30 Հոկտեմբեր 2006, Երկուշաբթի ժամը 11-ին, Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց փոխ այցելութիւնը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որուն ուղեկցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հոգշ. Հ. Նորայր Ծ.Վ. Աշըգեան, Հոգշ. Հ. Գրիգոր Ծ.Վ. Չիֆթճեան, Հոգշ. Մեսրոպ Աբղ. Սարգիսեան եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Ցոլակ Թիւթելեան:
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումին ներկայ եղան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Օգնական Եպիսկոպոս Արհի. Հ.Յովհաննէս Թէյրուզեան, Զմմառու Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Գերպ. Հ. Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Եղիայեան, ժողովրդապետ Հայրեր՝ Գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան, Հ. Գէորգ Վրդ. Ասատուրեան, Հ. Նարեկ Վրդ. Լուիսեան, Հ. Ղեւոնդ Վրդ. Քենտիրճեան եւ Տիար Սարգիս Նաճարեան:
Հանդիպման ընթացքին, եղբայրական ջերմ մթնոլորտի ներքեւ տեղի ունեցած խօսակցութիւնը շօշափեց մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ Պատրիարքներու 16-րդ Համաժողովին արդիւնքները, քրիստոնեաներու շրջանի երկիրներէն արտագաղթի պատճառներուն զանազան երեսները, հայ նորահաս սերունդներու ազգային եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան խնդիրը, Հայկական վարժարանները յուզող խնդիրները, Լիբանանի քաղաքական իրավիճակը՝ զայն բարելաւելու համար թափուող միջազգային ճիգերու լոյսին տակ եւ շրջանային կացութեան զարգացումները: Շեշտուեցաւ Լիբանանի Հայ համայնքը յուզող հիմնախնդիրներուն մէջ քաղաքական եւ հատուածական նկատումներէն վեր մնալով՝ միասնական դիրքորոշումով հանդէս գալու պայմանը, եւ այս ուղղութեամբ Հոգեւոր Պետերուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետը հրաժեշտ առաւ Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջմէ յաջողութեան մաղթանքներով: