Պէյրութ, 11 Հոկտեմբեր 2007
Դիւ. թիւ 287/07
Արժանապատիւ Տէր Կարապետ Քհնյ. Թադէոսեան
Նկատի առած ընտանիքներու առաքելական յոյժ կարեւոր դերը Եկեղեցւոյ մէջ եւ մեր համայնքին համար, որոշեցինք այս գիրով քեզ անուանել Հոգեւոր Վարիչ Ընտանիքի Թեմական Յանձնախումբին, յաջորդելու համար Հ. Գէորգ Վրդ. Ասատուրեանի:
Մաղթելով արդիւնաւոր աշխատանք եւ հովուական վաստակ ընտանիքներու այս կենսական մարզին մէջ, կրնաս վստահ ըլլալ, սիրելի Տէր Կարապետ, թէ Ընտանիքի Յանձնախումբը պիտի վայելէ մեր ամբողջական հոգածութիւնս:
Հայրական Օրհնութեամբ՝
Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց