Ուրբաթ, 23 Մարտ 2012 - Իտալիոյ Ռիէթի քաղաքը կը ճանչնայ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը

 

Հռոմ

Իտալիոյ Ռիէթի քաղաքը կը ճանչնայ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմէն ոչ շատ հեռու Լացիօ նահանգի Ռիէթի քաղաքը մարտ 20ին (2012) կատարած իր լիագումար նիստին քաղաքապետարանի գործադիր խորհուրդի ներկայութեամբը եւ սոյն խորհուրդի վաւերացումովը ընդունած է Հայ Ժողովուրդի ենթարկուած Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը նկատի ունենալով նաեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Մարդկային Իրաւունքներու Ենթայանձախումբի 1985ի Հայ Ժողովուրդի Ցեղասպանութեան ճանչաման որոշումը։

Ռիէթի Քաղաքի Քաղաքապետը ու Գործադիր Խորհուրդը յանձնառու կ'ըլլան այլ յանձնառումներու շարքին հրաւիրել Եւրոմիութեան Խորհրդարանը գործնական քայլեր առնելու որպէսզի Թուրքիան, թեկնածու երկիր մաս կազմելու Եւրոմիութեան պաշտօնապէս ճանչնայ ու դատապարտէ Հայ Ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ նեցուկ կանգնիլ բոլոր նախաձերնութիւններուն, որոնք կրնան օգնել հաշտութեան ընդ մէջ Թուրքիոյ ու Հայաստանին՝ յաղթահարելով պատմութեան վէրքերը։ 

http://www.radiovaticana.org/arm/Articolo.asp?c=573902


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ