Երկուշաբթի, 25 Յունիս 2012 - Գ. Հարպոյեան վարժարանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէս


Զալքա, Լիբանան

Կիրակի, 18 յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 6։30-ին, «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գ. Հարպոյեան վարժարանի Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէս, ներկայութեամբ արհիապատիւ հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի, արհիապատիւ հայր Ռա‎ֆայէլ Մինասեանի (առաջնորդ Հայաստանի եւ Վրաստանի կաթողիկէ թեմի), գերյարգելի հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի եւ գերապատիւ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանի եւ նախագահութեամբ  Տէր եւ Տիկին Գրիգոր Թերզեանի։

«Պհըպպաք Եա Լըպնան» եւ «Կարմիր, Կապոյտ, Ծիրանագոյն» երգերով, հայաստանեան եւ լիբանանեան հայրենիքներուն հանդէպ յարգանքի արտայայտութեամբ հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ։ Ապա շրջանաւարտներու իշխանական մուտքով, Ծաղիկ դասարանի աշակերտները երգեցին ու բացման խմբային խօսքով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Մանկապարտէզի ուսուցիչներուն եւ բեմ հրաւիրեցին վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանը։

Տիկ. Պոյաճեան ներկաները ողջունելէ ետք նշեց, թէ «կատարեալ դպրոց գոյութիւն չունի, այլ գոյութիւն ունին կատարելութեան ձգտող կրթօճախներ, որոնցմէ է Հարպոյեան վարժարանը, որ իր 25 տարուան կեանքին ընթացքին միշտ փորձեց բարելաւել իր գործունէութիւնը, արձանագրեց բազմապիսի նուաճումներ եւ կը շարունակէ ձգտիլ յառաջդիմութեան եւ նորանոր բարձունքներու»։ Ապա, ան իր խօսքը ուղելով շրջանաւարտ երախաներուն ըսաւ. «Դուք այսօր մատղաշ, անուշիկ թռչուններու նման պատրաստ էք Մանկապարտէզի մէջ ձեզի տրուած թեւերը օգտագործելով թռիլ ձեր մանկական բոյնէն եւ մուտք գործել նախակրթարան՝ դէպի աւելի լայն հորիզոններ։ Մանկապարտէզին մէջ դուք սորվեցաք գրել ու կարդալ, աղօթել եւ երգել, եւ այսօր պահը եկած է վկայական առնելով հրաժեշտ տալու այս նախնական հանգրուանին», մաղթելով որ «տարիներ ետք արժանի ըլլաք այս դպրոցին մէջ աւելի բարձր վկայականներու արժանանալու»։ Տիկ. Պոյաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց հանդէսին նուիրատուներուն եւ նախագահ ընտանիքին, որ միշտ քուլիսներու ետին նեցուկ կը կագնի դպրոցին գոյատեւման։

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի վարժարաններու տնօրէն՝ Թէյրուզեան եպիսկոպոսը երկրորդելով տնօրէնուհիին խօսքը ըսաւ, թէ «Աստուած ալ այս անմեղ մանուկները վստահած է մեզի, որ զանոնք որպէս հայ եւ քրիստոնեայ մարդ կերտենք։ Եւ մենք, տնտեսական բոլոր տագնապները ձեռք ձեռքի տուած պէտք է դիմագրաւենք, որպէսզի կարենանք լաւագոյնը տալ մեր պզտիկներուն»:
Գերապայծառ հօր, հանդէսի նախագահ ամոլին եւ տնօրէնուհիին ձեռամբ վկայականներու բաշխումէն ետք կատարուեցաւ սահիկներու ցուցադրութիւն մը, որ կը ներկայացնէր մանկապարտէզի աշակերտներուն այս տարուան գործունէութիւնը:
Այնուհետեւ, Ծաղիկ դասարանի աշակերտները թատերական ներկայացումով մը գտնուեցան ռատիոկայանի մէջ, ուր սկիզբը «գանգատեցան» իրենց տրուած անվերջ դասերէն եւ խրատներէն, ապա մտածելով եւ անդրադառնալով դպրոցին կարեւորութեան, երգու ու պարով, կարկանդակ հատելով նշեցին վարժարանին հիմնադրութեան առիթը:
Յայտագրի վերջին բաժնով աշակերտները երգեցին, արտասանեցին ու պարեցին, որմէ ետք Տիկ. Պոյաճեան բեմ բարձրանալով շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին՝ իրենց աշխատանքներուն ու նուիրուածութեան համար: Ապա շրջանաւարտ դասարանի աշակերտներուն ծնողները շրջափակին մէջ մասնակցեցան օրուան հիւրասիրութեան:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Գ. ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
   

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ