Ուրբաթ, 3 Փետրուար 2012 - «Հոգեւոր եւ հոգեկան խաղաղութիւն» նիւթով դասախօսութիւն Լ. Օ. Խ.-ի մէջ


Պէյրութ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 1 փետրուար 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Հոգեւոր եւ հոգեկան խաղաղութիւն» նիւթով, զոր ներկայացուց հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան:

Բացման խօսքին մէջ Յասմիկ Մկրեան ողջունեց ներկաները 2012- տարուան դասախօսական շարքին առաջին դասախօսութեան, ներկայացնելով օրուան բասախօսը՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ դասախօսութեան շարքի տարբեր նիւթերը:

Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան իր խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կազմակերպողներուն եւ սկսաւ սահմանելով երկու խաղաղութիւնները` հոգեկան եւ հոգեւոր խաղաղութիւնը: Խաղաղութիւնը կռիւի, պատերազմի կամ վէճի, հակասութեան կամ հակառակորդ երկու կողմերու միջեւ տագնապի բացակայութիւնն է: Ան բացատրեց, որ խաղաղութիւնը վիճակ մըն է, որուն մէջ մարդը կ՛ապրի թէ՛ իբրեւ անհատ, թէ՛ իբրեւ հասարակութիւն:

Հայր Վարդան շեշտեց, որ հոգեկանով խաղաղ եւ հոգեւորով խաղաղ անհատներն են, որոնք պիտի կազմեն խաղաղ հասարակութիւններ, խաղաղ ընկերութիւն եւ խաղաղ եկեղեցի: Բացատրելով հոգեկան խաղաղութիւնը` ան ըսաւ, թէ անիկա մարդու հոգեկանին մէջ հակասութիւններու բացակայութիւնն է, բաժանումներու չգոյութիւնն է: Իսկ հոգեւոր խաղաղութիւնը աւելի բարդ կը թուի ըլլալ, որովհետեւ հոգեւոր մարդը, բարիին եւ չարին միջեւ պայքարող մարդն ըլլալով հանդերձ, կանչուած է խաղաղ ըլլալու, եւ այս խաղաղութիւնը ձեռք կը ձգէ միայն Աստուծոյ մօտ ըլլալով: Հոգեւոր ըսելով կը հասկնանք այն քրիստոնեան, որ մկրտուած է, որուն մէջ Աստուծոյ հոգին կը բնակի:

Յաջորդ բաժինով հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան մանրամասնօրէն ներկայացուց հոգեւոր խաղաղութիւն հասկացողութիւնը: Ան հաստատեց, որ հոգեւոր խաղաղութիւնը կու գայ հաւատքի հասունութենէն եւ այդ հաւատքը կեանքի վերածելու կարողութենէն: Հոգեւոր խաղաղութիւնը ապրողը երանելի է, լուսաւորուած է աստուածային լոյսով: Ուստի հոգիի խաղաղութիւնը վիճակ մըն է, զոր ձեռք կը ձգենք հանգրուանային կերպով:

Խաղաղութիւնը միջինարեւելեան մշակոյթներուն մօտ բարեւելու լաւագոյն ձեւն է: Հայր Վարդան խաղաղութիւն հասկացողութիւնը բացատրեց ներկայացնելով տարբեր մէջբերումներ` Հին ու Նոր կտակարաններէն:

Հայր Վարդան խօսեցաւ նաեւ հոգեկան խաղաղութեան մասին: Հոգեկան խաղաղութիւնը նախ եւ առաջ մտքին մէջ է, եւ մարդուն միտքն է, որ հոգեկան խաղաղութեան եւ երջանկութեան աղբիւրն է: Առողջ եւ խաղաղ միտքն է, որ մարդը կ՛առաջնորդէ կեանքի: Մինչ հոգեւոր խաղաղութիւնը մարդը կը դարձնէ երանելի, հոգեկան խաղաղութիւնը մարդը կ՛ընէ երջանիկ: Մարմինն ու հոգեկանը որքան մտքին հետ ներդաշնակ են, այնքան աւելի մարդը խաղաղ ու երջանիկ կ՛ըլլայ նոյնիսկ դժուարութիւններու մէջ:

Այն անձը, որ հոգեկան խաղաղութեան կ՛ուզէ հասնիլ, պէտք է մեկնի ու իր ետին ձգէ ամէն տեսակի կախուածութիւն (հոգեկան ըլլայ ան թէ նիւթական): Երբ մարդը կ՛անջատուի իր ունեցածէն եւ իր «ես»-էն, խաղաղ կ՛ապրի: Հոս է երջանկութիւնը: Երանութեան վիճակին սկիզբը: Երանելի է այն մարդը, որ կապուած չէ իր ունեցածին: Երանելի է այն մարդը, որ իր ունեցածը լքել գիտէ: Ու անցնիլ աւելի էականին, աւելի վսեմին, աւելի բարձրին:

Դասախօսութեան աւարտին հայր Վարդան ներկաներուն հարցումներուն պատասխանեց տալով բացատրութիւններ եւ զանազան օրինակներ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ