Լիբանան
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը եւ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւնը կը գուժեն մահը հայր Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Ճուրեանին, որ պատահեցաւ Կիրակի 17 Նոյեմբերին, 2008, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեքշաբթի 18 Նոյեմբեր 2008, ժամը 15.00ին Զմմառու Վանական Եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ մարմինը պիտի փոխադրուի միաբանական դամբարանին մէջ:
Կայքէջի Պատրիարքական Յանձնախումբը կը ցաւակցի անոր պարագաներուն եւ Զմմառու Միաբանութեան Վարչութեան եւ անդամներուն հետ, այս մեծ կորուստին համար: Թող Աստուած ընդունի զինք իր Արքայութեան մէջ եւ Եկեղեցւոյ եւ միաբանութեան տայ նորանոր կոչումներ: