եւ խմցուցինք… Տէ՜ր, ե՞րբ քեզ պանդուխտ տեսանք եւ ընդունեցինք, կամ մերկ` եւ զգեստաւորեցինք… Տէ՜ր, ե՞րբ քեզ հիւանդ կամ բանտարկեալ տեսանք եւ այցելութեան եկանք քեզի…»:
Թագաւորին պատասխանը ոչ միայն շատ յստակ է, այլ նաեւ այս վայրկեանէն սկսեալ ըլլալու է սկզբունքն ու գործադրումը մեր ամէնօրեայ ապրելակերպին.«Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, ամէն անգամ, որ նման բարիք մը ըրիք այս փոքրիկներէն մէկուն, որոնք իմ քոյրերս
եւ եղբայրներս են, զայն ինծի՛ ըրիք»:
Յստակացաւ պայմանը կատարածային դատաստանէն ստանալու անցագիրը դէպի
աստուածասէր յաւերժութիւնը, որուն դէմ պիտի ըլլայ նաեւ աստուածատեաց յաւիտենականութիւնը, ուր պիտի ղրկուին «ձախակողմեանները» անվերադարձօրէն. «Հեռացէ՛ք ինձմէ, անիծեալնե՜ր. գացէ՛ք յաւիտենական կրակին մէջ, որ պատրաստուած է սատանային եւ անոր արբանեակներուն:
Որովհետեւ անօթեցայ, բայց դո՛ւք չկերակրեցիք զիս:
Ծարաւեցայ, բայց դո՛ւք չխմցուցիք ինծի:
Պանդուխտ եղայ, բայց դո՛ւք չընդունեցիք զիս:
Մերկ եղայ, բայց դո՛ւք չհագցուցիք ինծի:
Հիւանդ ու բանտարկեալ եղայ, բայց դո՛ւք չայցելեցիք ինծի»:
Խեղճերն իրաւունք ունին շանթահարուելու Դատաւորին անյետսկոչելի վճիռէն. «Տէ՜ր, ե՞րբ քեզ տեսանք անօթի, կամ` ծարաւի, կամ` պանդուխտ, կամ` մերկ, կամ` հիւանդ ու բանտարկեալ եւ չծառայեցինք քեզի»:
Պատմութեան, ժամանակին, տիեզերքին ու յաւերժութեան Տէրը, որ առաջնահերթօրէն մարդասէր է, ինչպէս ալ արդարասէր եւ արդարադատ է, կը պատասխանէ պարզօրէն.«Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, ամէն անգամ, որ մերժեցիք բան մը այս փոքրիկներէն մէկուն, ինծի ալ մերժեցիք»:
«Փոքրիկներէն մէկուն» հետ Տիրոջ նոյնացումը սքանչելիքներէն մին է մեր կրօնին, իսկ «Վերջին դատաստանին» միակ չափանիշը, որուն անունն է «եղբայրասիրութիւնը» եւ ասկէ «աւելի մեծը չկայ» (Մրկ. 12,31) աստուածասիրութեան պատուիրանին հետ:
Հուսկ, առանց մեկնաբանութեան կու տամ եզրակացութիւնը Ս. Գիրքին, որ Աստուածաշունչն է մեր հաւատքին.«Ձախակողմեանները պիտի երթան յաւիտենական տանջանքին, իսկ արդարները` աջակողմեանները, պիտի հասնին յաւերժական կեանքին» (Մտթ. 20,46):
Այնճար, 11 մայիս 2013
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ