Երեքշաբթի, 21 Յունիս 2011 - Գ. Հարպոյեան վարժարանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէս

 
Զալքա, Լիբանան

Շաբաթ, 18 յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսն ու վկայականներու բաշխումը, ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Շրջանաւարտներու մուտքով եւ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ սկսաւ հանդիսութիւնը, որուն առաջին բաժինով մանկապարտէզի աշակերտները բարի գալուստի խօսքերով եւ երգերով սկսան գեղարուեստական յայտագիրը:
Ապա խօսք առաւ Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան: Ուսուցիչներուն գործունէութիւնը գնահատելէ ետք, ան շեշտեց, որ աշակերտներուն յաջողութիւնները միայն վարժարանի անձնակազմին տարած աշխատանքին արդիւնքը չէ, այլ` ուսուցիչ-աշակերտ-ծնողք եռեակին, որ կը կազմէ մէկ ամբողջութիւն:
Պոյաճեան ծնողներուն ըսաւ. «Մենք հպարտ ենք ձեզմով, որովհետեւ անտեսեցիք օտար վարժարաններու բոլոր հրապուրիչ երեւոյթները եւ ձեր զաւակը առաջնորդեցիք հայկական օճախ մը: Վստահ եղէք, որ վաղն ալ յուսախափ պիտի չմնաք»: Ռիթա Պոյաճեան աւելցուց, որ այս շրջանաւարտները ապագային պիտի ըլլան մեր հայ դաստիարակները, արուեստագէտները, վարժարաններու տնօրէնները, բժիշկները, փաստաբանները եւ եպիսկոպոսներն ու կաթողիկոսները:
Իր կարգին, երաժիշտ Կի Մանուկեան, իբրեւ հանդիսութեան հովանաւոր, նշեց, որ ինք հպարտ է, որ յաճախած է հայկական դպրոց, քանի որ հայկական դպրոցները հայկական ընկերութեան հիմքը կը կազմեն:
Մանուկեան ըսաւ, որ նիւթական կարողութիւն ունեցողները պէտք է օգտակար դառնան հայկական դպրոցներուն, որպէսզի արձանագրուին յաւելեալ զարգացումներ: Այս առիթով, Կի Մանուկեան յայտնեց, որ ինք եւ իր եղբայրները յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի նորոգեն վարժարանի պասքէթպոլի դաշտի, ինչպէս նաեւ տարեկան դրութեամբ նիւթական օժանդակութիւն պիտի տրամադրեն կարիքաւոր սաներուն:
Վկայականներու բաշխման արարողութենէն ետք, արհի. հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան յայտնեց, թէ 18 շրջանաւարտներու ծնողներուն աշխատանքը գնահատելի է, որովհետեւ անոնք մեծ զոհողութիւններ կը կատարեն: Թէյրուզեան եպիսկոպոսը յոյս յայտնեց, որ աշակերտները ապագային պատիւ կը բերեն հայութեան եւ Եկեղեցւոյ:
Երեք խօսքերուն յաջորդեց մանկապարտէզի առօրեան նկարագրող տեսաերիզի ցուցադրութինը: Գեղարուեստական յայտագիրի Բ. մասով մանկապարտէզի աշակերտները ներկայացուցին կոկիկ եւ հաճելի գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն նիւթն էր փոքրիկներուն իրաւունքները: Աշակերտները երգերով, պարերով եւ արտասանութիւններով արտայայտեցին իրենց կարծիքները եւ ներկայացուցին իրենց կարողութիւններն ու գիտելիքները:
Օտար երգերուն եւ պարերուն կողքին, հնչեղ էր հայկական շունչով եւ մթնոլորտով հանդէսին աւարտը, երբ ներկաներուն բաժնուած եռագոյն դրօշներու ծածանումով ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն` շարունակելու նախորդ սերունդներու սկսած ուղին եւ պահպանելու հայութեան պատմութիւնն ու դարաւոր ժառանգութիւնը:
2010-2011 տարեշրջանի հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի շրջանաւարտներն են` Յարութ Արզումանեան, Գէորգ Բորբոսեան, Սելին Գոգեան, Սերժ Թասլաքեան, Ճէսի Թիւթիւնճեան, Լեւոն Մարաշլեան, Յակոբ Ուրֆալեան, Միսաք Պաղտասարեան, Ռալֆ Պասթրմաճեան, Ներսէս Պետրոսեան, Արեւ-Մարիա Պոյաճեան, Գէորգ Պոյաճաեն, Լիանա Սիմոնեան, Մարինէ Փամպուքեան, Սարին Քիւրքճեան, Սէրլա Օհաննէսեան եւ Թամի Ֆրէնկիչեան:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ