Երկուշաբթի, 29 Յուլիս 2013 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Գիտնականները Կ՛աղօթե՞ն»…

Այնճար

Սիրելի՛ ընթերցող, կիրակնօրեայ աւետարանին մասին սիւնակս գրելու մտադրանքս փոխեցի, երբ այսօր կարդացի «Գիտնականները կ՛աղօթե՞ն» վերտառեալ գրութիւնը` որոշելով պատասխանել այս շատ կարեւոր հարցումին, քանի առնչուած է մեր առօրեային ու յաւերժութեան հետ:

Պատասխանիս ներածականը կ'առնեմ Սուրբ Գիրքէն, որ Տիրոջ աստուածաշունչ Խօսքն է բոլոր անոնց, որոնք կ'ուզեն լեցուիլ «շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ» (Յվհ. 1,14):
«Բարի սրտին մէջ կը հանգչի իմաստութիւնը, եւ անմիտներու սրտին մէջ անծանօթ է այդ (Առ. 14,33): Իմաստուններու շրթունքները հաստատուած են իմաստութեամբ. անմիտներու սրտերը անսխալ չեն (Առ. 15,7): Անմիտներու խրատը չար է (Առ. 16,22): Անմիտը կը քալէ խաւարին մէջէն (Ժղ. 2,14): Անմիտին գիտութիւնը խօսքեր են առանց քննութեան (Սիր. 21,21): Անմիտին հետ ճանապարհորդակից մի՛ ըլլար (Սիր. 22,15)»:

Ուրեմն, «գիտնականները կ'աղօթե՞ն եւ ի՞նչ բանի համար կ'աղօթեն», կը հարցնեն մանուկները, որոնք, ի վերուստ օժտուած պարզութեամբ «յատուկ կարողութիւն մը ունին … ամէնէն բարդ երեւոյթներու խորքը թափանցելու` չափահասները մղելով, որ վերատեսութեան ենթարկեն իրենց ենթադրութիւններու բազմաշերտ խաւերը»:

Այսպէս, իր կրօնագիտական ենթադրութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու առիթ մը ներկայացաւ «հանճարեղ գիտնական, մեծն Ալպերթ Այնշթայնի»-ն (1879-1955), երբ ան ամերիկեան կիրակնօրեայ դպրոցի մը վեցերորդ դասարանի աշակերտներէն ստացաւ վերոնշեալ երկու հարցումները բովանդակող 19 յունուար 1936 թուակիր նամակը, որուն պատասխանեց 24 յունուար 1936-ին:

Առաջին` տրուպիս զարմանալի կը թուի այս հաստատումը, թէ` «Այնշթայնի պատասխանը կը կրէ գիտութեան … ոգեղէն որակը», որուն թէ՛ ըմբռնումը մանուկներէն կը մնայ հարցական եւ թէ՛ անոր աղօտութիւնը փախուստ է հարցումէն:

Երկրորդ` ոչ միայն սխալ է ընդհանրացնել «գիտնականներ»-ով, այլ նաեւ տրամաբանութեան խոշոր վրիպանք է այս խօսքին պարունակած միտքը: Ուստի գրելու էր, որ գիտնականներէն ոմանք «կը հաւատան, թէ իւրաքանչիւր պատահար, ներառեալ` մարդ արարածին պատահող բաները, արդիւնք են բնութեան օրէնքներուն»:

Երրորդ` «հետեւաբար գիտնական մը չի կրնար հակամէտ ըլլալ հաւատալու, թէ աղօթելով կրնայ ներգործութիւն ունենալ իրերու ընթացքին վրայ, այսինքն` գերբնական մակարդակի վրայ արտայայտուած փափաքով մը»: Եթէ այս թիւր սահմանումին հեղինակ Այնշթայն չի կրնար, ապա մեծ հարց է անոր հասողութեան, քանի փաստօրէն գիտենք, որ անթիւ գիտնականներ ոչ միայն հակամէտ են, այլ նաեւ կը հաւատան, «թէ աղօթելով կրնան ներգործութիւն ունենալ իրերու ընթացքին վրայ»:

Չորրորդ` ճիշդ է, որ` «պէտք է ընդունինք, թէ այս ուժերուն մասին մեր գիտութիւնը կատարեալ չէ: Հետեւաբար, ի վերջոյ վախճանական գերագոյն ոգիի մը գոյութեան գաղափարը հիմնուած է որոշ տեսակի հաւատքի մը վրայ: Նման հաւատք մը լայնատարած ներկայութիւն է, նոյնիսկ` գիտական ժամանակակից իրագործումներուն առընթեր»:  Վերացական տարտամութիւնն ու մտային բառախաղը «գիտութիւն» կ՛որակուին` նախընտրելով Աստուածաշունչի յստակ բառերէն եւ սահմանումներէն:

Գործածել «գերագոյն ոգիի մը» յորջորջումը «գիտութիւն» է եղեր, բայց «Աստուած» անունին կիրարկումը` ո՛չ: Այսպէս, առաջին պարագային` «գիտնական» ես, իսկ
երկրորդին` «սուրբգրային ես լոկ»: Պատասխանս շատ պարզ է. «Չի բաւեր մտքի հանճար ըլլալ, այլ ըլլալու է նաեւ հոգիի հանճար, որ կարենաս յստակ, լման եւ ուղիղ խորհիլ, հասկնալ ու սահմանել», ինչպէս ուղիղ խորհեցան, հասկցան ու սահմանեցին, օրինակի համար, Մեսրոպ Մաշտոց, Գրիգոր Նարեկացի, Պլեզ Փասքալ եւ Փիեռ Թէյլարտ տը Շարտեն հանճարները:

Հինգերորդ` վերացական տարտամութեան ու մտային բառախաղին «գիտական» բանաձեւումին զենիթն է Այնշթայնին այս վարկածը, որ թէպէտ խորքին մէջ վարանոտ քայլ է ըլլալու համարեա «սուրբգրային». «Սակայն նաեւ ոեւէ անձ, որ լրջօրէն կ՛աշխատի գիտական մարզին մէջ, կը համոզուի, թէ տեսակ մը ոգի գոյութիւն ունի տիեզերքի օրէնքներուն մէջ: Ոգի մը, որ շատ աւելի հզօր կերպով գերադաս է մարդէն»:

Վեցերորդ` նամակին վերջին նախադասութիւնը, որ կը թուի ըլլալ անուղղակի պատասխանը հարցնող մանուկներուն, սխալաշատ եզրայանգումն է ծայրայեղ հրեայ հանճարին, որ ինքզինքը «agnostic» կը յորջորջէր` առանց ինքզինք, սակայն, «անաստուած» պիտակել ուզելու.«Այսպէս, գիտութեան կիրարկումը կ՛առաջնորդէ կրօնական որոշ զգացումներու, ինչ որ վստահաբար տարբեր է աւելի պարզունակ անձի մը կրօնական զգացումներէ»:

Եզրակացութիւնս: Առաջին ու վերջին անգամը չէ, որ տաղանդաւոր միտք եւ հանճարեղ գիւտարար մը չկարենայ յստակ հարցումին յստակ պատասխանը տալ, ինչպէս չկրցաւ տալ Այնշթայն, որ իր կեանքին վերջաւորութեան խոստովանեցաւ, թէ կը հաւատայ հրեայ Փարուք Սփինոզա փիլիսոփային «համաստուածեան» տեսութեան աստուծոյն, բայց` ո՛չ անձնաւորեալ Աստուծոյ, որուն հաւատքը կը քննադատէր միշտ:

Եզրափակիչ պատասխանս: Այո՛, անթիւ գիտնականներ ու հանճարներ կ՛աղօթեն, որովհետեւ գիտնակա՛ն ու հանճա՛ր են, բայց միաժամանակ մարդ ըլլալով` պահանջը կը զգան եւ տենչը կ՛ունենան աղօթելու, կը հաւատան աղօթքին, կը յուսան աղօթքէն ու կը սիրեն աղօթքը, քանի այսպէս կը գործադրեն իրենց աղօթող եւ աղօթել սորվեցնող հանճարամիտ ու լուսագէտ Վարդապետին այս այժմէական հրահանգը.«Հսկեցէ՛ք եւ աղօթեցէ՛ք միշտ» (Ղկ. 21,36):

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 22 յուլիս 2013


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ