Պէյրութ, Լիբանան
Հինգշաբթի՝ 25 Յունուար 2008ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը յուշանուէրով մը պարգեւատրեց հանգինտի կոչուած Գնդապետի Տեղակալ՝ Տիար Յովհաննէս Արթին Գալուստեանը իր 15 տարուայ ծառայութեան համար իբրեւ Պատրիարքական Թեմի հաշուապահ:
Յովհաննէս Գալուստեան ծնած է 1924ին Իսկէնտէրուն: Յաճախած է Իսկէնտէրունի Մօնասթէրի վարժարանը եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանը : 1939ին դասաւանդած է Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանէն ներս:
1942ին, Սէն Միշէլի զօրանոցին մէջ սկսած է աշխատիլ որպէս հաշուապահ զինուոր, ապա 1949ին դարձեալ որպէս հաշուապահ այս անգամ Նախագահական Պալատին մէջ:
Գիշերային դասընթացքներու հետեւելով կը տիրանայ զինուորական պաքալօրեայի եւ 1975ին կը դառնայ Գնդապետի Տեղակալ: 1977ին պարգեւատրուած է ստանալով Մայրիի Պատուոյ Լէգէոնի կարգը:
1980ին, հանգստեան կը կոչուի 38 տարիներու ծառայութենէն ետք:
1922ին կը ստանցնէ Պատրիարքարանի Թեմի հաշուապահութիւնը մինչեւ 31/12/2007:
Յովհաննէս Գալուստեան մատուցած է մեծ ծառայութիւններ թէ հայկական եւ թէ արաբական իմաստով, միշտ մօտ մնալով իր համաքաղաքացիներուն՝ Էյպէզցիներուն:
Լիբանանահայ կաթողիկէ համայնքը կը շնորհաւորէ Յովհաննէս Գալուստեանը եւ կը մաղթէ անոր յաջողութիւն, առողջութիւն եւ երջանկութիւն: