Sermons Sermons
Շաբաթ, 6 Յունուար 2007 - Տօն Աստուածայայտնութեան
«Ու՞ր է Հրեաներու թագաւորը որ ծնաւ. մենք անոր աստղը տեսանք արեւելք եւ եկած ենք իրեն երկրպագութիւն ընելու» (Մտթ. 2,2):



Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,


Աստղը՝ որ երեւցաւ Բեթղեհէմի քարայրին վրայ, ուր երկիւղածութեամբ Մարիամ, Յովսէփ եւ հովիւները կ’երկրպագէին նորածին Յիսուսին, այսօր այս նոյն աստղը կը յայտնուի բոլոր ժողովուրդներուն ներկայացուած Մոգերով: Արդարեւ, Աստուածայայտնութիւնը լոյսի խորհուրդ աստղի կերպարանքով, որ առաջնորդեց մոգերը իրենց հեռաւոր երկիրներէն դէպի Մանուկ Յիսուս: Սակայն, իսկական լոյսը՝ այն «ծագող Արեգակը որ ի վերուստ մեզի պիտի այցելէ», (Ղկ. 1,78) նոյն Ինքն Քրիստոսն է, որ կը լուսաւորէ ամէն մարդ, որ Անոր կը բանայ իր սիրտը եւ Անոր կը տրամադրէ իր կեանքը, ինչպէս կ’ընեն համոզուած քրիստոնեաները:

Յիսուսին Ծննդեամբ, երկնային լոյսը լուսաւորեց նախ սուրբ ընտանիքը՝ Մարիամ եւ Յովսէփ: Անկէ ետք յայտնուեցաւ Բեթղեհէմի հովիւներուն, որոնք հրեշտակներու աւետիսի ձայնին հետեւելով փութացին քարայր եւ գտան իրենց իմացած «նշանը», որ է «մանուկ մը փաթթուած խանձարուրներով եւ դրուած մսուրին մէջ» (Ղկ. 2,12): Սուրբ ընտանիքը եւ հովիւները կը ներկայացնեն հոս հրեայ ժողովուրդը, որուն Փրկիչը նախ իրենց խոստացուած էր դարերէ ի վեր մարգարէներու բերնով: Բայց Փրկիչը եկած է աշխարհ ոչ միայն մէկ ժողովուրդին համար, այլ բոլոր մարդոց համար, որոնց պատկերն են Մոգերը:

Իսկ Հերովդէս թագաւորը եւ իր պալատականները ու իշխանատէրերը թշնամական կեցուածք ունեցան Մեսիային ծննդեան լուրը առնելով: Անոնց եւ իրենց նմաններուն մասին, Ս. Յովհաննէս աւետարանիչը կ’ըսէ. «լոյսը աշխարհ եկաւ, իսկ մարդիկ աւելի սիրեցին խաւարը քան լոյսը, որովհետեւ իրենց գործերը չար էին» (Յովհ. 3,19): Ուստի, սիրելիներ, չի բաւեր պաշտօնապէս քրիստոնեայ ըլլալ, այլ պէտք է բարի գործեր կատարենք, պէտք է ընդունինք Քրիստոս մեր կեանքին մէջ, ինչպէս կը հաստատէ Ս. Աւետարանը. «Անոնք որ ընդունեցան զինք (այսինքն Յիսուսը), իշխանութիւն տուաւ անոնց՝ (անոնց միայն) Աստուծոյ որդիներ ըլլալու» (Յովհ. 1,12):

Բայց ի՞նչ է այս լոյսը որուն մասին կը խօսինք : Մի՞թէ լոկ տպաւորիչ պատկեր մըն է, կամ ալ պատկերին կը համապատասխանէ կարեւոր իրականութիւն մը: Յովհաննէս առաքեալը իր առաջին թուղթին մէջ կը պատասխանէ այս հարցումին, երբ կը գրէ. «Աստու՛ած լոյս է, անոր մէջ խաւար չկայ» (Յով. Ա. 1,5): Կ’ըսէ նաեւ. «Աստու՛ած սէր է»: Այս երկու ճշմարտութիւնները՝ լոյս եւ սէր, իրարու միացած, մեզի կ’օգնեն աւելի լաւ հասկնալու ծննդեան պատգամը, որ յայտնուեցաւ մեզի: Ան ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Աստուծոյ անհուն սէրը մարդոց հանդէպ, մեզի հանդէպ արտայայտուած Յիսուս Քրիստոսով: Աստղի լոյսին հրապուրիչ ուժով Մոգերը իրենց ընտանիքը, գործը ու երկիրը ձգեցին եւ անոր հետեւեցան, ու ան զիրենք հասցուց իրենց նպատակին, իրենց փնտռածին՝ Յիսուսին: Մոգերը կենդանի օրինակներն են բոլոր այն անկեղծ եւ լուրջ մարդոց համար, որոնք յամառութեամբ ու տոկունութեամբ կը փնտռեն ճշմարտութիւնը, երջանկութիւնը եւ իսկական սէրը: Սիրելիներ, անոնց օրինակին հետեւի՛նք, յաղթահարելով մեր ճամբուն վրայ գտնուող բոլոր խոչընդոտներն ու դժուարութիւնները:

Բեթղեհէմի մսուրին մէջ, Աստուած մարդկային խոնարհ կերպարանքով Ինքզինք յայտնեց, ծառայի կերպարանքով կ’ըսէ Սուրբ Պօղոս. «Յիսուս Քրիստոսը Ինքզինք ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով եւ դառնալով նման մարդոց» (Փիլ. 2,7): Հոս է աստուածային հակասութիւնը, որ միայն հաւատացեալները կրնան հասկնալ՝ ամենակարող Աստուածը ներկայ անկար մանուկի մը անձին մէջ: Ճիշդ այս աստուածութեան քօղարկումն է որ պերճախօս կերպով կը պարզէ Քրիստոսին խոնարհութիւնը, աղքատութիւնը եւ չարչարանքներուն անարգանքները, ու մեզի կը ծանօթացնէ Աստուած ինչպէս որ է, քանի Յիսուսին դէմքը կը յայտնէ հաւատարիմ կերպով Աստուծոյ Հօր դէմքը: Ասոր համար, կարելի է ըսել թէ՝ Ծննդեան տօնին խորհուրդը Աստուծոյ լրիւ յայտնութիւնն է մարդոց, Աստուծոյ յայտնութիւնն է ամէն մէկուս համար:

Հայերը, Մոգերու ետեւէն եւ անոնց նման, 1706 տարի առաջ, տեսան աստուածային աստղը Սուրբ Գրիգորի լուսապայծառ պատգամին մէջ եւ հաւատացին անոր ու հետեւեցան Լուսաւորիչին գծած անսխալ եւ փրկութեան ուղիին, եւ Յիսուս Քրիստոսին նուիրեցին իրենց ամէնէն թանկարժէք բանը՝ իրենց կեանքին հաւատարմութիւնը, երբեմն իրենց կեանքի գինով:

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Աստուածայայտնութեան տօնին խորհուրդը կը պարունակէ նաեւ Եկեղեցւոյ միսիոնարական իմաստը: Եկեղեցին կոչուած է փոխանցելու աշխարհին Աւետարանին լոյսը, ճիշդ ինչպէս լուսինը կը փոխանցէ երկրին արեւին լոյսը: Այս փոխանցումին պարտականութիւնը կ’իյնայ Քրիստոսի բոլոր աշակերտներուն վրայ: Աւետարանը կ’ըսէ. «Ձեր լոյսն այնպէս թող փայլի մարդոց առջեւ, որպէսզի տեսնելով ձեր բարի գործերը, փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է» (Մտթ. 5,16): Յիսուսի այս խօսքերը լսելով, մենք՝ Եկեղեցւոյ հարազատ զաւակներն ու անդամները, չենք կրնար անտարբեր մնալ: Սիրելիներս, մենք կոչուած ենք մասնակցելու Եկեղեցւոյ առաքելութեան մեր հաւատքի վկայութեամբ եւ մեր բարի գործերով:

Սակայն՝ մենք գիտակից ենք մեր տկարութեան եւ մեր մեղանչական բնութեան մասին: Բայց չմոռնանք որ Եկեղեցին սուրբ է, նոյնիսկ եթէ կազմուած է այր եւ կին մարդոցմով, որոնք չափաւոր կարողութիւններ ունին ու սխալելու ենթարկուած են: Առաքելութեան պաշտօնը լաւ կատարելու համար, Քրիստոս մեզի կը շնորհէ Սուրբ Հոգին, որ ստացած ենք մկրտութեան եւ դրոշմի պահուն, եւ որ կարող է փոխակերպել մեր մարդկային խեղճութիւնն ու տկարութիւնը, մեզ տեւականօրէն վերանորոգել՝ կարող ու արդիւնաշատ առաքեալներ դարձնելով: Արդարեւ, Քրիստոս՝ որ աշխարհին լոյսն է, հիմնեց Ս. Եկեղեցին, անով աշխարհը լուսաւորելու համար իր բազմաթիւ եւ հարազատ զաւակներուն միջոցաւ:

Եթէ մէկը հարցնէ «Ինչ՞պէս կրնայ ըլլալ ասիկա» գործածելով Աստուածամօր խօսքերը ուղղուած Գաբրիէլ հրեշտակապետին, լաւագոյն պատասխանը պիտի ստանայ նոյն ինքն Սուրբ Կոյսէն անոր կեանքի բացարձակ պատրաստակամութեան օրինակէն՝ կատարելով Աստուծոյ կամքը, երբ ըսաւ. «Ահաւասիկ, Տիրոջ աղախինն եմ ես, ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի» (Ղկ. 1,38):

Յոյժ սիրելիներս, մեր երկնային Մայրը թ՛ող մեզի սորվեցնէ ըլլալու աշխարհին մէջ Քրիստոսին լոյսն ու Անոր անկեղծ արտայայտութիւնը, բանալով ամէն օր մեր սիրտը աստուածային շնորհքին եւ յարելով հաւատարմաբար Յիսուսի պատգամին:


Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ
Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ