Չորեքշաբթի, 15 Փետրուար 2012 - Աղեքսանդրիոյ կաթողիկէ հայոց առաջնորդին քառասնորդացի պատգամը


Եգիպտոս

«Մեծ Պահքը Աստուծոյ Խօսքին ընկալումը» նիւթին մասին, Աղեքսանդրիոյ կաթողիկէ հայոց առաջնորդ գերապայծառ Գրիգոր եպս. Գուսան իր պատգամին մէջ կը հրաւիրէ հաւատացեալները ապաշխարութեան եւ Աւետարանի հոգիով ապրելու։ Հետեւաբար Մեծ Պահքը բարեպատեհ առիթ մըն է զղջումի ու դարձի դէպի Հայր Աստուած, նման անառակ որդիին, որ ճանչնալով իր կատարած մեղքը զղջաց ու իր հօր մօտ վերադառնալով իրմէ ներում խնդրեց։
Քրիստոնեան, որ կը մարմնացնէ Քրիստսը իր կեանքով ու գործերով, հետեւելով Աւետարանի խրատներուն, պէտք չէ կղզիանայ. ընդհակառակն ան կանչուած է բացուելու ուրիշներուն ու զարդարուելու աստուածսիրութեամբ ու եղբայրսիրութեամբ։ Հետեւաբար քառասնորդացը ճանապարհ մըն է դէպի ուրիշը բացուելու ու բաժնեկցելու՝ եղբօր ցաւն ու խաչը։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ