Լիբանան
Հինգշաբթի 30 Ապրիլ 2009-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց երկրորդական վարժարանին, վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ եղեռնի ոգեկոչման հանդիսութիւն՝ ներկայութեամբ հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի, հոգեւոր հայրերու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի թեկնածու Կրեկուար Գալուստին, վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, ծնողներուն եւ աշակերտներուն:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք եւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելէ ետք մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը, ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Հայկազ Էյլենճեան, որ նշեց, թէ հայութիւնը պէտք է պահէ նահատակներուն կտակը՝ պահպանելով հայերէնը, մշակոյթն ու աւանդութիւնները: Ան հաստատեց, թէ հանգիստ չկայ, մինչեւ որ հայութիւնը վերատիրանայ իր ամբողջական իրաւունքներուն:
Գեղարուեստական յայտագիրին մէջ Մարկարիթա Ախիքեան արտասանեց Դանիէլ Վարուժանի «Ձօն»ը, ապա նախակրթարանի աշակերտները երգեցին «Հանգչեցէ՛ք, դուք անդորր» եւ «Հայրենիքիս հետ» երգերը: Ապա Նենսի Աւագեան (ջութակ) եւ Ժան-Փիեռ Աստիկեան (դաշնակ) նուագեցին «Կիլիկիա»ն, իսկ սրինգով Հայկ Քեշիշեան, Ժան-Փոլ Մալեան եւ Փիեռ Աւետիքեան, որոնց դաշնակով կ’ընկերակցէր Առէն Տօնէրեանը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Կարօ Յովհաննէսեան, որ նշեց, թէ ապրիլ ամիսը հայութեան զգայնութեան ամիսն է, որուն ընթացքին բոլոր հայերը կ’արտայայտեն իրենց պոռթկումը: Ան հաստատեց, թէ անընդունելի է Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ Ցեղասպանութեան յիշատակի օրէն մէկ-երկու օր առաջ Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւնը, որուն ծալքերը տակաւին չեն բացայայտուած: Այս գծով Յովհաննէսեան ըսաւ, թէ թրքական «Սապահ» օրաթերթին մէջ համաձայնութեան մասին պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբին ու այլ հարցերու մասին մանրամասնութիւններ կան, որոնք եթէ այդպէս են, ցաւալի է իրողութիւնը:
Հայ դատի պահանջատիրութեան հանգրուանները նշելէ ու արժեւորելէ ետք Կարօ Յովհաննէսեան նշեց, թէ Ցեղասպանութեան 50-ամեակին հայութիւնը առաջին անգամ ըլլալով հաւաքաբար արտայայտեց իր տեսակէտը:
Բանախօսը յայտնեց, որ Սփիւռքի մէջ ներկայիս ինքնութեան հարց կայ, որուն համար բացատրութիւնը շատ պարզ է՝ «մենք հայեր ենք լիբանանեան քաղաքացիութեամբ»: Իր խօսքի աւարտին Կարօ Յովհաննէսեան ըսաւ, թէ Սփիւռքը կը զօրանայ, երբ իւրաքանչիւր հայ կը դառնայ Հայ դատի քարոզչական միաւորին մէկ ներկայացուցիչը:
Ապա Ժան-Փիեռ Աստիկեան նուագեց Շոփենի 6-րդ վալսը, որմէ ետք Ալեքսանտր Պուտագեան երգեց «Սարդարապատ»ը, իսկ խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին Ժագ Ս. Յակոբեանի «Տէր Զօր»ը, ապա ներկայացուեցաւ ազգագրական պար մը:
Հանդիսութեան աւարտին երգչախումբին կողմէ «Փուրթուա Արմենի» երգին կատարումէն ետք, Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց երկրորդական վարժարանին տնօրէն քոյր Արմինէ Մակարոսեան շեշտեց, թէ Հայ դատին արդար հետապնդումը կ’ենթադրէ անդուլ կամք եւ վճռակամութիւն: Մակարոսեան կոչ ուղղեց աշակերտներուն վերանորոգելու իրենց ուխտը, ապա խօսք առաւ Հայր Վարդան եպս. Աշգարեան, որ հաստատեց, թէ թալէաթներու ծրագիրը չիրականացաւ եւ հայը կը գոյատեւէ ու պիտի շարունակէ գոյատեւել: Մեծ եղեռնի հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ»ով: