Երկուշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2008 - Քեսապ- Հոգեհանգստեան Պաշտօն Հայր.Մեսրոպ Ծ.Վ. Ճուրեանի Մահուան Քառասունքի Առթիւ

Քեսապ, Սուրիա

Կիրակի 21 Դեկտեմբեր 2008-ին, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հ. Գարեգին վրդ. Քէօշքերեան, Ս. Պատարագ մատուցեց եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց հոգելոյս Գերյ. Հ. Մեսրոպ Ծ.Վ. Ճուրեանի մահուան քառասունքին առիթով: Ներկայ էին հանգուցեալին եղբօրորդին, հարազատները եւ հաւատացեալ հոծ բազմութիւն մը: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, մասնակցութեամբ Հ.Կ.Մ.-ի պատանիներուն: Հայր Գարեգին իր քարոզին մէջ ներկայացուց Փարիսեցիին եւ Մաքսաւորին առակը, բացատրելով թէ ինչպէս «Փարիսեցին ինքզինք կը գովէր եւ կը դատէր ուրիշները, իսկ Մաքսաւորը կուրծքը կը բախէր մեղայ կոչելով»: Այս վերջինը Աստուծոյ քով արդարացած էր, որովհետեւ արժանացաւ Յիսուսի խօսքին որ կ’ըսէ, «Ով որ ինքզինք խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»: Հայր Գարեգին շարունակելով ըսաւ, «մենք այսօր կ’աղօթենք, Քեսապի արժանաւոր զաւակներէն՝ գերյ. Հայր Մեսրոպ Ծ.Վ. Ճուրեանի հոգիին հանգստեան համար: Ան Աստուծոյ խոնարհ ծառան էր, ան խոնարհ հոգեւորականն էր եւ խոնարհ մտաւորականը: Ան ամբողջ կեանքը զոհեց Աստուծոյ եւ ժողովուրդին ծառայելով եւ ամբողջ ժամանակը տրամադրեց Ս. Գիրքին եւ Հայերէն գիրքին: Արդարեւ, Ս. Գիրքը եւ Հայերէնի գիրքը դարձան անոր մշտական ընկերները եւ հաւատարիմ բարեկամները: Հայր Մեսրոպ թէեւ վերջին տարիներուն դժբախտութիւն մը ունեցաւ ամբողջովին կորսնցնելով իր լսողութիւնը, բայց ան հաւատարիմ մնաց իր Տիրոջ եւ խոնարհութեամբ եւ հաւատքով տարաւ այդ մեծ ցաւը: Այսօր մենք կը հաւատանք թէ Հայր Մեսրոպ Աստուծոյ առջեւ կը բարձրանայ, որովհետեւ ինքզինք խոնարհեցուց եւ Աստուած զինք արժանի պիտի դարձնէ յաւիտենական փառքին»:
Հայր Գաերգին իր խորհրդածութեան աւարտին կոչ ուղղեց բոլորին աղօթելու որ Աստուած իւրաքանչիւրին շնորհէ խոնարհ ապրելու շնորհքը, որպէսզի արժանանան Աստուծոյ փառքին:
Ս. Պատարագէն ետք, հոգելոյս վարդապետի եղբօրորդին կազմակերպած էր հոգեճաշ վանքէն ներս:
Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ յիշատակը անթառամ պահէ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ