Երեքշաբթի, 15 Մարտ 2011 - Ամեն. Հոգեւոր Տէրը վերադարձաւ Հռոմէն

 

Պէյրութ

Ամեն. Հոգեւոր Տէրը վերադարձաւ Հռոմէն, ուր նախագահեց հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մնայուն սիւնհոդոսին ժողովներուն, որոնց մասնակցեցան նաեւ մնայուն անդամները: Ամեն. հոգեւոր տէրը իր Հռոմ կեցութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Վատիկանեան եւ հոգեւոր ինչպէս նաեւ Իտալիոյ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ: Հոգեւոր տէրը նաեւ կիսասարկաւագի պաշտօնը տուաւ Րոպէր Աթթարեանին, որ այժմ տնօրէնն է դելեբաչէ արմենիայի եւ գործակից Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնին: Ամեն. հոգեւոր տէրը յատուկ տեսակցութիւն մը ունեցաւ հաղորդամիջոցներու յանձնախումբի նախագահ մոնսինիոր Չելլիի հետ, հաղորդամիջոցներու կարեւորութեան մասին, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունեցաւ կարդինալ Էնիօ Անդոնելլիի հետ, որ ընտանիքի Վատիկանեան յանձնախումբին նախագահն է: 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ