Հինգշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2012 - Հաւատքի Տարուան պաշտօնական բացումը Վատիկանի մէջ


Վատիկան

Հինգշաբթի 11 հոկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Վատիկանի սուրբ Պետրոսի մայր  տաճարին մէջ, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը պաշտօնական բացումը կատարեց Հաւատքի Տարուան, որ հռչակած էր առաքելական յորդորագիրով մը այս տարւոյն սկիզբը: Այս հոգեպարար արարողութեան մասնակցեցան Արեւելեան Եկեղեցիներու պատրիարքներ, արքեպիսկոպոսներ եւ համայն աշխարհէն՝ «Նոր Աւետարանացում» խորագրով տիեզերական կաթողիկէ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի մասնակից եպիսկոպոսներ եւ 50 տարի առաջ գումարուած վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի աշխատանքներուն մասնակից եպիսկոպոսներ։ Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի դպիրները եւ նորընծաները եւս ներկայ գտնուեցան Հաւատքի Տարուան բացման արարողութեան, որ կը զուգադիպի Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի յիսնամեայ յոբելեանին հետ։

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը այս առթիւ նշած էր իր ելոյթին մէջ «Նոր Աւետարանացում» խորագրով եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընթացքին, թէ Հաւատքը քրիստոնէական կեանքին գլխաւոր նեցուկն է, զոր այս սիւնհոդոսը կ'ուզէ փոխանցել հին քրիստոնէական աւանդութիւններ ունեցող ժողովուրդներուն եւ ոչ մկրտեալներուն, որոնց մաս կը կազմէ հայ ժողովուրդը:  

Հոգեւոր Տէրը յայտնած էր, որ Եկեղեցւոյ կոչը կենդանի հաւատքը ապրելու եւ տարածելու պարտաւորութիւնը Վատիկանի Բ. Ժողովէն ի վեր, եւ որուն յաջորդեցին Պօղոս Զ. եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապերը, նոր մղում մը ստացաւ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ՝ «Նոր Աւետարանացում» խորագրով եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի գումարումով եւ Հաւատքի Տարիի հռչակումով։ Ան շեշտած էր, թէ ասիկա նոր հանգրուան մըն է, որ կը խթանէ քրիստոնեաներուն կրկնապատկելու կորովը, գտնելու համար նոր եւ համոզիչ միջոցներ, որոնք կը վերակենդանացնեն հաւատքը եւ կը ներգրաւեն ոչ մկրտեալները կեանքի օրինակին հետեւելով եւ Աստուծոյ Խօսքը հռչակելով։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ