Չորեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2008 - Հայր Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Ճուրեան՝ Օրինակելի Մարդը եւ Մտաւորականաը

 
Հայր Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Ճուրեան ծնած է 1931-ին, Քեսապի շրջակայքի Չինարճըք գիւղին մէջ: Զաւակը Յովսէփի եւ Զարուհիի, յաճախած է Քեսապի Ֆրանչիսկեան հայերու մանկապարտէզը եւ ապա անոնց նախակրդարանը: 1945-ին, այն ժամանակ Հայր Պետրոս Ադամեան Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետի առաջարկով, որ միաժամանակ կրօնի դասատուն էր, Հայր Մեսրոպ կ’որոշէ յաճախել Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւնը: Հետեւաբար, Հոկտեմբերի առաջին օրերուն, Հայր Կոմիտաս Պէօչիքեանի եւ Մովսէս Պետրչիքեանի հետ ճամբայ կ’ելլեն դէպի Լիբանան: Դպրոցական տարիներուն իր մեծաւորները եղան յաջորդաբար՝ հայր Ռափայէլ Պայեան, հայր Օգոստինոս Հատտատ եւ 1949-էն 1953 լուսահոգի հայր Գէորգ Լայեքեան:
1949-ին, հայր Մեսրոպ կը յաճախէ Ճիւնիի նորակառոյց դպրեվանքը, որուն բացումը կատարած էր երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս պատրիարքը: Ան կը յաճախէ Մարիստ եղբայրներու վարժարանը մինչեւ «պաքալորիա» եւ 1953-ին եօթը նորընծաներու հետ կը մեկնի Հռոմ, ուր մինչեւ 1959 կը յաճախէ Յիսուսեան հայրերու Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանը՝ տիրապետելով իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան մասնագիտութեանց, աւարտաճառի նիւթ առնելով «Փլորէնտեան Ժողովին Վճիռը Վասն Հայոց»: Կեցութեան առաջին տարին, Լեւոնեան դպրեվանքի մեծաւորն էր երջանկայիշատակ Պետրոս եպս. Քէտիճեանը, փոխ մեծաւոր ունենալով հայր Յովհաննէս Գասպարեանը: Մէկ տարի ետք, դպրեվանքի մեծաւորութիւն յանձնուեցաւ Սիւլփիսեան հայրերուն:
1959-ի ձմեռը, Հռոմի մէջ, Հայր Մեսրոպ Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեան Հոգեւոր Տիրոջմէ կը խնդրէ երկու սարկաւագներու հետ միասին իր քահանայական ձեռնադրութիւնը կատարուի Պէյրութի մէջ Ս. Զատկուան տօնին առթիւ, ծնողներուն ներկայութեամբ: Ուրեմն, 1959-ի Աւագ Շաբթուան սկիզբը, երեք սարկաւագներ, Ներսէս Թոսունեան, Գրիգոր Կապրոյեան եւ Մեսրոպ Ճուրեան Իտալական Եսփերիա նաւով կը մեկնին դէպի Պէյրութ եւ 28 Մարտ 1959-ին, երջ. Գրիգոր Պետոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս պատրիարքի օրհնութեամբ տեղի կ՛ունենայ անոնց քահանայական ձեռնադրութիւնը նորակառոյց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս.Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, միաբան հայրերու եւ ընտանեկան պարագաներու ներկայութեամբ:
Հայր Մեսրոպ Ճուրեան առաջին Ս. Պատարագը մատուցեց Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ Ս. Զատկուան օրը:

Քահանայական Առաքելութիւն

Հայր Մեսրոպի առաջին առաքելավայրը եղաւ Պուրճ Համուտ, իբր փոխ ժողովրդապետ եւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի ուսումնապետ 1959-էն մինչեւ 1960: Դպրոցական տարուայ աւարտին կը կանչուի Զմմառ, իբր փոխ- մեծաւոր եւ միաբանութեան վարչական անդամ: Յաջորդ տարին, հայր Մեսրոպ կը յաջողի համոզել այն ժամանակ վանքի մեծաւոր հայր Մեսրոպ վրդ. Թէրզեանին, որպէսզի նորընծաները իրենց ուսումը ստանան դպրեվանքէն ներս, ժամանակ տալու տոհմային նիւթերու դասաւանդութեանց: Դպրեվանքի ծառայութիւնը տեւեց միայն երեք տարի՝ 1960-էն 1963:
1963-ին, կ’անուանուի տնօրէն Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Ալիշան նորակառոյց վարժարանի, բարերարութեամբ Ժան Գութսիի: 1967-ին կառավարութիւնը կը պետականացնէ երկրի ազատ կրթական հաստատութիւնները, սակայն ի վերուստ եկած հրահանգին համաձայն կը մնայ Դամասկոս: Ալիշան վարժարանը կը փակուի պետական վճիռով, սակայն շաբաթը երկու անգամ կը կազմակերպէ կրօնական ուսուցումի դասընթացքներ համայքի դպրոցականներուն եւ զաւակներուն համար:
1969-ին կը կանչուի Պէյրութ եւ Իգնատիոս Պաթանեան կաթողիկոսը իրեն կը յանձնէ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնը:
1981-ի Յունիսին, հայր Մեսրոպ վարժարանը կը ձգէ եւ կը հաստատուի Զմմառ: 1983-ին ընդառաջելով Ամենապատիւ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ կաթողիկոս պատրիարքի առաջարկին, կը ստանձնէ պատրիարքարանի «Աւետիք» պաշտօնաթերթի խմբագրապետի պաշտօնը: 1988-ին դարձեալ կը վերադառնայ Զմմաու վանքը իբր Մատենադարանի պատասխանատու, վարչական եւ դասատու դպրեվանքին մէջ: 1990-ին կ’ընտրուի մեծաւոր կարճ ժամանակի համար: 1993-ին դարձեալ կը ստանձնէ «Աւետիք» պաշտօնաթերթի խմբագրութիւնը: 1986-ին ընդառաջելով Լեւոնեան վարժարանի մեծաւոր հայր Գէորգ Զապպարեանի փափաքին, կը մեկնի Հռոմ մէկ ամսուան համար, եկեղեցական պատմութեան, ծիսագիտութեան եւ հին մատենագրութեան դասընթացքներ տալու համար նորընծաներուն: Այս ծառայութիւնը կատարեց 1993-էն 1996 եւ 2000 տարիներուն: 

Հայր Մեսրոպ Ծ.Վրդ. Ճուրեանի Հրատարակուած Գործերը

1. Նմանութիւն Յիսուսի Հոգեւոր գրքին աշխարհաբար թարգմանութիւնը, որ լոյս տեսաւ 1963ին: Յաջորդ երեք տպագրութիւնները՝ 1982-ին, 1992-ին և 1997ին:

2. Երկու աղօթքի գրքոյկներ 1964-ին եւ 1965-ին:

3. Կրօնի ուսուցման երկու դասագիրքեր Մեսրոպեան վարժարանի իր տնօրէնութեան տարիներու ընթացքին:

4. «Մարիամ Սուրբ Աստուածածին» պատկերազարդ գիրքը 1988-ին:

5. Նոր Կտակարանի աշխարհաբար թարգմանութիւնը 1981-ին:
Երկրորդ տպագրութիւնը Հայաստանի հաւատացեալներուն համար լոյս տեսաւ 1994-ին, 10.000  օրինակով:

6. Սաղմոսարանին աշխարհաբար թար•մանութիւնը՝ 1990-ին:
Նոյնը լոյս տեսաւ երկրորդ տպա•րութեամբ, Հայաստանի հաւատացեալներուն համար:

7. Զմմառու վանքին մատենադարանի ՀԱՅ ՀՆԱՏԻՊ ԳԻՐՔԵՐՈՒՆ (1512-1800) մատենա•իտական ցուցակը պատրաստեց 1983-ին:

8. Թար•մանութիւն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականի:

9. Վերջին տասը տարիներու Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ թեմին օրացոյցի պատրաստութիւն:

10. Երկու հան•րուաններով ան ստանձնեց եւ ապահովեց հրատարակութիւնը Պատրիարքական պաշտօնաթերթ՝ «Աւետիք»ին 1983էն-1988 եւ երկրորդ շրջան 1993էն-2001:

 Իր հիւանդութենէն առաջ, ան կը •րէր ըսելով,
«Կը պատրաստեմ Ս. Մարիամին նուիրուած գիրք մը հետեւեալ տիտղոսով. «Մարիամ Ամենասրբուհի Աստուածածին». Լոյս պիտի տեսնէ 2001-ին, Հայաստանի քրիստոնէացումին 1700 ամեակին առիթով:Եթէ բարեխնամն Աստուած երկար կեանք տայ ինծի, պիտի ջանամ վաստակիլ եւ հետեւեալ ծրագիրներս իրականացնել.
1. Աշխարհաբար թարգմանութիւնը ամբողջ Աստուածաշունչին
2. Հայ Եկեղեցւոյ ընդհանուր պատմութիւնը 5րդ - 15րդ դար
3. Պատմութիւնը Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ:
4. Ծիսագիտութիւն
5. Հայ եկեղեցւոյ քրիստոսաբանութիւնը, Մարեմաբանութիւնը եւ եկեղեցաբանութիւնը» 

Հայր Մեսրոպ իր կեանքի վերջին օրերը անցուց Քրիստոս Թագաւոր հանգստարանին մէջ, ուր երկարատեւ հիւնադութենէ տառպաելէ ետք, վախճանեցաւ 16 Նոյեմբեր 2008-ին: 

 

  
 
   


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ