Շաբաթ, 11 Հոկտեմբեր 2008 - Զմմառեան Միաբանութեան Ժառանգաւորները Նշեցին Թարգմանչաց Յիշատակը

Զմմառ, Լիբանան

 
Ուրբաթ 3 Հոկտեմբեր 2008ին, երեկոյեան ժամը 7:00ին, Զմմառեան միաբանութեան ժառանգաւորներն ու նորընծաները, նախաձեռնութեամբ Զմմառեան միաբանութեան մեծաւոր եւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Միքայէլ Թ. Ծ. Վ. Մուրատեանի,  դպրեվանքի դահլիճին մէջ տօնեցին թարգմանչաց հայրերու յիշատակը:

Օրուան բանախօս եղբայր Րաֆֆի Պէրպէրեան 5-րդ դարու պատմական անցուդարձին հակիրճ ձեւով անդրադառնալէ ետք, զրոյցի ձեւով շարունակեց ելոյթը առաջին հերթին շեշտը դրաւ այն գաղափարին վրայ, թէ՝ «Ազգի մը գոյատեւման գրաւականը ոգիին թէ լեզուի գործածութեան մէջ կը կայանայ», թեր ու դէմ կարծիքներով նորընծաներն ու ժառանգաւորները իրենց աշխուժ մասնակցութիւնը բերին, որմէ ետք բանախօսը օրուան խորհուրդին իր գնահատականը տալով՝ եզրափակեց իր խօսքը՝ ըսելով. «Դարաշրջանի գլխաւոր մտահոգութիւնը դարձած՝ հայոց լեզուի նահանջը կրնանք յաղթահարել միայն այն ատեն, երբ երեխային մէջ գիտնանք արմատաւորել հայրենասիրութեան գաղափարը, ազգային արժէքներու հանդէպ սէրն ու գուրգուրանքը եւ այս ամէնը պարտաւոր ենք անյապաղ կատարելու»:

Նորընծաներուն «Ով մեծասքանչ դու լեզու» երգի կատարողութենէն ետք խօսք առաւ միաբանութեան մեծաւոր Միքայէլ Թ Ծ.Վ. Մուրատեան, ան մեկնեց հայերէնի թարգմանուած առաջին նախադասութիւնը՝ ըսելով. «Ամենամեծ գիտութիւնը եւ իմաստութիւնը Աստուածաշունչին մէջն է, եւ պատահական չէ, որ Մ. Մաշտոց մտածեց առաջինը թարգմանել այս նախադասութիւնը՝ «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»:

Ապա, անդրադառնալով ոգիի եւ լեզուի գոյակցութեամբ, ըսաւ. «Հայու բնազդային աշխարհին, անոր զգայարանքներուն ու արեան ամէնէն հարազատ կանչը կը բխի հայերէն, վասնզի լեզուի միջոցով է, որ պիտի արտայայտես էութիւնդ՝ ոգիդ, միտքդ, մտածումդ, յիշողութիւնդ, յոյզերդ: Երկուքը՝ իրարու մէջ բնակող եւ զիրար ամբողջացնող»:

Այնուհետեւ Մեծաւոր Հայրը դիմելով դպրեվանքի սաներուն՝ ըսաւ. «Դուք, որպէս Զմմառեան միաբանութեան ժառանգաւորներ, պարտաւոր է՛ք ձեր կոչումը ամրապնդելու համար ունենալ բազմակողմանի զարգացում՝ ազգային, համազգային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ. ասոր համար անհրաժեշտ է, որ բարձրագոյն կրթութիւն ստանաք, ու լեզուներ սորվիք, բայց հայերէնը միշտ ամէնէն գերագոյնը դասէք. եւ, վերջապէս, գիտութեան եւ գրականութեան նուաճումները իւրացնէ՛ք, այն ատեն միայն կրնաք Ս. Մ. Մաշտոցի արժանաւոր շառաւիղներն ու աւանդապահները դառնալ»:

Մեծաւոր Հայրը  «Պահպանիչ»ով փակեց ձեռնարկը:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ