Պէյրութ, Լիբանան
Կիրակի՝ 23 Մարտ2008ին, Քրիստոսի յարութեան Տօնին առիթով, Հայ Կաթողիկէ Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաը Ս. Պատարագ: Պատարագը մատուցեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց:
Այսօր տարուան ամենամեծ տօնը կը կատարենք: Յարութեան տօնը մեր հաւատքին եւ յոյսին հիմնական խորհուրդն է: Յիսուս Քրիստոս՝ Խաչեցեալը, մահուան երրորդ օրը յարութիւն առաւ ինչպէս որ ըսաւ: Հրեշտակներու աւետիսը Մարիամ Մաքդաղենացիին եւ միւս բարեպաշտ կիներուն, որոնք gերեզման փութացած էին, այսօր նոյնը կը հնչէ մեր սրտերուն մէջ վերանորոgուած յուզումով, երբ կը վերյիշենք հետեւեալ խօսքը «Ինչո՞ւ մեռելներու մէջ կը փնտռէք ողջը. հոս չէ՛, յարութիւն առաւ» (Ղկ. 24, 5-6):
Կրնանք երեւակայել կիներուն վրդովումը այդ պահուն: Մէկ կողմէ՝ տխրութիւն եւ սարսափ Տիրոջ դատապարտութեան եւ մահուան պատճառով, միւս կողմէ՝ թերահաւատութիւն եւ զարմանք յարութեան շուրջ: Մինչ այդ, գերեզմանը բաց էր եւ դատարկ. Յիսուսի մարմինը հոն չէր: Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները, հազիւ կիներէն լուրը կÿիմանան, գերեզման կը վազեն ստուգելու համար անոնց ըսածները, որ ճիշդ կը գտնեն (տես Յովհ. 20, 3-8): Ոչ միայն, այլ Յիսուս անձամբ «եկաւ կանգնեցաւ անոնց մէջտեղ եւ ըսաւ "Խաղաղութիւն ձեզի" եւ անոնց ցոյց տուաւ իր ձեռքերը եւ կողը» (Յովհ. 20,19): Այս տեսարանին դիմաց, առաքեալներուն հաւատքը, որ պահ մը տկարացած էր, վերաշխուժացաւ եւ լուրը հաղորդեցին Թովմասին, որ բացակայ էր: Բայց Թովմաս չուզեց հաւատալ: Ութ օր վերջ, Յիսուս երկրորդ անգամ երեւցաւ անոնց եւ Թովմասին ըսաւ. «Բե՛ր մատդ հոս, ահա ձեռքերս. մօտեցո՛ւր ձեռքդ եւ մխէ՛ զայն կողիս մէջ եւ մի՛ ըլլար թերահաւատ, այլ՝ հաւատացեալ» (Յովհ. 20,27): Թովմասի բերնէն հաւատքի ցնցիչ ճիչ մը ելաւ. «Տէ՛ր իմ եւ Աստուած իմ» (Յովհ. 20-28):
Մենք ալ, Թովմասի հետ, վերանորոգենք այսօր մեր հաւատքը Յարուցեալ Յիսուսին, մանաւանդ որ այսօրուայ մարդիկը քրիստոնեաներէն կը սպասեն ապրուած վկայութեան մը Քրիստոսի Յարութեան մասին: Մարդիկ կարիք ունին ճանչնալու Յիսուս
որպէս ճշմարիտ Աստուած եւ որպէս ճշմարիտ Մարդ: Մեր ժամանակակիցներէն շատեր ունին Թովմաս առաքեալին տարակոյսները: Անոնց կրնանք մեր ապրելակերպով ցոյց տալ մեր
հաւատքը՝ որ Քրիստոս իրապէս Յարութիւն առած է:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն ի վեր, այս հաւատքը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ, ահա տասնեօթ դար: Հայ Եկեղեցին ժամանակներու ընթացքին նոյն հաւատքը հաստատօրէն պահեց հակառակ բոլոր դժուարութիւններու եւ հալածանքներու: Յարուցեալ Քրիստոսը կը պահպանէ մեր ժողովուրդը եւ զայն կÿառաջնորդէ անսայթաք ուղիէն դէպի երջանկութիւն եւ փրկութիւն:
Մեզմէ ամէն մէկը կրնայ օր մը, Թովմասի նման, փորձուիլ իր հաւատքին մէջ: Պատճառները որոնք մեր հաւատքը կրնան ցնցել շատ են՝ տարածուած ցաւը եւ չարիքը եւ անարդարութիւնը եւ մահը, մանաւանդ երբ անոնց զոհ կÿերթան անմեղներ եւ մանուկներ: Ճիշդ այս պարագաներուն է որ Թովմասի հաւատքը մեզի օգնութեան կը հասնի, որովհետեւ մեզ կը ձերբազատէ սխալ գաղափարներէ Աստուծոյ մասին, վերագտնելու համար Անոր մասին ուղիղ ըմբռնումը: Յիսուսին վէրքերը, որ Թովմասին հաւատքը ատեն մը խախտեցին, որովհետեւ իրեն համար ձախողանքի նշաններ երեւցած էին, այս նոյն վէրքերը դարձան թերահաւատ առաքեալին համար՝ Քրիստոսի հանդիպումին շնորհիւ, Յարութեան անժխտելի փաստը:
Յարուցեալ Քրիստոս կը շարունակէ ցոյց տալ մեզի այդ վէրքերը այսօրուայ մարդոց ցաւերուն եւ տառապանքներուն ընդմէջէն, որոնք մեր հաւատքը չեն
խախտեր որքան ատեն որ Յիսուսի շփման մէջ մնանք, Թովմասի պէս: Այս իմաստով, Սուրբ Պետրոս նորադարձ քրիստոնեաներուն հետեւեալ խօսքը ուղղեց. «Դուք բուժուեցաք անոր վէրքերով» (Ա. Պետր. 2,24): Այն վէրքերը, որ Քրիստոս կրեց մեզ սիրելուն պատճառաւ, այսօր մեզի կÿօգնեն համոզուելու թէ Աստուած անհունօրէն եւ առանց պայմանի մեզ կը սիրէ: Մեր ցաւերուն եւ նեղութիւններուն մէջ, Յիսուսին վէրքերը մեզի ոյժ կու տան աղաղակելու «Տէ՛ր իմ եւ Աստուած իմ»: Յիրաւի, միմիայն այսպիսի Աստուած մը, որ մեզ այսչափ կը սիրէ եւ մեր վէրքերը մեր տեղ կը կրէ, արժանի է մեր հաւատքին եւ մեր սիրոյն:
Աշխարհի վրայ որքա՜ն անարդարութիւններ եւ ցաւեր կան: Անպակաս են նաեւ բնական աղէտները եւ մարդկային ողբեր•ութիւնները, որոնք անհամար զոհեր կը խլեն եւ մեծ վնասներ կը հասցնեն: Յիշե՛նք մանաւանդ Միջին Արեւելքի ամենօրեայ արիւնալի դէպքերը, յատուկէն յիշենք Մոսուլի քաղթէացի Առաջնորդը՝ հան•ուցեալ Գերապայծառ Բաուլոս Ռահհօ, առանց մոռնալու Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ափսոսալի ընդհարումները: Այս ցաւալի վիճակէն դուրս •ալու միակ ելքն է՝ մեր հաւատքը, աղօթքը եւ պատասխանատու աշխատանքը ի նպաստ ընդհանուր բարիքին: Ամէն տեղ կարիք կայ փոխադարձ հաշտութեան: Ամէն տեղ կարիք կայ խաղաղութեան վերահաստատումին: Մենք՝ Յարուցեալ Քրիստոսի այսօրուայ աշակերտները կրնանք անոնց նպաստել եւ զանոնք յաջողցնել:
Սիրելիներ, Քրիստոսի վէրքերու միջոցաւ կրնանք դիտել հաւատքի աչքով՝ առանց գայթակղելու կամ սայթաքելու, այն բոլոր չարիքները որ այսօր մարդկութիւնը կը տառապեցնեն՝ անօթի մանուկներ եւ ծերեր, պատերազմներու վիրաւորեալներ, տեսակ տեսակ անարդարութիւններ, ամէն տեսակի ճնշումներ: Յիսուս, Յարութիւն առնելով, աշխարհէն ցաւը եւ չարիքը չվերցուց, ինչպէս որ ոմանք կը սպասէին, այլ անոնց յաղթեց իր Յարութեամբ եւ Սիրով:
Բռնութեան դէմ Յիսուս չհակադարձեց բռնութեամբ, այլ՝ իր անսահման սիրով, եւ մեզի պատուիրեց սիրել նոյնիսկ մեր թշնամիները, անկեղծ սիրով: Այս
է ապահով ուղին դէպի խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն: Չմատնուած, Յիսուս առաքեալներուն յանձնարարեց, ըսելով. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի. զիրար սիրեցէ՛ք: Ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, այնպէս ալ դուք զիրար սիրեցէ՛ք» (Յովհ. 13,34): Արդ, Յիսուս, մեզ յաւիտենական կորուստէն փրկելու համար, մեզ սիրեց իր կեանքը տալով : Նոյն ձեւով, պարտինք մենք ալ իրար զիրար սիրել:
Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Յարուցեալ Քրիստոս կենդանի է, մեր մէջն է: Այս հաւատքի խօսքը կը կրկնենք սուրբ Պատարագի ընթացքին, երբ կÿերգենք. «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ»: Ինքն է մեր միակ յոյսը՝ աւելի խաղաղ ապագայի մը հասնելու համար, ուրիշ տեղ պէտք չէ փնտռել: Մինչ Թովմաս առաքեալին հետ կը գոչենք «Տէր իմ եւ Աստուած իմ», կը հնչէ մեր սրտին մէջ Յիսուսին սա միւս խօսքը. «Եթէ մէկը ուզէ ինծի ծառայել՝ իմ ետեւէս թող գայ, եւ ուր որ ես եմ՝ իմ ծառաս ալ հոն պիտի ըլլայ: Եթէ մէկը ինծի ծառայէ՝ Հայրս պիտի պատուէ զայն» (Յովհ. 12,26): Պատրաստ ըլլա՛նք ուրեմն, սիրելիներ, Յիսուսին հետեւելու եւ մեր ուժերը ծառայութեան մէջ դնելու մեր եղբայրներուն համար (տես Ա. Յովհ. 3,16), որպէսզի դառնանք առաքեալներ խաղաղութեան, բանբերներ ուրախութեան, որոնք ցաւերուն դիմաց չեն գայթակղիր, եւ դառնանք պատգամաբերներ յոյսի, որուն այնքան պէտք ունին այսօրուայ մարդիկ, յոյս մը որ հիմնուած է Քրիստոսի Յարութեան ստոյ• յաղթանակին վրայ:
Թո՛ղ Սուրբ Կոյս Մարիամ, Յարուցեալ Քրիստոսին Մայրը եւ մեր երկնաւոր մայրը, մեզի պարգեւէ յոյսի պատգամաւոր ըլլալու վսեմ շնորհքը, եւ թո՛ղ խաղաղութիւն շնորհէ տառապեալ բոլոր մարդոց, յատկապէս Հայաստանի, Լիբանանի, Իրաքի եւ Սուրբ Երկրի ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ մեր ընտանիքներուն, ծերերուն, հիւանդներուն, երիտասարդներուն եւ ամէն բանէ առաջ՝ մեր սրտերուն. Ամէն:
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց - Օրհնեալ է յարութիւն Քրիստոսի