Ուրբաթ, 8 Փետրուար 2008 - Վարդանանց Տօնը Մեսրոպեան Վարժարանէն Ներս

 

Պէրութ, Լիբանան
 

 
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի աշակերտութիւնը այս տարի յատուկօրէն տօնեց Սրբոց Վարդանանց տօնը: Տօնակատարութիւնը ընթացաւ հանգրուաններով, սկսեալ Երեքշաբթի, 29 Յունուար 2008-էն: Այդ օրը, վարժարանի երկրորդական բաժինի 10րդ, 11րդ եւ 12րդ կարգերու աշակերտութիւնը հաւաքուեցաւ վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ, լսելու համար օրուան բանախօսը, որուն Վարդանանց նուիրուած տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ հրաւիրած էր վարժարանի տնօրէնութիւնը: Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ, որ բացատրեց թէ ինչո՞ւ քանի մը վայրկեաններ յետոյ ցուցադրուելիք տեսանիւթը խորքին մէջ կÿառընչուի Վարդանանց հերոսամարտին հետ: Տեսանիւթը, որ ցուցադրուեցաւ աշակերտութեան, Արցախեան գոյամարտին նուիրուած վաւերագրական ‎ֆիլմ մըն էր, որ կը պատմէր 1988 թուականէն սկսեալ մինչեւ Արցախեան պատերազմի աւարտը եղած անցուդարձերուն մասին:
Տեսանիւթին յաջորդեց օրուան բանախօսին ելոյթը: «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն՝ Շահան Գանտահարեան ըսաւ. «Վարդանանցը հայութեան կեցուածքի ճշդումի թուական է: Իսկ այսօրուան Յազկերտները՝ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանն են: Պէտք են նոր Վարդաններ՝ պայքարելու համար, կառչած մնալով մեր հաւատքին ու մշակոյթին»:
Յաջորդ օրը, Չորեքշաբթի, 30 Յունուար 2008-ին, նոյն լսարանին մէջ հաւաքուեր էին միջնակարգ բաժինի 7րդ, 8րդ եւ 9րդ կարգերու աշակերտները, որ դարձեալ դիտեցին նոյն տեսանիւթը, ապա խօսք առաւ օրուան բանախօսը՝ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի տնօրէն Ռա‎ֆֆի Տեմիրճեան, որ իր խօսքին մէջ կարեւորեց ազգի նահատակներուն դերը, ըսելով, որ «Վարդաններն են, որ կը կերտեն ազգի, ժողովուրդի պատմութիւնը: Այդ անձերը կու գան կերտելու ժողովուրդի ճակատագիրը»: Անդրադառնալով Վարդան Մամիկոնեանի անձին, Պր. Տեմիրճեան ըսաւ. «Խօսելով Վարդան Մամիկոնեանին մասին, մենք չենք խօսիր մարդու մը մասին, որ եկած եւ անցած է: Մենք կը խօսինք մարդու մը մասին, որ կերտած է հայոց պատմութիւնը»: Այնուհետեւ շարունակելով Պր. Ռ. Տեմիրճեան ըսաւ. «Վարդան Մամիկոնեան իր ժողովուրդի դիմագիծի հիմնական ներկայացնողն էր իր նկարագիրով: Ան նահատակուեցաւ խիզախութեամբ եւ միւս բոլոր նահատակները հետեւեցան անոր ճանապարհին, ինչպէս Գէորգ Չաուշ եւ ուրիշներ եւ նոյնիսկ՝ Հրանդ Տինք»: Աւարտելով իր խօսքը, բանախօսը ներկայի հայ աշակերտութեան մաղթեց. «Ճանչնալ մեր պատմութիւնը, քալել Վարդանի ճամբով»:
 

 
Վարժարանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնելով օրուան բանախօսին, խօսքը ուղղեց աշակերտներուն, յատկապէս ցանկութիւն յայտնելով, որ ապագային անոնք իրենց ապրած կեանքով կարենան նմանիլ ազգի հերոս Վարդաններուն, իրենք ալ փորձելով դառնալ «մէկական Վարդաններ»: Պր. տնօրէնի պատուէրով աշակերտները սրահէն անմիջապէս ուղղուեցան դէպի վարժարանի բակը կանգնեցուած Մեսրոպ Մաշտոցի յուշակոթող, ուր օրհնութիւն ստանալով Ս. Մեսրոպի ձեռքին բռնած Այբուբենը պարունակող գիրքին առջեւ երդուեցան, հաւատարիմ մնալու իրենց մեծերէն ժառանգած ազգային արժէքներուն, գուրգուրալով մայրենի լեզուին վրայ, չմոռնալով ազգի պատմութիւնը, ամրօրէն կառչած մնալով կրօնին եւ ազգային արմատներուն, ինչպէս իրենց ժամանակին ըրին Վարդանանց հերոսները:
Վարժարանի նախակրթարանի աշակերտներէն 1ին, 2րդ եւ 3րդ դասարաններու աշակերտութիւնը մասնակցեցաւ Վարդանանց օրուան նուիրուած գծագրական մրցոյթին: Լաւագոյն գործերէն առաջին, երկրորդ եւ երրորդ  կարգերու մրցանակներ ստացան աշակերտներ Անտրէ-Վահէ Տումանեան, Սիպէլ Եափուճեան եւ Հայկ Թապագեան: Իսկ 4րդ, 5րդ եւ 6րդ դասարաններուն համար սահմանուած էր մրցանքի այլ ձեւ մը: Անոնց տրուեցաւ շարադրութեան նիւթ՝ «Հանդիպում Քաջ Վարդան Մամիկոնեանին հետ, մէկ օրուան համար» խորագիրով: Լաւագոյն շարադրութիւններէն դարձեալ եղան առաջին, երկրորդ եւ երրորդ կարգերու մրցանակակիրներ, յանձինս աշակերտներ Ռիթա Թէքէեանի, Սիրակ Թորանեանի եւ Շանթալ Իսահակեանի:
Այսպիսով Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտութիւնը աւարտեց Վարդանանց հերոսամարտի յիշատակի օրուան նուիրուած ձեռնարկներու շարքը:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ