Սիրելի՛ ընթերցող,
Այսօրուան աւետարանը կազմեց երեք հատուածներու ընթերցումը, որ կը ներկայացնէ իմաստութիւններ Յիսուսի սրտէն եւ խօսքեր` Քրիստոսի բերանէն: Ասոնցմէ կը հասկաքաղեմ երեք առաքինութիւններ լոկ, որոնց մեր իմացումով ու գործադրումով` մեր կեանքը կը լուսաւորուի, մեր առօրեան կ՛արդիւնաբերուի, մեր եսը կ՛ազատագրուի, մեր հոգին կը փրկուի:
Բայց նախ կը խնդրեմ քեզմէ, որ սրտաբուխ աղօթքով մը կարդաս երեք հատուածները, քանի աստուածաշնչական ժողովուրդի մը զաւակն ես և պարտաւոր` հմտանալ Ս. Գիրքէն ու Ս. Գիրքով: Այո՛, աստուածաշնչասէր եղած է մեր ազգը, որուն նոյնիսկ աշխարհական զաւակներէն շատեր ոչ միայն կը կարդային Ս. Գիրքը, այլ նաեւ անկէ լման կտորներ գոց կը սորվէին: Տամ երեք օրինակներ:
Ղ. Փարպեցի կը վկայէ Վարդան Մամիկոնեանի (†451) մասին. «Շատ հմուտ ու տեղեակ էր Գիրքերու վարդապետութեան, սորված ու դաստիարակուած էր իր պանէն` Ս. Սահակ հայրապետէն»: Մ. Ուռհայեցիին «Ժամանակագրութիւն»-ին մէջ կը կարդանք Գագիկ Բ. (†1042) արքային ինքնավկայութիւնը. «Ամբողջ Աստուածաշունչին հմուտ եմ»: Հ. Ղ. Ալիշանի «Հայապատում»-էն կ՛առնեմ այս տեղեկութիւնը Հեթում Բ. (†1307) թագաւորին մասին. «Իր մանկութեան օրերէն ի վեր վարժուած էր աստուածային օրէնքի Գիրքերուն ընթերցանութեան»:
Արդ, քաջալերուած դէմքերէն ու վկայութիւններէն, երեք հատուածներէն քաղուած առաքինութիւններուն կ՛անդրադառնանք միշտ այն համոզումով, թէ առաքինութիւնը այն հոգեբարոյական բարեմասնութիւնն է, որով օժտուելով` ոչ միայն աստուածահաճոյ, այլ նաեւ աստուածանման կը դառնանք:
Առաջին դրուագին (Մտթ. 18,1-5) մէջ կը հանդիպինք աշակերտներուն այս հետաքրքրական հարցումին. «Վարդապե՛տ, ո՞վ է ամէնէն մեծը երկինքի արքայութեան մէջ»: Այո՛, հետաքրքրակա՜ն, որովհետեւ ո՞ր մարդը չ՛ուզեր գիտնալ գալիք իրականութիւնը… Ես կ՛ուզէի:
Աստուածային Իմաստունին պատասխանը այնքան յստակ է, որ ո՛չ պայման կ՛ընդունի եւ ո՛չ մեկնութիւն կ՛ուզէ. «Եթէ չփոխուիք ու չըլլաք մանուկներու պէս, պիտի չմտնէք երկինքի արքայութիւնը: Ով որ մանկանայ եւ ըլլայ այս փոքրիկին պէս, ա՛ն է մեծը երկինքի արքայութեան մէջ» (Մտթ. 18,3-4):
Խոնարհութիւնը Աստուծոյ զարդն է, որով կ՛ուզէ մեզ օժտել, որպէսզի կարենանք ըլլալ պալատականները սիրոյ եւ անմահութեան ապարանքին մէջ այն Արքային, որ կը հրահանգէ մարդերուն. «Սորվեցէ՛ք Ինձմէ, որ սրտով հեզ եմ եւ խոնարհ» (Մտթ. 11,29):
«Հետեւաբար,- Ս. Պօղոս կը թելադրէ մեզի,
- Յիսուսի երթալու համար ելլենք մեր ամբարտաւանութեան ու ինքնահաւանութեան քաղաքէն դուրս եւ առնենք մեր վրայ Անոր խոնարհութիւնը» (Եբ. 13,13):
Պատմութիւնն երկրորդ կտորին (Մտթ. 18,10-14), որ կը խորագրուի «Կորսուած ոչխարը», պատկերացումն է մարդասէր Աստուածամարդուն գութին ու խանդաղատանքին մեզի հանդէպ, նոյնիսկ երբ շեղած ենք Տիրոջ երկնատար ուղիէն եւ հեռու ենք Անոր սրբարար ներկայութենէն…
Հոս ալ շատ յստակ է Քրիստոսի տրամաբանութիւնը, որ կը խարանէ աշխարհին կարծեցեալ հզօրներու մտածողութիւնն ու իմաստուններու տրամաբանութիւնը. «Մարդու Որդին` Յիսուս Քրիստոս եկաւ փրկելու կորսուածը: Նախ կը փնտռէ եւ կը գտնէ զայն, ապա կ՛ուրախանայ անով» (Մտթ. 18,11 և 13):
Ստուգիւ, կորուսեալին գտնուիլը, վերադարձը բերկրանքն է մեր երկնաւոր Հօր, որ չ՛ուզեր իր զաւակներէն մէկու մը կորուստը` օրինակ տալով մեր վարուելակերպին ուրիշներու հանդէպ: Այսինքն կորսուածը փնտռելով ու գտնելով` ուրախանա՛նք, եւ ո՛չ հակառակը… Տկարը սիրելով եւ զօրացնելով ցնծա՛նք, եւ ո՛չ հակառակը…
Երրորդ հատուածին (Մտթ. 18,19-22) առաջին մասին ընդհանրապէս բոլոր մարդերուս եւ յատկապէս բոլոր հայերուս ուղղուած դասաւանդումն է այս ազատագրող պայմանը մեր Վարդապետին, որ չի սիրեր դնել պայման, քանի Տէրն է մտածումին ու Խօսքն է տառին. «Եթէ ձեզմէ երկու հոգիներ միաբանին երկրին վրայ, ինչ որ խնդրեն, պիտի ընդունին երկնաւոր Հօրմէս: Որովհետեւ հոն, ուր երկու կամ երեք հոգիներ հաւաքուած են Ի՛մ անունովս, Ես անոնց մէջն եմ» (Մտթ. 18,19-20):
Մեր առօրեային մէջ, ի ժամու եւ ի տարաժամու, դժբախտաբար միշտ պիտի ըլլան անձեր, որոնք կը մեղանչեն մեզի դէմ, եւ որոնց դէմ մենք կը մեղանչենք: Մարդապատկան, կենսապատկան իրողութիւն է. անոր դառն հիւթը համտեսած ըլլալու էր Ս. Պետրոս, որ օր մը անկեղծօրէն ու մտերմօրէն հարցուց Յիսուսին. «Տէ՛ր, եթէ եղբայրս մեղանչէ ինծի դէմ, քանի՞ անգամ պարտիմ ներել, մինչեւ եօ՞թն անգամ…»:
Մեր գործօն յիսուսականութեան փաստանիշն է ներողամտութեան մեծանձնութիւնը, ներումի առաքինութիւնը, առանց որուն` երբեք հետեւորդները չենք ըլլալ յա՜ր ներողամիտ ու մի՛շտ ներող Խաչեալին, որ նաեւ աղօթեց իր դատապարտողներուն եւ խաչահանողներուն համար (Ղկ. 23,34):
Մեր ներումին չափը անչափն է, քանի Պետրոսին Պատասխանողը, որ Անսահմանը եւ Անչափելին է, չեզերեց մեր գործադրումը այս առաքինութեան. «Չեմ ըսեր եօթն անգամ, այլ` մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը» (Մտթ. 18,22):
Այնճար, 14 յուլիս 2013
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ